ԳլխաւորԼրահոս

«Համազգային»-ի Երիտասարտական Հաւաքի Մասնակիցները Նշեցին Պայծառակերպութեան Տօնը

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը` Վարդավառը: Այս նախաձեռնութեան հիւրերն էին «Համազգային»-ի համահայկական երիտասարդական հաւաքի (ֆորում) մասնակիցները:

Տօնական օրուան սկիզբը երիտասարդները նախ յարգանքի տուրք մատուցեցին մեծն Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին` խոնարհելով հայ դպրութեան հիմնադիրին յիշատակին առջեւ:

Հաւաքը կայացաւ ջերմ, հայրենաշունչ մթնոլորտի մէջ` դառնալով հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման եւ մշակութային արժէքներու վերարժեւորման յաւելեալ գեղեցիկ առիթ մը: Վարդավառի տօնը շարունակուեցաւ երիտասարդներուն կողմէ ազգային, հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ:

Ներկաները նաեւ այցելեցին Սուրբ Կարմրաւոր եկեղեցի եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած հայ մեծանուն գրողի` Գէորգ Էմինի յիշատակին: Գրողին շիրիմին մօտ երիտասարդներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գէորգ Էմինի ազգական Արեւիկ Գաբրիէլեանը` նշելով, որ Էմինը հայ ազգի նուիրեալ էր, եւ անոր պատգամն է, որ հայ երիտասարդը երբեք չկորսնցնէ իր կապը հայրենի հողին հետ, տիրապետէ մայրենիին եւ իր ամբողջ ներուժով ծառայէ ազգային արժէքներու յարատեւման:

Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քահանայ Յովհաննիսեանն իր օրհնութեան եւ բարեմաղթութեան խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն եւ միասնական աղօթքով խնդրեց, որ Բարձրեալը խաղաղութիւն ու արեւշատութիւն շնորհէ աշխարհասփիւռ հայ ազգին:

Այնուհետեւ ծրագիրը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ կից դպրատան սրահին մէջ: Ներկաները ունկնդրեցին հոգեւոր երգերու շարք` Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգիչ Ռոման Խնկոյեանի կատարողութեամբ:

Advertisement Subscribe Today

Նախաձեռնութեան պաշտօնական բաժինով խօսք առին «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեանը,  Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի վաստակաշատ նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը եւ գրող Արտաւազդ Նազարեանը` կարեւոր նկատելով մաշտոցեան արժէքներն ու սփիւռքահայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութեան պահպանումը:

«Այսօր, երբ աշխարհի 10 երկիրներէ հաւաքուած էք հոս` մեր մեծ ուսուցիչի` Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին մօտ, մենք կը վերահաստատենք մեր միասնութիւնը: Մաշտոցեան գիրերը պարզապէս տառեր չեն, անոնք մեր ինքնութեան յենասիւներն են, որոնք դարեր շարունակ մեզ հայ պահած են, եւ այսօր ալ ինքնին անոնք պիտի դառնան ձեր ուղեցոյցը` աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք», շեշտեց Արտաշէս Շահպազեան:

Ռուզան Առաքելեան իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` կարեւոր նկատեց. «Հայոց գիրերու ստեղծումը մեր պատմութեան մեծագոյն հրաշքն է, եւ մեր գլխաւոր առաքելութիւնն է, որ դուք` նոր սերունդը, ամուր կառչած մնաք այդ արմատներուն, պահպանեցէք մեր լեզուն ու մշակոյթը ձեր համայնքներուն մէջ: Մաշտոցի հանճարը մեզի ոչ միայն գիր տուաւ, այլ նաեւ հոգեւոր զրահ` ընդդէմ ուծացման: Մաշտոցեան այս ժառանգութիւնն է այն կամուրջը, որ ձեզ միշտ պիտի կապէ հայրենիքին ու ձեր ինքնութեան»:

Տիգրան Ճինպաշեան ընդգծեց. «Մաշտոցի շիրիմին առջեւ կանգնիլը սովորական այցելութիւն չէ, այլ ինքնութեան քննութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Այսօր սփիւռքի մէջ հայերէն խօսիլն ու հայ զգալը հերոսութիւն է, բայց միեւնոյն ժամանակ` մեր գոյութեան միակ երաշխիքը: Դուք աշխարհի տարբեր ափերէն բերած էք ձեր համայնքներու շունչը, բայց ձեր հոգեւոր հայրենիքը հո՛ս է»:

Գրող Արտաւազդ Նազարեանը պատմական ընդհանուր ակնարկով անդրադարձաւ մաշտոցեան ժամանակներուն եւ հայ ինքնութեան պահպանման խնդիրներուն` շեշտելով, որ գիրերու գիւտը եղած է հայութեան առաջին մեծ ռազմավարական յաղթանակը, որ փրկած է ազգը ձուլումէ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button