Լրահոս

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Ի Յիշատակ Ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, յիշատակ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի  հոգեհանգստեան արարողութիւնմը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Ստեփանոս Հայոց եկեղեցւոյ (38 Elton Avenue, Watertown) մէջ, որմէ ետք գերեզմանատան աղօթքը պիտի կատարուի Ուաթըրթաունի Ridgelawn Գերեզմանատան մէջ ։

Ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան՝ շուրջ երեսուն տարի Հայ Օգնութեան Միութեան Հրատարակութեան բաժանմունքը տնօրինելէ ետք, հանգստեան կոչուեցաւ Յունուար 2024-ին։

Մեծ է վաստակը ընկեր Թաթուլին հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ։

Ան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս։ Համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, ընկեր Թաթուլ աշխատակցած է տարբեր օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու, ձեւաւորելով անոնց կողքերը։ 1951-էն 1957 գործած է Ամերիկեան Տեղեկատուութեան Գործակալութեան մէջ՝ իբրեւ հրատարակչական բաժնի վարիչ- գծագրիչ։ Տեղին է յիշատակել ընկերոջ գծանկարիչի տաղանդը՝ ստեղծագործելով որմազդներ եւ նշանապատկերներ տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համար:

Ան մեծ պատասխանատուութեամբ վարած է Հ․Յ․Դ․ եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը՝ անձնուիրաբար եւ հաւատարմօրէն կատարելով իրեն տրուած բոլոր պարտականութիւնները։ Զուգահեռաբար այս պաշտօնին, ընկեր Թաթուլ նաեւ վարած է «Արմինիըն Ռիվիու»-ի խմբագիրի պաշտօնը։

 

Advertisement Donate Today

 

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button