ԱՒՍՏՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Երեւան (“Արմենփրես“, “Երկիր“).- Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր իր կողակիցին հետ:
Նախագահ Ֆիշըր, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ընկերակցութեամբ, Յունիս 26ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրը:
Ան ծաղիկներ զետեղեց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ վայրկեան մը յոտընկայս յարգեց նահատակներուն յիշատակը: Նաեւ, ան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր աւելի մօտէն ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն:
Թանգարանի պաշտօնական այցելող պատուիրակութիւններու յատուկ յուշագիրքին մէջ, ան հետեւեալ զգացումները յանձնեց թուղթին.- “Խօսքեր չեմ գտներ նկարագրելու մարդկային այն մեծ ողբերգութիւնը, որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ“:
Ցայսօր, Աւստրիոյ պետութիւնը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս գծով, տեղւոյն հայ գաղութը աշխատանք կը տանի: Միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի եւ Աւստրիոյ նախագահները բանակցութիւններու արդիւնքները ներկայացուցին:
Ըստ Աւստրիոյ նախագահին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է շարունակէ իր ջանքերը: “Միջնորդները ներուժ ունին` խնդիրը լուծելու, բայց անհրաժեշտ է համբերութիւն ցուցաբերել:..Ես հարիւր առ հարիւր կը պաշտպանեմ սկզբունքը, ըստ որուն, երբ խօսքը կը վերաբերի հազարաւոր մարդոց ճակատագիրներուն, խնդիրը չի կրնար լուծուիլ ուժի դիրքերէն“, ըսաւ ան` առանձնայատուկ կերպով շեշտելով շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը: Աւստրիոյ նախագահը համոզում յայտնեց, որ ղարաբաղեան տագնապը չի կրնար լուծուիլ բիրտ ուժի գործածութեամբ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր կարգին յայտնեց, որ Արցախեեան տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը մարտահրաւէր է ոչ միայն շրջանին, այլ նաեւ Եւրոպայի համար:
Ըստ անոր, Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, ռազմատենչ յայտարարութիւնները եւ անհիմն ինքնավստահութիւնը լարուածութիւն կը ստեղծեն Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանային շրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ հայ-ազերի սահմանին վրայ:
“Մենք չենք տեսներ Արցախեեան տագնապի լուծման այլընտրանք, բացի խաղաղ լուծումէն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ: Մենք պատրաստ ենք առաջ ընթանալ այդ սկզբունքներուն հիման վրայ, եւ որքան շուտ լուծուի հարցը, այնքան մենք աւելի ուրախ պիտի ըլլանք: Հարցի շուտափոյթ լուծումը կը բխի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներուն շահերէն“, նշեց Հայաստանի նախագահը` յոյս յայտնելով, որ միջազգային հանրութիւնը արդէն հասկցած է, որ խոչընդոտներ ստեղծողը Ազրպէյճանն է` իր վարած քաղաքականութեամբ…“, ընդգծեց Հայաստանի նախագահը: Ան շեշտեց, որ քանի մը օր առաջ մեքսիքական Լոս Քապոս քաղաքին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը համանախագահող երկիրներու նախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն պահպանելու զինադադարի դրութիւնը` շեշտելով, որ տագնապը պէտք է լուծուի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն հիման վրայ:
Նախագահ Սարգսեան եզրակացուց թէ, Ատրպէյճան կ՛ընդունի միայն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, բացառելով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ տագնապներու խաղաղ լուծումը: