
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ, ՊՈԼԻՍ.- Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաբացումէն գրեթէ տարի մը ետք, այս անգամ այլ արարողութեամբ մը, 97 տարուայ լռութենէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով հնչեց եկեղեցւոյ վերակառուցուած զանգը: Արդարեւ, հանդիսութիւնները սկսան Շաբաթ, Նոյեմբեր 3, 2012ին, Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ժամանումով: Ան դիմաւորուեցաւ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեանի եւ ընկերակիցներուն կողմէ, ապա շրջեցաւ համալիրը, տեղւոյն վրայ քննելէ ետք տարուած վերակառուցման աշխատանքները:
Տաճարի շրջաբակը սալայատակուած էր Տիգրանակերտի յատուկ քարերով, իսկ նախորդ օր օծուած զանգակատան գագաթը կապարով պատուելով` առած էր իր վերջնական վիճակը: Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պրազիլէն ժամանած Պօղոս Ա. քհնյ. Պարոնեան եւ Երեւանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Տիրայր քահանան: Այս վերջինը կը գլխաւորէր Հայաստանի ուխտաւորները:
Եկեղեցւոյ Սուրբ Յակոբ մատրան մէջ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, իր կողքին ունենալով քահանաներ եւ սարկաւագներ` միւռոնով օծեց մատրան Ս. Սեղանի սրբանկարը:
Ուխտաւորները կը ժամանէին եկեղեցի եւ հիացումով կ՛ըմբոշխնէին կատարուած վերանորոգման աշխատանքը:
Կեսօրէ ետք, ժամը 4:00-ին, կազմուեցաւ հանդիսաւոր թափօր` նախագահութեամբ Արամ Արք. Աթէշեանի, որ շարականներով առաջնորդուեցաւ զանգակատան ներքեւի մասը, ուր Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան կարդաց զանգակատան օրհնութեան մասնաւոր աղօթքը: Ապա, Արամ Արքեպիսկոպոս առաջին անգամ հնչեցուց եկեղեցւոյ զանգը: Պատմական էր այս պահը: Այսպէս գրեթէ դար մը ետք, պատմական տաճարի համալիրին մէջ դարձեալ կը հնչէր վերակառուցուած զանգը:
Զանգահարութեան աւարտին, թափօրը “Ուրախ լեր“ շարականի երգակցութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Յակոբ բարեզարդուած մատուռ, ուր կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն: Ապա, հոգեւորականաց դասը, դպիրներն ու ժողովուրդը մուտք գործեցին տաճար: Կանոնական երկրպագութեան աղօթքէն ետք Արամ Արք. Աթէշեանի աղօթքներով եւ շարականներու երգակցութեամբ օծեց Սարգիս Քիչիքի ձեռակերտ Սուրբ Սեղանն ու խորհրդանոցները: Կատարուեցաւ ժամերգութիւն:
Յաջորդ օրը` Կիրակի առաւօտեան մատուցուած Սուրբ պատարագով Տիգրանակերտի ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ հաւաքուեցան Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ եւ վերջին պատրաստութիւններէ ետք` կատարեցին կանոնական ժամերգութիւն` Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդութեամբ Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեանի:
Ժամը 10:30ին անգամ մը եւս լսուեցաւ եկեղեցւոյ նոր զանգին ղօղանչը, մինչ կազմուած հանդիսաւոր թափօրը շարժեցաւ խորհրդարանէն` գլխաւորութեամբ Արամ Արք. Աթէշեանի, որ իր քարոզին մէջ յայտնեց.- “Ահա այս տարի արժանացանք եկեղեցւոյ յարակից մատուռը եւս պաշտամունքի վերաբանալու: Մեզի համար կրկնակի ուրախութիւն էր մանաւանդ նորակերտ զանգակատունէն դարձեալ լսել եկեղեցւոյ կոչնակի քաղցրալուր ձայնը, շուրջ հարիւր տարուան ընդմիջումէ մը ետք: Այս տարի ուխտաւոր ժողովուրդին հետ կը հրճուինք` տեսնելով եկեղեցւոյ համալիրէն ներս վերանորոգուած երբեմնի կրթական օճախի` վարժարանի, երիցատան եւ խորհրդարանի շէնքերը: Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք իրենց բաժինը բերին սոյն շինարարութեանց: Տիգրանակերտցի մեր հայրերը, հետեւելով իրենց պապենական օրինակին` իրենց ճակատի քրտինքով կերտեցին Սուրբ Կիրակոս եօթնախորան փառաւոր տաճարը“:
Յաւարտ Սուրբ պատարագի, հանդիսադիր Սրբազան Հայրը օրհնեց իր ընտանեկան պարագաներէն` քրոջ թոռ Ռաֆֆիի պսակը: Այսպէս, Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ նմանօրինակ արարողութիւն:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, պարտէզին մէջ ներկայ հոգեւոր հայրերուն եւ սարկաւագներուն համար կատարուեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն:
Տպաւորիչ էր տեսնել ալեհեր Տիգրանակերտցի ուխտաւորներ, որոնք տարիներ ետք այցելելով իրենց ծննդավայրի եկեղեցին` խոր զգացումով եւ ապրումով կը դիտէին տաճարը եւ կը հիանային տեսնելով վերակառուցուած զանգակատունը: Շատերուն համար անճանաչելի էր այս հոգեւոր ծննդավայրը, որ դեռ քանի մը տարի առաջ աւերակի մը տեսարանը կը պարզէր:
Նշենք թէ Հոկտեմբեր 23, 2011-ին, վերաբացուած էր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի այս մեծագոյն կալուածը: Այս վերանորոգման աշխատանքներուն մէջ, իր ներդրումը ունեցած է քաղաքի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմ որ բազմիցս կը դատապարտէ անցեալի պատահած դառնութիւններն ու անողոք արարքները:
1915-էն ետք Սուրբ Կիրակոսը կիսաւեր վիճակի մատնուած եւ դադրած էր գործելէ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օգտագործուած է որպէս զինանոց, իսկ պատերազմէն ետք` իբրեւ մթերանոց: 1960-ին եկեղեցին վերադարձուած է Տիգրանակերտի հայութեան, սակայն նիւթական անբաւարար պայմաններու տակ գտնուելով` տարիներով մնացած է անխնամ վիճակի մէջ:
Տիգրանակերտի աքքատական սեպաձեւ արձանագրութիւններու մէջ Ք. Ա. 2¬րդ հազարամեակի վերջաւորութեան, կառոյցը կը յիշուի Ամեդու անունով:
Յունիս 1881-ի մեծ հրդեհ մը բաւական կորուստ պատճառեց, որմէ ետք 1883-ին վերաշինուեցաւ ներկայ կառոյցով` հինգ մեծ եւ երկու փոքր խորաններով, որոնցմէ գլխաւոր խորանը բացառիկ նրբաճաշակ կառուցուածք ունի: Ան ունի չորս դռներ եւ երեք հազար հաւատացեալներ պարփակելու տարողութիւն: Եկեղեցւոյ տարածքը 1400 քառ. մեթր է, իսկ համալիրինը` 3500, ուր կը գտնուի հոգեւորականի բնակավայր, դպրոց, աղքատներու կերակուր սպասարկող ճաշարան, հաւաքման սրահ: Տաճարի եօթ խորանները կը խորհրդանշեն եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդները` մկրտութիւն, դրոշմ, ապաշխարութիւն, սուրբ հաղորդութիւն, ձեռնադրութիւն, պսակ-ամուսնութեան եւ կարգ հիւանդաց, իսկ չորս դռներն ալ` չորս աւետարանիչները` Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս:
Աւագ շաբաթ օր մը…1913-ին, սարսափելի կայծակ մը հարուածեց սոխաձեւ գմբէթն ու զանգակատունը եւ ասոր արդիւնք միեւնոյն տարին կառուցուեցաւ կոթական ոճով 29 մեթր բարձրութեամբ նոր զանգակատուն մը, ուր կը զետեղուի քանդուած զանգակատան Զիլճեաններու շինած զանգակը եւ ոսկեխաչ մը: Տարագրութեան դաժան օրերուն, եկեղեցւոյ զանգակատունը թնդանօթաձգութեամբ փուլ կու գայ…Մայիս 28, 1915-ին, շրջակայ մզկիթներու մինարէներէն բարձր ըլլալու պատճառաբանութեամբ:
Առաջին Աշխարհամարտի օրերուն եկեղեցին գործածուեցաւ որպէս գերմանական սպաներու զօրանոց եւ հանրապետութեան սկզբնական շրջանին ալ‘ որպէս կտաւի մթերանոց: 1990-ին գրեթէ հայաթափուած քաղաքին հայապատկան կառոյցները մնացած էին անխնամ, գրեթէ փլատակ վիճակի մէջ:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ անուան առաջին անգամ կը հանդիպինք հայազգի ճանապարհորդ Սիմէոն Լեհացիի (1584-1637) “Ուղեգրութիւն“ (Ուքրայինայի Լվով քաղաքին մէջ գրի առած 1619-1625 թուականներուն) անունով հատորին մէջ: Սիմէոն Լեհացի 1608-1619 տարիներուն ճամբորդած է դէպի Հայաստան եւ շարք մը այլ երկիրներ, գրի առնելով ժողովուրդներու սովորութիւնները, կենցաղը, բարքերը, ծէսերն ու ճարտարապետական յուշարձաններու նկարագրութիւնը: