Ա.Մ.Ն.-Ի ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ
Հիւսիսային Ամերիկային Արեւելեան շրջանին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ հիւրը եղաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ համայնքի հոգեւոր պետ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին:...