ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԻ ՕՐԱԳՐԷՆ
Ա.Մ.Ն. Արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Կովկասեան Բարձրաւանդակ այցելութիւնը եւ ասոր հետ զուգընթաց, ազերի կողմին հետեւողական ձեւով կազմակերպուած նախայարձակումները, ապա Փարիզի մէջ կատարուած վեհաժողովը` որոշ հեւք մը, ժամացոյցի դէմ մրցում մը ստեղծեցին, որոնց եզրակացութիւնը կարելի է դիւրութեամբ գտնել, հազիւ շաբաթ մը առաջ, Ուաշինկթընի հանրահռչակ “Ճոն Հոփքինս“ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած մէկ գիտաժողովին:
Արդարեւ, ակադեմական բարձր մակարդակի այս գիտաժողովին նիւթը հետեւեալն էր.- “Կովկասեան հակամարտութիւններու կանխումը. արդեօ՞ք ի նպաստ Ռուսաստանի է թէ ոչ“: Մասնակցողներու շարքին էր նաեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ, Ա.Մ.Ն.-ի նախկին դեսպան Ճոն Էվընս:
Այս գեր-հետաքրքրական եւ Արցախեան հիմնահարցը մօտէն քննող գիտաժողովը եզրակացուց թէ Ա.Մ.Ն.-ը, Կովկասեան հարցին մէջ պէտք է անպայման նկատի ունենայ Ռուսաստանեան գործօնը, եւ այդ իսկ պատճառով, ոչ մէկ քայլ ու որոշում առնել, որ կրնայ զայրացնել եւ ջղագրգռել Քրեմլը:
Այսպէս խաղաղապահ կամ զսպիչ ուժերու տեղադրում Արցախի սահմաններուն շուրջ, բնականաբար “երազային“ կարելի է նկատել, յատկապէս երբ այդ խաղաղապահներուն կարգին նկատի առնուի Արեւմուտքը, որուն զինուորներուն հեռադիտակներուն ուղղութիւնն ու կիզակէտը, Արցախէն աւելի…հարաւային Իրանեան սահմաններ պիտի ընդգրկեն:
Բազմիցս, ամերիկացի քաղաքագէտներ եւ դեսպանութեանց մէջ գործող մասնագէտներ, կատարած են իրենց թելադրանքը թէ երբեք տեղին չէ, այդ տարածաշրջանէն ներս – որուն մաս կը կազմէ բնականաբար Արցախը – հակադրութիւն ստեղծել եւ ճնշում բանեցնել Փութինի ղեկավարութեան վրայ:
Հետեւաբար, ապահովական կացութեան որեւէ վատթարացում կամ պատերազմի հաւանականութիւն, կրնայ մտահոգել Ռուսաստանը, որ արդէն իսկ աշխարհագրականօրէն իր սահմաններէն աւելի հեռու, Սուրիական ՛՛տաք ջուրեր՛՛ու գծով բաւական բազմազբաղ է:
Միեւնոյն ժամանակ, տարածաշրջանային հետեւողական եւ ամբողջական խաղաղութիւն մը, կրնայ տկարացնել կամ լուսանցքի տակ առնել Քրեմլի ազդեցութիւնը:
Այսպէս “ո՛չ պատերազմ եւ ո՛չ ալ խաղաղութիւն“ գործելաձեւը ստեղծած է իւրայատուկ գոյավիճակ մը, եւ առ այդ Մոսկուա, մերթ ընդ մերթ մտահոգուելով եւ հետաքրքրութիւն ցոյց տալով, հանդիպումներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ եւ անհրաժեշտ կը նկատէ երկխօսութեան շարունակութիւնը:
Չափազանցութիւն պիտի չըլլայ եզրակացնելը թէ տասնեակ մը օր առաջ կատարուած բանակցութիւնները, Մոսկուայի կողմէ հրահրուած կրկնակի անհրաժեշտութիւն էին հակամարտող կողմերու սահմանին ծայրայեղ լարուածութեան:
Այս է, ներկայս Արցախեան գոյավիճակի օրագիրը:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ