Այլազան

Ա.Մ.Ն. ԱՐ­ՏԱ­ՔԻՆ ԳՈՐ­ԾՈՑ ՆԱ­ԽԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՊԱ­ՏԱՍ­ԽԱ­ՆԸ ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ՅԱՆՁ­ՆԱ­ԽՈՒՄ­ԲԻՆ

 Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Կեդ­րո­նա­կան Յանձ­նա­խում­բը կը հա­ղոր­դէ, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնը դարձ­եալ խու­սա­փած է պատ­շաճ կեր­պով դա­տա­պար­տել Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ կի­րար­կուող բռնու­թիւն­նե­րը:

Գրա­սեն­եա­կի ղե­կա­վար Քէն Խա­չիկ­եան Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նա­մակ գրած էր Յու­նիս 4-6ին “Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­մա­նին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կա­տար­ուած բռնու­թիւն­նե­րը դա­տա­պար­տե­լու մա­սին: Քլին­թը­նին ուղղ­ուած նա­մա­կին գրա­ւոր պա­տաս­խա­նած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րի Եւ­րո­պա­յի եւ Եւ­րաս­իոյ հար­ցե­րով օգ­նա­կան Ֆի­լիփ Կոր­տըն` նշե­լով, որ իրենք խո­րա­պէս կը ցա­ւին այդ մա­հե­րուն հա­մար: Ան ընդգ­ծած է, որ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը կող­մե­րուն կոչ ուղ­ղած են` խու­սա­փե­լու ու­ժի կի­րար­կու­մէն եւ ատոր սպառ­նա­լի­քէն:

Խա­չիկ­եան շեշ­տած էր, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ ան­տե­սել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման ուղղ­ուած մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կո­չե­րը եւ կը շա­րու­նա­կէ ռազ­մա­կան հռե­տո­րա­բա­նու­թիւնը` ու­ժի սպառ­նա­լիքն ու բռնու­թիւն­նե­րու կի­րար­կու­մը:

Քա­նի՞ մարդ պէտք է զոհ­ուի, որ­պէս­զի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներն ու մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը յան­դի­մա­նեն Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռնու­թեան կի­րար­կումն ու հնչե­ցուող ռազ­մա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րը, ըսած էր ան:

Ֆի­լիփ Կոր­տըն,իր պա­տաս­խա­նին մէջ, կը նշէր.-Ինչ­պէս Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րը շրջան իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ըսած էր, ու­ժի կի­րար­կու­մը չի կրնար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պը լու­ծել: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րը կոչ կ՛ուղ­ղեն խու­սա­փե­լու ու­ժի կի­րար­կու­մէն եւ ատոր սպառ­նա­լի­քէն, եւ իբ­րեւ ԵԱՀԿի Մինս­քի խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տիլ կող­մե­րուն հետ` խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հաս­նե­լու հա­մար…“:

Շարք մը քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու գրա­սեն­եակ­ներ ու­ղղարկ­ուած նա­մա­կին մա­սին անդ­րա­դառ­նա­լով` յանձ­նա­խում­բի կա­ռա­վա­րա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Քէյթ Նա­հա­պետ­եա­նը յայտ­նեց թէ ժա­մա­նակն է, որ Ա.Մ.Ն. եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւնը հասկ­նան, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­եւ պատ­րաստ է իրա­գոր­ծե­լու իր այն սպառ­նա­լի­քը, թէ Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի դէմ պա­տե­րազ­մը պի­տի վերսկ­սի: Պա­տե­րազ­մին հսկայ գի­նը մե­զի պէտք չէ ար­տօ­նէ, որ ան­տե­սենք նման սպառ­նա­լիք­ներ““:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button