ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 28-րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 14ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 15-ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին` տիկին Հուրի Պոյամեանը ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն վրայ, ի մասնաւորի Դպրոցի Ընդարձակման Ծրագրին վրայ:
Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչական Կազմին, Գրասենեակի Անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին:
Յունիս 14ին, Տիկին Պոյամեանը դպրոցի արծաթեայ մետալով պատուեց Տիկին Սվետլանա Վեհապետեանը, որը մեծ նուիրումով տաս տարի ծառայած է իբրեւ Մանկամսուրի ուսուցչուհի:
Յունիս 14ին Մանկամսուրի տնօրէնը, Տիկին Մարալ Օրջանեան ներկայացուց Փոքրերու Հանդէսի նիւթը, որն էր Հայկական Գիւղը: Մանկամսուրի եւ Մանկապարտէզի աշակերտները երգերով, արտասանութեամբ եւ պարերով ներկայացուցին գիւղի մէջ կատարուած աշխատանքները:
Յունիս 15ի յայտագիրը նուիրուած էր Հայ Գրքին, Նորին Սբ. Օծութիւն Վեհափառ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2012 տարին հռչակած ըլլալով Հայ Գրքի Տարի: Նախակրթարանի աշակերտները ներկայացուցին հանդէսի թեման, թատերգութեամբ, արտասանութեամբ, պարով եւ երգով, որոնք համադրուած էին հմուտօրէն հայերէնի դասատու` տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի կողմէ:
Երկու հանդէսներուն իր փակման խօսքին մէջ, Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը իր գնահատանքի խօսքը ըսաւ Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական Կազմին իրենց տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար:
Իսկ Յունիս 15-ին Տիկ. Պոյամեան պատուեց դպրոցի արծաթեայ մետալով Նորա Հաքէթը, որը տաս տարիէն աւելի հմուտօրէն ծառայած է իբրեւ դպրոցի գանձապահը:
Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան.- Մարալ Աբրահմեան, Յովհաննէս Արոյեան, Պէաթրիս Պիլէզիքեան, Վրէժ Կիւլաքեան, Գրիգոր Հաչիկեան, Միշէլ Ճուպանեան, Անթրիաս Գահվէճեան, Նայիրա Մարճիոս, Զեփիւռ Մէրտինօղլու, Արէն Բանեան, Սիէնա Սողոմոնեան, Նորա Վարդանեան, Սերինա Անթուան, Ալինա Չափարեան, Ճորճ Չափեան, Գրիգոր Իսկէնտէրեան, Սարա Ճուպանեան,Դալար Մարգարեան, Պրայըն ՄըքԳարթի, Սեպուհ Նաճարեան, Անի Օհաննէսեան, Պիանքա Թամպուրինի, Կրէկըրի Թինքճեան:
Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան.- Յովհաննէս Արոյեան, Գարիլ Աշճեան, Մէրի Պոյաճեան, Նաթալի Կէպէյեան, Մելան Ղահրաման, Անելկա Հաճար, Մարք Յարութիւնեան, Սանան Մարուխեան, Արմէն Միքայէլեան, Մուշեղ Մոնթէրօ, Արման Մովսէսեան, Ճուլիանա Ռիզա, Սամուէլ Սաղըրեան, Նարեկ Սահակեան, Նարեկ Ստեփանեան:
Վկայականներու բաշխումէն յետոյ տնօրէնը բաժնեց 2011-2012 Տարեշրջանի Մրցանակները.-
1.- Հայերէն Դասընթացքներու Մրցանակներ
– Ազգային Առաջնորդարանի Մրցանակը ստացան` Անելկա Հաճար, Գարիլ Աշճեան, Սանան Մարուխեան եւ Մէրի Պոյաճեան
– Սբ. Ստեփանոս Վարժարանի Մրցանակը ստացան` Մարք Յարութիւնեան, Մելան Ղահրաման, Սամուէլ Սաղըրեան եւ Նարեկ Սահակեան
– Հայ Օգնութեան Միութեան Մրցանակը ստացաւ` Արմէն Միքայէլեան
– Կրթական Յանձնախումբի Մրցանակը ստացան` Արման Մովսէսեան, Նարեկ Ստեփանեան եւ Ճուլիանա Ռիզա
– Հայերէնի հանդէպ իրենց ունեցած հետաքրքրութեան համար յիշուեցան Յովաննէս Արոյեան, Նաթալի Կէպէյեան եւ Մուշեղ Մոնթէրօ
2.- Նախագահական Մրցանակները ստացան
– Ուսման մէջ Գերազանցութեան` Անելկա Հաճար, Արմէն Միքայէլեան, Մարք Յարութիւնեան եւ Սանան Մարուխեան
– Ուսման մէջ Յառաջդիմութեան` Նարեկ Սահակեան, Գարիլ Աշճեան, Մէրի Պոյաճեան, Սամուէլ Սաղըրեան եւ Արման Մովսէսեան
3.- Վարքի Մրցանակ
– Արմէն Միքայէլեան եւ Սանան Մարուխեան
4.- Անահիտ Գազազեան Կրթաթոշակ` Հայերէնի մէջ փայլուն աշակերտներ
– Թալին Չափրազեան եւ Անի Կանճեան
(իւրաքանչիւրը ստացաւ 100 տոլարի կրթաթոշակ)
5.- Անթերի Ներկայութեան Մրցանակ
– Մանկապարտէզ` Սարա եւ Միշէլ Ճուպանեան
– Ա. դասարան` Քրիս Աշճեան
– Բ. դասարան` Նարեկ Մինասեան
– Գ. դասարան` Պերճ Չէքիճեան
– Ե. դասարան` Գարիլ Աշճեան