
100 տարի առաջ, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը մօտաւորապէս 15 միլիոն զինուորներ եւ քաղաքացիներ զոհուեցան, եւ աշխարհի մարդկութեան հասցուցած անոր տառապանքները ու բացած վէրքերը չէին բուժուած դեռ բոլորովին, հաշտութիւն կնքուած էր յաղթական դաշնակիցներու եւ պարտուած կողմերու միջեւ:
80 տարի անցաւ այն օրէն ի վեր, երբ Ատոլֆ Հիթլէրը Յունուար 30, 1933ին Գերմանիոյ վարչապետ նշանակուեցաւ եւ իշխանութիւնը ձեռք առաւ, աջակցութեամբ իր հիմնած “Ազգային Ընկերվարական Գերման Բանուորական Կուսակցութեան“ (Նացի):
75 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 1, 1939ին, տեղի ունեցաւ Երկրորդ Մեծ Պատերազմը, վճռական դարձակէտ մը կազմեց Եւրոպայի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Մօտ 50 միլիոն զինուորներ եւ քաղաքացիներ զոհուեցան միայն Եւրոպայի մէջ:
1931
Հոկտեմբեր 27ին, Նիւ Եորքի մէջ, “Իլէքթրիք“ ընկերութեան մէկ ճաշկերոյթի ժամանակ, “Սիմընս“ ընկերութեան տէրը` Քառլ Ֆրտիշ Ֆոն Սիմընսը յայտարարած է, “Ատոլֆ Հիթլէրի շարժման արմատն է, պայքար ընդդէմ ընկերվարութեան“:
1932
Յունուար 27ին, Գերմանիոյ Տիւսէլտորֆ քաղաքի գործարանատէրերու ակումբին մէջ աւելի քան 700 տնտեսական պետերու ներկայութեան Ատոլֆ Հիթլէր հետեւեալը յայտարարած է,և “Մենք վերջնականապէս որոշած ենք Մարքսիսմը մինչեւ իր վերջին արմատը Գերմանիոյ մէջ կտրել եւ փճացնել“:
Մայիս 30ին, Գերմանիոյ նախագահ Մառշալ Փաուլ Ֆոն Պէնէքնդորֆ Հինտէնպուրկ (1847և1934) վարչապետ Հայնրիշ Պրունիկին (1885և1970) կը հեռացնէր պաշտօնէն, Յունիս 1ին իր տեղը կը նշանակէր զօրաւոր կայսրական մը Ֆրանց Ֆոն Փաբէնը:
1933
Նացիներուն իշխանութեան գլուխ գալուն համար, “Օթօ Վոլֆ Մոնթան“ ընկերութիւնը, “Դրէսդներ“ դրամատունը, Կուսթաֆ Քրուբ Ֆոն Պոհլին, “Հալպախ“ ընկերութիւնը, “Սիմէնս“ ընկերութիւնը եւ տասնեակ ուրիշ մեծ եւ փոքր ընկերութիւններ օգնեցին Ատոլֆ Հիթլէրին բարոյական եւ նիւթական ձեւով, որ կարողանայ վերջին պահպանողական ընդդիմադրութեան յաղթահարել:
Յունուար 30-ին նացի բռնատէր Ատոլֆ Հիթլէր դրամատէրերու օգնութեամբ իշխանութեան գլուխ եկաւ եւ մնաց 12 տարի:
Մարտ 13-ին Փաուլ Եոզէֆ Կոպէլս (1897և1945) կը նշանակուի քարոզչութեան նախարար:
Օգոստոս 2-ին կը մահանայ Գերմանիոյ նախագահ Մառշալ Հինտէնպուրկը, Ատոլֆ Հիթլէր կը դառնայ “Ֆիւհրէր Ռայշս Քանցլըր վարչապետ“, նախագահ գերման երրրորդ կայսրութեան եւ գլխաւոր հրամանատար բանակին:
“Առանց միասնաբար աշխատանքի, գերման գործարանատէրերու եւ նացի կուսակցութեան, Ատոլֆ Հիթլէրը եւ իր կուսակցութեան ընկերները որեւէ անգամ չէին կարող Գերմանիոյ իշխանութիւնը ձեռք առնել եւ ամրացնել եւ Երրորդ Ռայշը չէր համարձակեր աշխարհը պատերազմի մէջ կործանել“:
Այս խօսքերը արտասանած է ամերիկացի դատախազը Օգոստոս 27, 1947-ին Նիւրէնպերկի պատերազմական մարդասպաններու դատարանին մէջ:
Մարտ 1936-ին Ատոլֆ Հիթլէր կը գրաւէր Ռայնլանդի Ռուհրի ճարտարարուեստական հարուստ շրջանը:
Մարտ 13, 1938-ին գերման բանակը կը շարժի դէպի Աւստրիան առանց պատերազմի կը գրաւէ եւ կը միացնէ Գերմանիոյ` Մեծ Գերմանիա կազմելով:
1938 Սեպտեմբերին Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ Միւնիխ քաղաքին մէջ կը կնքուի համաձայնագիր մը, Չեքոսլավաքիոյ Զիւտէթնի շրջանը կը միացուէր մեծ Գերմանիոյ:
1939
Մարտ 15-ին գերման բանակը այս անգամ կը մտնէ եւ կը գրաւէ Չեխաստանը:
Օգոստոս 22-ին Գերմանիան դեռ Լեհաստանը չէր գրաւած, Ատոլֆ Հիթլէր Օպերզալցպերկ քաղաքին մէջ իր հրամանատարներուն ու զօրավարներուն առաջ հետեւեալը խօսած է.և
“Ես իմ մահաբեր խումբերուն հրահանգ տուած եմ, առանց ողորմութեան կամ գթութեան` տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ, որոնք սլաւական խօսող ցեղին կը պատկանին, ոչնչացնել:
Միայն այսպէս կարող ենք մենք տէր դառնալ կեանքի տարածութեան, որ մենք կարիք ունենք:
Ո՞վ կը յիշէ վերջապէս, այսօր դեռ հայերու բնաջնջումը“:
Օգոստոս 23-ին Ատոլֆ Հիթլէր եւ Եոզէֆ Սթալին կ՛ստորագրեն ոչ յարձակողական դաշնագիր մը, ուր եւ կ՛որոշուի Լեհաստանը բաժնել իրենց միջեւ:
Սեպտեմբեր 1ին գերման բանակը կը յարձակէր Լեհաստանի վրայ ճիշդ ժամը 4.45ին եւ կը գրաւէ Լեհաստանի միայն կէսը:
Սեպտեմբեր 17ին Սովետական Միութեան Կարմիր բանակը կը յարձակի եւ կը գրաւէ Լեհաստանի Արեւելեան հողամասը եւ այսպէսով Լեհաստանը մօտ վեց տարի աշխարհի քարտէզի վրայէն կը չէզոքանայ:
Եւ այսպէսով կը պայթէր Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը:
1940
Ապրիլ 9-ին գերմանական բանակները երկու շաբթուան մէջ կը գրաւեն Տանիմարքան եւ Նորվեկիան, հինգ շաբաթէն Հոլանտան, 17 օրուան մէջ Պելճիքան, 6 շաբաթէն Ֆրանսան, երեք շաբաթէն Յունաստան, 11 օրէն Եուկոսլավիան, ուրեմն Անգլիայէն զատ Գերմանիոյ սահմանները հասած էին մինչեւ Պրէսթ Լիթովսքի:
1941
Յունիս 22-ին, Ատոլֆ Հիթլէր խզելով Մոսկուայի հետ կնքած բարեկամական դաշնագիրը, կը յարձակէր այս անգամ Սովետական Միութեան վրայ, Լեհաստանի վրայով, Լաթվիան, Լիթուանիան, Էսթոնիան, Սպիտակ Ռուսիան եւ Ուքրանիան կը գրաւուի եւ գերմանացիք կը հասնին մինչեւ Լենինկրատի մօտերը, հարիւր հազարաւոր գերիներ կը բերեն Գերմանիա, գործարաններու մէջ գործելու:
Դեկտեմբեր 7-ին, Գերմանիոյ դաշնակից` Ճափոնիոյ օդանաւատորմը յանկարծակի յարձակելով Միացեալ Նահանգներու` Հարպըրի վրայ, կը փճացնեն ամերիկեան նաւատորմը:
Դեկտեմբեր 11-ին Միացեալ Նահանգներն ալ պատերազմ կը յայտարարէ:
Ռուսական “Ամառ“ը շատ կարճ կը տեւէ Հիթլէրի համար, օրէ օր վատ լուրեր կը հասնէին Պերլին, Լենինկրատի պաշարումը արդէն Հիթլէրին կռնակը կոտրած էր, հիւանդ էր, մինակ էր, միայն Մառշալ Գիւրինկը իրեն յոյսեր կու տար, գերման պաշարուած բանակին օդէն օգնել, բայց ան ալ չի յաջողեցաւ:
265.000 պաշարուած զինուորներէն մինչեւ պատերազմի վերջը 100.000էն աւելի սպաննուած էին, տասնեակ հազարներ հիւանդ եւ վիրաւոր, միայն 34.000 վիրաւոր պաշարուած էին, 90.000 գերի կը տանեն ռուսերը դէպի Ռուսիոյ զանազան կողմերը, պատերազմէն վերջ շատ տարիներ ետք քիչեր կը յաջողէին ետ վերադառնալ:
Յուլիս 20, 1944-ին գերմանական խումբ մը զինուորական սպաները կը փորձէին Ատոլֆ Հիթլէրին սպաննել, բայց չեն յաջողիր, բոլորն ալ կը գնդակահարուին եւ անոնց ընկերներն ու բարեկամները կը բանտարկուին:
Ապրիլ 28, 1945-ին Հիթլէրը կ՛ամուսնանայ իր ընկերուհի Էվա Պրաունի հետ: 40 ժամ վերջ երկուքը միասին անձնասպան կ՛ըլլան “Ֆիւհրիրի Պունքրի“ մէջ:
Մայիս 8, 1945-ին գերմանական բանակի հրամանատար զօրավար Քայթէլը չորս մեծ պետութիւններու առջեւ կը ստորագրէ Գերմանիոյ անձնատուութիւնը:
Սեպտեմբեր 2, 1945-ին Ճափոնիան պաշտօնապէս անձնատուր եղաւ, իրականութեան մէջ ամերիկեան երկու ադոմական ռումբերը վերջացուցին Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը:
“Little Boy“ը Օգոստոս 6-ին կործանեց Հիրօշիմա քաղաքը “Fat Man“ը Օգոստոս 9-ին կործանեց Նակազաքի քաղաքը: Այս երկու քաղաքներուն մէջ շուտով մահացան 200.000 հոգի:
Երկրորդ Մեծ Պատերազմի սարսափի հաշուեկշիռը
Պատերազմը տեւեց ճիշդ 5 տարի, 8 ամիս եւ 6 օր: Իսկ միայն Եւրոպայի մէջ տեւեց 2077 օր, 49.842 ժամեր եւ 35 վայրկեան:
Պատերազմի վերջին 120 օրերը տեղի ունեցած են միայն Գերմանիոյ հողին վրայ:
Պատերազմին մասնակցած են 61 երկիրներ, որոնք իրարու դէմ պաշտօնական պատերազմ են յայտարարած: Եւրոպայի մէջ կային 5 չէզոք երկիրներ` Զուիցերիա, Սպանիա, Փորթուկալ, Իրլանտա եւ Շուէտ:
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը արժեց 375 միլիար ամերիկեան ոսկի տոլար, Գերմանիոյ համար արժեց 657 միլիար ռայշս մարք, Միացեալ Նահանգներուն համար 109 միլիար տոլար:
Սովետական Միութեան մէջ ապրող հայերը Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին մասնակցած են աւելի քան 500.000 եւ անոնցմէ 103ը արժանացած են Սովետական Միութեան հերոսի կոչումին, իսկ զոհերու թիւը հասած է 300.000-ի:
1945ի Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն Պերլինի շուրջ տեղի ունեցած ճակատամարտին, զոհուած են մօտաւորապէս 250.000 քաղաքացիներ եւ զինուորներ, միայն Պերլինի Ռայշսթակի շուրջ Ապրիլ 30ին զոհուած են մօտ 2000 հոգի:
Մայիս 2-ին Սովետական բանակը բոլորովին գրաւած էր Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինը, բանակին մէջ էին նաեւ հայ ժողովուրդի բազմաթիւ զաւակներ` զօրավարներ, սպաներ եւ զինուորներ: Սպիտակ Ռուսիոյ ռազմաճակատի հրամանատար Մառշալ Ժուկովի զինակիցն էր ռազմաճակատի քաղվարչութեան պետ` Զօրավար Սարգիս Հալաճեան, հրասայլերու հրամանատար` Զօրավար Համազասպ Բաբաջանեան, կորպուսի հրամանատար` Զօրավար Սարգիս Մարտիրոսեան: Պերլին քաղաքի մէջ տեղի ունեցած կռիւներուն կը մասնակցէին Զօրավար Սարգիս Կարապետեան, Զօրավար Իսահակ Գասպարեան եւ ուրիշ հրամանատարներ:
Պերլինի գրաւման եւ ճակատամարտին մասնակցող, հայկական 89րդ “Թամանեան“ հռչակաւոր հրաձգային զօրաբանակի հրամանատար` Զօրավար Նուէր Սաարեան, 1943-ին Երեւանէն “Թամանեան“ զօրաբանակին գլուխ անցած յաղթական մարտեր եղած էր նացի Գերմանիոյ բանակներուն դէմ Ղրիմի մէջ եւ մասնակցած էր Լեհաստանի այլ քաղաքներու ազատագրման եւ անցնելով Օտէր գետը գրաւած էր Ֆրանքֆուրթօտէրը ու մինչեւ Պերլին:
Հայ մեծանուն զինուորական Զօր. Նուէր Գէորգ Սարաֆեան ծնած էր Վասպուրականի Արճէշ գիւղը, 1907ին: 1915-ին տեղի ունեցան հայկական կոտորածները, գործադրուեցաւ պատմութեան աննախընթաց ցեղասպանութիւնը: Աւերուեցաւ հայրենի Արճէշը, ութը տարեկան պատանին որբացած ու անօթեւան պատահաբար յաջողեցաւ ազատիլ թրքական արիւնոտ եաթաղանէն: Գաղթի փշոտ ճամբան բռնածներուն մէջ էր Նուէրի մայրը` երկու զաւակներով, զանազան տառապանքներէ ետք յաջողեցան Էջմիածին հասնիլ:
1944-ին աշնան Զօրավար Ն. Սաֆարեանի գունդերը հրաման կը ստանան տեղափոխուել Մառշալ Գէորգի Ժուկովի ենթակայութեան տակ, արդէն ժամանակին Կովկասի մէջ Զօր. Սաֆարեան ըսած էր.և “Կարս, Էրզրում, Վան չգիտեմ… բայց Պերլին կը մտնեմ“:
Անմահ մեծ վանեցի Զօրավար Նուէր Սաֆարեան կատարեց իր խոստումը, իր գունդերը հասցուց մինչեւ Պերլին եւ մասնակցեց Պերլինի ճակատամարտին: Մինչեւ 50 եւ 60ական թուականներուն Ռայշսթակի շէնքին գանդուած պատերուն վրայ հայերէնով գրուած էին ինքնագրեր, որոնք գրուած էին յաղթող հայ հերոս զինուորներու կողմէ:
Այո, “Թամանեան“ զօրաբանակի հրամանատարի եւ իր անձնակազմի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի յաղթանակի հանդէսն էր:
Ազգասէր եւ հայրենասէր Սաֆարեանին դեռ 41 տարեկան էր երբ անաստուած պոլշեւիկ հայերը իրեն իբրեւ հիւանդ յայտարարեցին եւ ղրկեցին հանգստեան թոշակի:
Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Սեպտեմբեր 2, 1982ին, Երեւանի մէջ դեռ ՎԱՆը չ՛ազատած, մահացաւ հայ զինուորական տաղանդի մէկ հռչակաւոր ներկայացուցիչ անմահ Զօրավար Նուէր Գէորգ Սաֆարեան:
Ինձ համար մեծ պատիւ մըն էր Մայիս 8, 1978ին, Երեւանի իր բնակարանին մէջ անմահ վանեցի Զօրավարի ձեռքը եւ ճակատը համբուրել…
Փետրուար 2014
Գերմանիա
Պատերազմի ժամանակ մաս մը երկիրներու կորուստները
Երկիր քաղաքացիներ զինուորներ
Խորհրդային Միութիւն 7.000.000 13.000.000
Գերմանիա 3.640.000 3.250.000
Լեհաստան 6.000.000 120.000
Ֆրանսա 270.000 250.000
Եուկոսլաւիա 130.000 300.000
Իտալիա 70.000 330.000
Աւստրիա 230.000 40.000
Անգլիա 290.000 60.000
Եւրոպա 39.600.000 մէջը ըլլալով հրեաներ 5.900.000
Ասիա 20.950.000
ընդհանուր 60.550.000