ԵՐԵՒԱՆ․- Քանի մը օրէ ի վեր որ հաւաստի աղբիւրներէ լուրեր կը շրջէին, թէ ատրպէյճանցի հովիւ մը հատած է Հայաստանի սահմանը։ Սակայն Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ու իրաւապահ այլ կառոյցներ լուռ մնացած էին։ Փաստօրէն, ԱԱԾ-ն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հրապարակեց լուրը սահմանահատման դէպքէն երեք օր ետք։


