ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՂՕԹԵՑ ՔՈՆԿՐԷՍԻՆ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․-  Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բացման աղօթքը կատարեց Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Տան նիստին, իր աղօթքը նուիրելով ամերիկացի օրէնսդիրներուն եւ Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան։ «Տուր մեզի իմաստութիւն,...

ԳԵՐԻ ՏԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

  «Հայրենիք» – Պոսթըն Խմբագրական Աւելի քան մէկ ու կէս ամիս անցած է այն օրերէն, երբ Արցախի վերջին տարածքներուն խլումէն ետք, արցախցիներու բռնագաղթին զուգահեռ՝ տասնեակ մը քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներ,...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

«Սփիւռքի Տարի Բ. - Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» այս տարուան Հայրապետական հռչակագրին լոյսին տակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Երկուշաբթի,  Նոյեմբեր 6-ին, պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ա․Մ․Ն․ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, ուր պաշտօնապէս...

«Էֆ․ Պի․ Այ․»-ը Կը Հետախուզէ Նիւ Եորքի Քաղաքապետի Քարոզարշաւին Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Կապերը

  Յարութ Սասունեան Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան   Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ կարծես թէ յատուկ համակրանք ունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ։ Շուտով կ՛իմանանք՝ արդեօք այդ...

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ՝ ԻԼԻՆՈՅԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան այցելեց Կլենվիուի (Իլինոյ) Ամենայն Սրբոց եկեղեցի։ Կիրակմուտի ժամերգութենէն ետք, բարեջան Առաջնորդը դպիր ձեռնադրեց Արարատ Թոքմաքճեանը, Սամուէլ Մեհրապեանը եւ...

Երբ Արցախը Ողնաշարն Էր Մեր Ազգային Անվտանգութեան

Կարօ Արմենեան Կ՚արտագրեմ հետևեալ հատուածը Փետրուար 11, 2015 թուակիր և «Փանթուրքիզմի Գրաւը և Արցախի Հարցը» խորագրեալ յօդուածէս։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն դեռ մենք իրաւունք ունէինք նախապատրաստութիւն ակնկալելու հայ անկախ պետականութեան...

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ

  Ա.Ա.   Արցախի հայաթափումէն ետք ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած «Մեծ Վերադարձ» ծրագիրը, որ կը նպատակադրէ մինչեւ 2026 շուրջ չորս հարիւր հազար ատրպէյճանցի վերաբնակեցնել արցախեան գրաւեալ տարածքներու մէջ, խորքին մէջ...

Ստեփանակերտի Մէջ Ատրպէյճանի Բանակը Կատարեց Զօրահանդէս

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Նոյեմբեր 8-ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախագահութեամբ, բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ զօրահանդէս մը, նշելու համար 44-օրեայ պատերազմին  յաղթանակը։ Ալիեւ խօսք առնելով, յայտնեց, որ այլեւս անջատողականութիւն չկայ եւ Ատրպէյճան...
Social profiles