0 0
Read Time:2 Minute, 35 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մէ­կի դէմ 43 ձայ­նի տարբերութեամբ, Ա.Մ.Ն. Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց յանձ­նա­խում­բը, Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան լի­ա­զօ­րու­թիւն շնոր­հեց Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն պա­հան­ջե­լու, որ Թուրք­իոյ տա­րած­քին, քրիս­տոն­եա­նե­րու պատ­կա­նող եկե­ղե­ցի­ներ վե­րա­դարձ­ուին իրենց տէ­րե­րուն:

Քոնկ­րէ­սա­կան­ներ Էտ Ռոյս (Հան­րա­պե­տա­կան, Քա­լի­ֆորն­իա) եւ Հաուըրտ Պըր­մըն (Դե­մոկ­րա­տա­կան, Քա­լի­ֆորն­իա)) ներ­կա­յա­ցու­ցած են, Թուրք­իոյ մէջ կրօ­նա­կան ազա­տու­թեան վե­րա­բեր­եալ այս բա­նա­ձե­ւը:

Այս գծով, հայ, ասո­րի թէ յոյն գա­ղութ­ներ գոր­ծի լծուած էին:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, յա­տուկ  նա­մակ-կո­չով մը, հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, թէ Չո­րեք­շաբ­թի, Յու­լիս 20ին, այս բա­նա­ձե­ւը Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէ տէր կանգ­նիլ իր մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թեանց, եւ հա­յե­րուն ու քրիս­տոն­եայ այլ հա­մայնք­նե­րուն վե­րա­դարձ­նել անոնց պատ­կա­նող եկե­ղե­ցի­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ լի­ո­վին յար­գել իրենց հա­ւատ­քը ամ­բող­ջա­կան ազա­տու­թեամբ կի­րար­կե­լու Թուրք­իոյ քրիս­տոն­եայ հա­մայնք­նե­րուն իրա­ւուն­քը: Ուա­շինկ­թը­նի մէջ Թուրք­իոյ դես­պա­նա­տու­նը, զօ­րա­շար­ժի դի­մած ու գոր­ծի լծած էր, իր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը` պայ­քար մղե­լու եւ ձա­խո­ղեց­նե­լու հա­մար այս բա­նա­ձե­ւը: Իրենց կար­գին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ապ­րող թուրք եւ ազե­րի հա­մայնք­ներն ու իրենց լոպի­ին­կի մե­քե­նան, զօ­րա­շար­ժի են­թարկ­ած էին:

Նշենք թէ Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը, իր կո­չին մէջ խնդրած էր հա­յոր­դի­նե­րէն, որ­պէս­զի դի­մեն իրենց շրջա­նի բնակ­չու­թիւնը ներ­կա­յաց­նող քոնկ­րէ­սա­կա­նին, պա­հան­ջե­լով, որ զօ­րա­վիգ կանգ­նի այս բա­նա­ձե­ւին: Նա­եւ նշուած էր թէ կրօ­նա­կան ազա­տու­թեանց յար­գումն ու պաշ­տա­մուն­քի վայ­րե­րու ազատ տնօ­րի­նու­մը մարդ­կա­յին տար­րա­կան իրա­ւունք­ներ են, որոնք մի­ջազ­գա­յին ուխ­տե­րով ու պայ­մա­նա­գիր­նե­րով երաշ­խա­ւոր­ուած են:

Յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մար, կա­րե­լի է դի­մել նա­եւ Հայ Դա­տի գրա­սեն­եա­կի կայ­քէ­ջին` www.anca.org/return:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles