Month: January 2012

  • Jan- 2012 -
    27 January
    Լրահոս

    ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՆ ՈՂՋՈՒՆՈՒՄ Է ՖՐԱՆՍԱՅՈՒՄ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

    Հ.Յ.Դ. Բիւրոն, սոյն թուականի Յունուարի 24-ին աւարտուած լիագումար նիստում, անդրադառնալով վերջին շաբաթներին Ֆրանսայում Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող գործընթացին, ողջունեց Ֆրանսայի…

    Կարդալ աւելին »
  • 26 January
    Գլխաւոր

    ՌԻՈՅԻ ՖԵՍԹԻՎԱԼԷՆ ԱՒԵԼԻ՛ ԳՐԱՒԻՉ…

    2012 տարուան բացումէն կարճ ատեն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարիֆեսթիվալին առաջին փուլին բացումը տեղի ունեցաւ` հանրապետական թեկնածուներու կողմէ բազմակողմանիմենամարտներու պաշտօնական շղթայազերծումով:           Ընտրական այս ֆեսթիվալը իրաւա՛մբ կարելի է նկատել… Ռիոյի ֆեսթիվալին մրցակիցը, այնտարբերութեամբ, որ հոս փողոցներու մէջ պարեր ու գունագեղ շքերթներ տեղի չեն ունենար, այլ մրցակիցներըպատկերասփիւռի պաստառներէն հանդէս կու գան իբրեւ ախոյեաններ, առանց ատրճանակի կամ բռունցքի`հակառակորդ(ներ)ը դիտապաստ գետին փռելու կիրքով: Տօնահանդէսը յառաջ կը տարուի երկու գլխաւոր գիծերու վրայ: Հանրապետական թեկնածուները նախ լծուածեն զիրար չէզոքացնելու մոլուցքին, միայն երբեմն յիշելով գլխաւոր մրցակիցը` նախագահ Օպաման, զոր տապալելուկիրքով կը յորդի իւրաքանչիւր հանրապետական` թեկնածու թէ քուէարկող: Ամիսը չբոլորած, արդէն քանի մըթեկնածու ասպարէզէն քաշուած են, իսկ երկու գլխաւոր մրցակիցները (այժմու տուեալներով) զիրար կըդաշունահարեն` ուր որ կը հասնի իրենց ձեռքը, իրարու կոկորդ կը կրծեն` առաջին դիրքը գրաւելու համար: Դեմոկրատները այս տարի նոյն “թակարդ“ին մէջ չեն, որովհետեւ նախագահ Օպամա ի սկզբանէ հռչակուած էախոյեան. ան տարեվերջին պիտի ճակատի հանրապետականներու այն ախոյեանին դէմ, որ պիտի յաջողի զգետնելիր կուսակցութեան մրցակիցները: Երեւակայեցէք, որ կ՛ապրիք հին Հռոմի մէջ, ուր կրկէսներու մէջ մենամարտիկներզիրար կը չէզոքացնէին` ցմահ կռուելով… Ընտրապայքարի “եղանակ“ը հաճելի շրջան է. նախ, անիկա հաճելի ժամանց կը տրամադրէ պատկերասփիւռդիտողներուն եւ լրատու այլ աղբիւրներու սիրահարներուն: Լուսարձակները մեծ մասամբ կը հեռացուին իսկականհարցերէ, տագնապներէ, անոնք ըլլան ամերիկեան շրջագիծին մէջ թէ անկէ դուրս: Ակնդիրը կ՛ապրի այն պատրանքը,որ մրցակիցները իսկապէս բանավէճի նիւթ կը դարձնեն զանգուածին մորթը, միսն ու ոսկորը սղոցող տագնապները,ժողովուրդին ապրած դժուարութիւնները, թեկնածուներէն կը լսէ խոստումներ, կը ստանայ հաւաստիքներ, ու պահ մըկ՛իյնան երանական մթնոլորտի մը մէջ, յուսալով, որ այս կամ այն թեկնածուին յաղթանակը պիտի ըլլայ սկիզբը`խոստումներու իրականացման. այս թմբիրը մոռացութեան կը տանի մօտիկ թէ քիչ մը աւելի կանուխ անցեալի այնյիշատակները, երբ թեկնածուներու խոստումները կը մնային ձորի մը մէջ, անգամ մը որ մէկն ու մէկը հասնէրՍպիտակ Տուն կոչուող գագաթը: Մինչեւ իսկ նախագահին Միութեան Իրավիճակին մասին աւանդական ճառը, քանիմը օր առաջ, կը թողու այն պատրանքը, թէ ան յանձնառու կը մնայ իր խոստումներուն… Սպիտակ Տուն մտնելէն երեքտարի ետք. ան կարծէք թէ մոռցած է որ հիմա նախագահ է, եւ ոչ թէ սոսկական թեկնածու, տնտեսական վիճակիբարելաւման խոստումներու իրականացման համար արդէն երեք տարի մսխած է, լուռ ու բացայայտ մեղադրանքներկ՛արձակէ հանրապետականներու հասցէին, իբրեւ թէ անոնք արգելակիչ գործօններ եղած են իր ծրագիրներունիրականացման համար, մինչդեռ մինչեւ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները, իր կուսակցութիւնըմեծամասնութիւն էր խորհրդարանի զոյգ Տուններուն մէջ եւ սակայն, ընդհանուր գիծերու մէջ, նախորդ նախագահինտխմար վարքագիծը միայն երեւութական շպարներու ենթարկուեցաւ ու… նահանջը շարունակուեցաւ քառասմբակ,ան իբրեւ գործակից ունեցաւ նախորդ վարչակարգի “տիտանները“, որոնք “դարբնած“  էին տագնապը, գործադրեցանոնց թելադրանքները, որոնք բարելաւման ճամբէ հեռու պահեցին կացութիւնը: Ընտրապայքարի տօնահանդէսի վարագոյրին բացումէն առաջ, Սպիտակ Տան աղբիւրներուն կողմէ սկսանհրապարակ նետուիլ ընդհանուր բարեփոխման հաւաստիքներ, իբրեւ թէ անգործութեան համեմատութիւնը անկումարձանագրած է, իջած է 8.5 առ հարիւրի, մինչդեռ իրապաշտ վիճակագրութիւններ կ՛ըսեն, որ թիւը աւելի բարձր էքան 15 առ հարիւրը, որովհետեւ պատկերէն դուրս ձգուած են անոնք, որ անյուսութեան մատնուած են ու դադարածեն գործ փնտռելէ, կամ` ունին միայն մասնակի աշխատանք, որ հեռու է լիարժէք եկամուտի եւ տարրականիրաւունքներու կարելիութենէն: Ընտրապայքարը հաճելի ժամանց կ՛ընծայէ նաեւ անոր համար, որ կը ծառայէ ընտրողներուն “աչքերըբանալու“, եթէ անշուշտ մարդիկ տրամադիր են իրենց աչքերը բանալու: Փաստօրէն, եթէ մարդիկ` վաղուանքուէարկողները քննական մօտեցումով, առանց զգացականութեան ու նախօրօք վարձու տրուած տրամաբանութեանհետեւին հանրապետական մրցակիցներուն յայտարարութեանց, ելոյթներուն, պիտի անդրադառնան, որ ամէնէննախընտրելի թեկնածուն իսկ ըստ էութեան անարժան մըն է, զուրկ` բարոյականութենէ, չարաշահ մըն է կամ դիրք ուպաշտօն շահագործող մը: Ընտրապայքարին իսկական բարիքներէն մէկը այն է, որ իւրաքանչիւր թեկնածուի ուօգնականներուն առիթ կու տայ պեղելու հակառակորդին կամ մրցակիցներուն գործի ու պաշտօնավարութեանանցեալն ու ներկան, պատշգամներէն կախելու անոնց աղտոտ լաթերը: Մէկուն անհաւատարմութեան անցեալը կըցուցուադրուի, հակակշռելով յանդգնութեան ենթադրեալ յատկանիշը, ու մարդիկ ինքնախաբէութեան կը դիմեն,ըսելով, որ ընտանեկան անհաւատարմութիւնը պէտք չէ հաշուի առնել քաղաքական կեանքի մէջ, կը մոռնան, որհայրենիքն ալ մեծ ընտանիք է, ու անհատական ընտանիքին հանդէպ անուղղայ ընթացք մը ցուցանիշ է մեծընտանիքին հանդէպ ալ բարոյականէ զուրկ մօտեցումի: Երկրորդի մը շահամոլութիւնն ու շահատուրքէ խուսափումըգունագեղ լաթերով կը կախուին պատշգամին չուաններէն, իսկ երկիրը միաժամանակ քանի մը պատերազմներու մէջտեսնելու անոր նախատեսութիւնը կ՛ընդունի իբրեւ քաջութեան, յանդգնութեան ցուցանիշ, եւ ոչ թէ երկիրինկարողականութիւնները զէնքի ճարտարարուեստին գրպանը առաջնորդելու եւ մսխումի նոր մրցանիշներհաստատելու դրօշակրութիւն… …Յառաջիկայ Նոյեմբերին, քուէարկութեան հանգրուանին, մարդիկ դարձեալ պիտի մտածեն ու անյուսութիւնբուրելով հարց պիտի տան. “Ի՞նչ կրնանք ընել… Ասոնք են թեկնածուները: Ո՛վ որ ալ ըլլայ շահողը, ընթացքը պիտիմնայ անփոփոխ, զանգուածներս պիտի ըլլանք վճարողը“: Իրենք զիրենք իրաւազրկուած, կողոպտուող ուձախաւերութեանց գինը վճարող նկատողները, որոնք քանի մը ամիս առաջ հրապարակ եկան “մենք 99%ն ենք“նշանախօսքով, պահ մը յանդուգն կերպով վերցուցին չարաշահները քողարկող վարագոյրին ծայրը, ցոյց տուին, որիշխանութեան մարդիկն ու հսկայական հարստութիւններ դիզող ընկերութիւններ, անգործութեան ու տնազրկութեան(եւ դեռ` բազում այլ զրկանքներու) պատճառ եղողները լուռ դաշնակից են, իրարու կռնակ տուած են,բարեփոխութեան հաւաստիքները չեն անցնիր շպարայինէն անդին, ու շպարողները արթուն են խորտակելուտարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան նուազագոյն շարժումն անգամ, յանուն… օրէնքի,ժողովրդավարութեան, ապահովութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի: Ընտրապայքարի ֆեսթիվալներն ու իրականութիւններ վարագուրող խաղերը չեն կրնար ընդմիշտշարունակուիլ: Անոնց կասեցման համար, անհրաժեշտ է վերականգնել արդարութեան ձգտող պայքարի այնմիջոցները, որոնք մարդկութիւնը, բոլոր ցամաքամասերու մէջ, տասնամեակներու եւ դարերու ընթացքինառաջնորդած են ընկերային աւելի արդար վիճակներու, աշխատողներու եւ ընտանիք պահողներու համարհամեմատաբար աւելի բարօր պայմաններու ապահովման. դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով բարելաւումներու,զորս կարճ ժամանակի մէջ խորտակելու եւ անվերադարձ ջնջելու փորձեր կը կատարուին տարբեր ցամաքամասերուվրայ, Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, Ափրիկէ ու Ասիա: Անարդար կացութիւններ միշտ ալ ծնունդ տուած են արդարատենչ շարժումներու, որոնք հետզհետէուղղութիւն ու ծաւալ ստացած են եւ ի վերջոյ` յաջողութիւններ արձանագրած, խորտակելով մեծ ու փոքրդժուարութիւններ: Պատմութեան անիւը պիտի թաւալի, հետեւողութեամբ մեծ գիտնականի մը “եւ սակայն կըդառնայ…“ հաստատումին: Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յունուար 25,  2012    

    Կարդալ աւելին »
  • 24 January
    Յօդուածներ

    ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՈՒՄ, ՈՐԴԵԳՐՈՒՄ ԵՒ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

    18-րդ դարաշրջանի աւարտին մտայղացուած, Ֆրանսայի նշանաբանը` “Ազատութիւն, Հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն“ կը յիշեցնեն վերոյիշեալ երեք բառերը` Քրէականացում, որդեգրում եւ վաւերացում: Լամարթինի,…

    Կարդալ աւելին »
  • 24 January
    Գլխաւոր

    ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՈՐԴԵԳՐԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

    Փարիզ (“Լը Մոնտ“, “Ռատիքալ“).- Յունուար 23-ին, աւելի քան հինգ ժամ տեւած մանրամասն  քննարկումներէ եւ բուռն վիճաբանութիւններէ ետք, Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրեց…

    Կարդալ աւելին »
  • 24 January
    Յօդուածներ

    ՆՇՄԱՐ.- ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՆԻՒԹ

    Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Յունուար 23, 2012           Երկուշաբթի, Յունուար 23-ի յետմիջօրէին, բարեկամ մը հեռաձայնեց. “Իմացա՞ր. Ֆրանսայի Ծերակոյտը հաստատեց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը…“:…

    Կարդալ աւելին »
  • 20 January
    Գլխաւոր

    ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔԻ ՕՐԱԳՐԷՆ…

    Լու­սան­կար­ներ` Ին­նա Մխի­թար­եան Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, ապ­րուս­տի պատ­ճա­ռով գաղ­թը, ծանր ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է տա­րա­ծաշր­ջա­նին վրայ: Եր­կար ժա­մա­նակ մի­ջազ­գա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու առար­կայ եղած…

    Կարդալ աւելին »
  • 19 January
    Լրահոս

    ՀԱ­ՂՈՐ­ԴԱԳ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ.- ԽՈՐՀՐ­ԴԱԿ­ՑԱ­ԿԱՆ ԺՈ­ՂՈՎ­ՆԵՐ ԵՒ ՀԱՆ­ԴԻ­ՊՈՒՄ­ՆԵՐ

    Հ. Յ. Դ. Հիւ­սի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի հրա­ւէ­րով խորհր­դակ­ցա­կան ժո­ղով մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Շա­բաթ, Յուն­ուար 14, 2012 -ին…

    Կարդալ աւելին »
  • 19 January
    Այլազան

    ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՊՈՒԼ­ԿԱՐ­ԻՈՅ ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻ ԿՐԱ­ՒՈ­ՐԱ­ԿԱՆ ԴԻՐ­ՔՈ­ՐՈ­ՇՈՒ­ՄԸ

       Քա­նի մը շա­բաթ առաջ, Ֆրան­սա­յի Խորհր­դա­րա­նի որո­շու­մէն եւ մա­նա­ւանդ նա­խա­գահ Սար­քոզիի կա­տա­րած կարգ մը ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն ետք, թէ Եւ­րո­պա­կան բո­լոր…

    Կարդալ աւելին »
  • 19 January
    Յօդուածներ

    ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ ԲԱՐ­ԲԱՌ­ՆԵ­ՐԸ

    ԱՐ­ՄԷՆ ՏՕ­ՆՈՅ­ԵԱՆ Աշ­խար­հի բո­լոր լե­զու­նե­րը ու­նին իրենց բար­բառ­ներն ու են­թա­բար­բառ­նե­րը: Լե­զու­նե­րու մէջ ամե­նէն շատ բար­բառ ու­նե­ցող­նե­րը հնդիկ­ներն են: Այն­քան խառն…

    Կարդալ աւելին »
  • 19 January
    Արուեստ Եւ Մշակոյթ

    ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ՌՈԶԻ ՎԱՐԴԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

    Եր­կու վարդ տար­բեր լե­զու­նե­րով…Բուն անու­նով Նուարդ Ման­ուէլ­եան` Ռո­զի Վարդ …Ֆրան­սա­յի թա­տե­րա­կան եւ դե­րա­սա­նա­կան աշ­խար­հի թա­գու­հի­նե­րէն, մա­հա­ցաւ անց­եալ Շա­բաթ, Յուն­ուար 14ին:…

    Կարդալ աւելին »
Back to top button