Յօդուածներ

Ազգային Խորթ Սովորոյթ Մը Եւս

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ-Վըրճինիա

Կիրակի օր մը, որ կը զուգադիպէր Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ ընկեր Պտրոս Պանտազեանի ջերմ ու հիւրընկալ յարկին տակ՝ համայնքի կուսակցական ղեկավարներէն մէկուն՝ դոկտ. Մուրատ Քերնեքլեանի տարեդարձը նշելու առիթով։

Ռիչմընտի հայ համայնքի յայտնի անդամներուն կողքին, հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Չարլզ Էվրանեան՝ հանրածանօթ հայ-ամերիկացի մարզական գործիչը, որ իր գործունէութեան ընթացքին պատասխանատու պաշտօններ վարած է Detroit Tigers, Atlanta Braves եւ Chicago White Sox ակումբներուն մէջ։ Իր նախագահութեան օրերուն, Chicago Sting-ը նաեւ նուաճած էր Հիւսիսային Ամերիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի (North American Soccer League) ախոյեանութիւնը։

Մեր տաղանդաւոր հայրենակիցը այժմ հասած է եօթանասունի սեմին, սակայն տակաւին կը պահպանէ մարզիկի կենսունակութիւնն ու եռանդը։

Advertisement Donate Today

Երիտասարդի մը խանդավառութեամբ, զրուցակիցս սկսաւ պատմել յիշարժան դէպքերով հարուստ իր կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ։ Սակայն, ի վերջոյ, ան անդրադարձաւ նաեւ քանի մը ցաւալի փորձառութիւններու, որոնք տակաւին վէրք մը կը մնան իր սրտին մէջ։ Այդ պատմութիւնները, բոլորովին ակամայ, իմ մէջս եւս արթնցուցին ու սաստկացուցին նմանօրինակ դառն զգացումներ։

Այժմ խօսքը տանք մեր վիրաւոր ու դժգոհ ընկերոջ.

«Մօտ տասնհինգ տարի առաջ, մտերիմ բարեկամս՝ Կերի Աւետիքեան, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան ղեկավարութեան դիմեցինք ու առաջարկեցինք մեր փորձառութիւնն ու գիտելիքները, մասնաւորաբար մարզական եւ ֆութպոլի բնագաւառներուն մէջ, ի սպաս դնել հայրենիքի մէջ մարզական ծրագիրներու զարգացմանն ու բարելաւման։

«Աւելցնեմ, որ Կերին եղած էր Օհայոյի պետական համալսարանի ֆութպոլի խումբի մարզիչը եւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի մարզիչներու միութեան նախագահը։ Ան առաջարկեց Հայաստան երթալ՝ ժամանակակից ֆութպոլի մարզումներ ու ուսուցողական հանդիպումներ կազմակերպելու եւ իր երկարամեայ փորձառութեան հիման վրայ, մեր ազգային հաւաքականը զարգացնելու ու զօրացնելու աշխատանքին իր նպաստը բերելու։

«Իմ կարգիս, ես ալ գրեցի Հայաստանի կառավարութեան՝ առաջարկելով մարզական գործիչի իմ փորձառութիւնս ի գործ դնել՝ երկրին մարզական ծրագիրները ընդարձակելու եւ բարելաւելու նպատակով, օգտուելով այն մեթոտներէն ու գիտելիքներէն, որոնք արդէն փորձուած եւ յաջողութեամբ գործադրուած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ես եւս կ՛ուզէի իմ ներդրումը ունենալ գոյութիւն ունեցող ծրագիրներուն եւ օգնել անոնց բարելաւման։

«Ցաւօք, ո՛չ Կերին եւ ո՛չ ալ ես մեր հայրենի իշխանութիւններէն ու մարմնամարզի նախարարութենէն որեւէ պատասխան չստացանք»։

Խոր ուշադրութեամբ, տխրութեամբ ու ափսոսանքով լսեցի ամերիկահայ նախկին մարզիկի եւ նշանաւոր գործիչին սրտաբեկ եւ միանգամայն արդարացի գանգատը։

Ցաւօք սրտի, նորութիւն մը չէ։ Գրեթէ բոլոր մակարդակներուն վրայ նոյն բեմագրութիւնն ու պատկերը կը կրկնուի։

Մեր քաղաքական, կրօնական, մտաւորական եւ, այս պարագային, մարզական ղեկավարութիւնը գոնէ տարրական քաղաքավարութիւնը կրնար ցուցաբերել այս երկու հայրենասէր ամերիկահայ մասնագէտներուն հանդէպ՝ անոնց առաջարկներուն կա՛մ դրական պատասխան մը տալով, կա՛մ ալ՝ գոնէ պարզ նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց նուիրումին համար։

Փոխարէնը, անոնց արժէքաւոր եւ ազգանպաստ առաջարկները դիմաւորուեցան անտարբերութեամբ ու վիրաւորական լռութեամբ։

Ցաւալի է, բայց այս նոյն երեւոյթը, գրեթէ առանց բացառութեան, կը տիրէ մեր ազգային կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ։

Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին սիրոյն, եկէ՛ք բարեփոխենք մեր այս գործելակերպը եւ վերջ տանք այն խորթ սովորութեան ու վերաբերմունքին, որ մեր նուիրեալ հայրենակիցները կը ձգէ անպատասխան, կը վիրաւորէ անոնց զգացումները եւ արհամարհանքի կ՛ենթարկէ անոնց անկեղծ ջանքերը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button