Սօս Վանիի Անտիպ Գործերը՝ Սիմոն Վրացեանի Եւ Օննիկ Զաքարեանի Նամակներուն Մէջէն

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
28 Մայիս 1966-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձի նուիրական օրը, Փիրէայի հիւանդանոցին մէջ իր աչքերը յաւիտենապէս կը փակէր յունահայ գաղութի մեծ երախտաւոր, հայ գիրի ու դպրութեան մշտաջան բանուոր մը՝ Սօս-Վանին, աշխարհական անունով՝ Կարապետ Յովհաննէսեան։
Վասպուրական աշխարհի հպարտ զաւակը իր բովանդակ կեանքը ապրեցաւ հայ գիւղին կարօտով, բռնի թողած հողին անձկութեամբ, որուն ամէն մէկ ափ ու թիզ հարազատօրէն իր արժանի տեղը գտաւ նուիրեալի երկարաշունչ գրական վաստակին մէջ, երգելով անոր փառքն ու հիւսելով հայկական հարազատ, բայց ընդմիշտ անհետացած գեղջկական կենցաղի գովքը։
Ինչպէս իր ժամանակակիցներն ու աշակերտները կը հաստատէին, Սօս-Վանին երբեք չկարողացաւ հաշտուիլ գաղթահայ իրականութեան հետ։ Իր մէջ բոցավառեցաւ ի՛ր իսկ ապրած «իրական» Հայաստանը, այն աշխարհը՝ ուր իր աչքերը բանալով շնչեց եւ ապրեցաւ հայկական արեւին ու քամիին կենսատու շունչը, մշտապէս իր տառապած հոգիի խոցուած ծալքերուն մէջ պահելով գանձեր, ապրումներ, հայու իրական արժէքը, որոնց հաւատարիմ պահապանը մնաց իր գործով, ուսուցչական վաստակով, բայց մանաւանդ գրական հարուստ արտադրութեամբ, որ աւա՜ղ՝ այսօր մոռացութեան մէջ ինկած է, անհետացած է…։
Սօս-Վանիի Գրական Գործերու Անյայտ Բախտը
Կարճ ժամանակ առաջ, վաստակաւոր մտաւորական եւ հանրային գործիչ, Հ.Յ.Դ. եւ Համազգայինի արխիւներուն անխոնջ պրպտող ընկ. Երուանդ Փամպուքեանի ու օգնական քարտուղար ընկ. Թամար Սնապեան-Սուրճեանի ջանքերով, ձեռքս հասաւ յունահայ երախտաշատ վարժապետ ու գործիչ, հանգուցեալ Օննիկ Զաքարեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ ու «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի երկարամեայ վաստակաւոր տնօրէն Սիմոն Վրացեանի միջեւ փոխանակուած նամակներուն պատճէնը։
Անոնց մէջ մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի Սօս-Վանիի գրական գործերու ամբողջական ցանկը, որ խղճմտութեամբ արձանագրած է Օ. Զաքարեան։ Նամակներու ընթերցումը՝ յունահայ գաղութին հետ առնչուած արժէքաւոր տուեալներ արձանագրելու կողքին, յուզում ու ափսոսանք պատճառող իրողութիւն մը կը դառնայ, դառնօրէն մտածելու համար, թէ ի՜նչ եղաւ բախտը Սօս-Վանիի գրական գանձերուն։ Օննիկ Զաքարեանի հոգեկան տառապանքը, զանոնք ապահով տեղ մը հասցնելու տանջալից հեւքը, կորուստէ փրկելու տագնապալի արձանագրութիւնն է, որ կ՚արտացոլայ գրուած տողերուն մէջէն։
Սօս-Վանին մահացաւ 28 Մայիս 1966-ին։ Հազիւ երեք ամիս անցած է աննման կրթական մշակի մահէն, երբ 2 Սեպտեմբեր 1966 թուակիր նամակին մէջ Օննիկ Զաքարեան հետեւեալ տողերը կը գրէ իր սիրելի բարեկամ Սիմոն Վրացեանին։
«Քանի մը օրեր առաջ, Սօս Վանիին կնոջը այցելեցի եւ գրի առի իր ձեռագիրներու ցուցակը։ Բոլորն ալ տրամադրելի են Ձեզի։ Ցուցակը կը ներփակեմ։ Եթէ համաձայն էք՝ սնտուկով մը կը ղրկեմ Ձեզի ճեմարանականներուն հետ։ Կը կարծեմ, որ հրատարակելի նիւթեր կրնաք գտնել։ Ձեռագիրները աւելի քան ընթերնելի են եւ բոլորն ալ վերանայուած ու սրբագրուած։ Այսպէս որ, հրատարակութեան պարագային զերծ կը մնաք տաղտուկներէ։ Կրկնեմ, որ ձեռքի գալիք շատ բաներ կրնաք գտնել։ Ձեռագիրները, այսինքն ղրկելիքներս վերադարձնելու հարկին մէջ պիտի չգտնուիք։ Իսկ ինչ կը վերաբերի նիւթական ակնկալութեան մը իր այրիին կողմէ, այդ տեսակէտէ ալ կրնաք հանգիստ ըլլալ։ Ձեր ուզած ձեւով կրնաք կարգադրել։ Սօս-Վանին, իր 50 տարիներու ծառայութեամբ՝ բաւական ընդարձակ շրջանակ մը ունի նախկին սան-սանուհիներու, այս պարագան ալ հարկ է հաշուի առնել հրատարակելի գրքերու սպառման մէջ»։
Նոյն նամակին կցուած է մէկ էջի վրայ մեքենագրուած ցանկը Սօս-Վանիի գործերուն։
Օննիկ Զաքարեան կը շարունակէ տագնապիլ անտիպ գործերու բախտով։ Ան կը հաւատայ, թէ անոնց տեղը Համազգայինի գրադարանին մէջն է միայն, հրատարակութեան արժանանալու երազանքով։ Այս նախանձախնդրութեամբ, իր 17 Յունիս 1967 թուակիր նամակին մէջ կը պնդէ տետրակները ղրկել Ճեմարան։
«Քանի մը առիթներով գրած էի Ձեզի Սօս-Վանիի գրական վաստակին մասին։ Տիկինը տրամադիր է ամբողջութեամբ զանոնք տրամադրել ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻՆ. ձեռքի գալիք բաներ կան։ Այս մասին պիտի ուզէի Ձեր պատասխանը։ Բացասական ըլլալու պարագային տարբեր կարգադրութիւն մը ընելու համար»։
Ծանօթ է, որ արդէն այդ տարիները (իր մահէն հազիւ երեք տարի առաջ), Սիմոն Վրացեան կը դիմագրաւէր առողջական լուրջ խնդիրներ, միաժամանակ կը փորձէր նաեւ հասնիլ ճեմարանի տնօրէնի պարտականութիւններուն։ Զարմանք չի պատճառեր ուշացած նամակը Վրացեանէն՝ 30 Յունիս 1967 թուակիր նշումով, որուն մէջ մեծ հայը կը փորձէ տարբեր լուծում տալ՝ անտիպ գործերը Հայաստան ուղարկելու թելադրանքով, գուցէ իր միտքին մէջ ունենալով այն համոզումը, թէ նման գանձ մը աւելի լաւ բախտի կրնայ արժանանալ հայրենի գրական աշխարհին մէջ։ Վրացեան կը պատասխանէ։
«Սօս-Վանիի գրութիւնները, իմ կարծիքով լաւ է ուղարկել Հայաստան։ Կ՚ենթադրեմ, թէ սիրով կ՚ընդունին։ Եթէ այդպիսի հնարաւորութիւն չկայ, ուղարկեցէք Ճեմարան մեր թանգարանի գրական բաժնում զետեղելու համար։ Ուրախութեամբ եւ շնորհակալութեամբ կ՚ընդունինք»։
Յայտնի չէ, թէ ինչ պատահեցաւ անկէ ետք։ Ո՞ւր մնացին գործերը, որո՞նց մօտ պահուեցան։ Հետագայ նամակներուն մէջ, Օննիկ Զաքարեան կը խօսի Պէյրութ այցելութեան մասին, որ եղած է հաւանաբար 1967-ի վերջերը կամ 1968-ի առաջին օրերը։ Ուրիշ նշում չկայ Սօս-Վանիի գործերուն մասին։ Արդեօ՞ք Զաքարեան անոնք իր հետ տարաւ Պէյրութ եւ յանձնեց Ճեմարան։ Պէ՛տք է որոնել։ Արդեօ՞ք մնացին իր այրիին մօտ ու կորստեան մատնուեցան։ Արդեօ՞ք տարբեր կարգադրութին մը եղած է։
Կարճատեւ համեստ պրպտումներս արդիւնք չտուին։ «Ազատ Օր»-ի, Յունաստանի Համազգայինի եւ «Զաւարեան» կեդրոնի գրադարաններուն մէջ նման գործեր չկան, միայն նմուշներ՝ Սօս-Վանիի լոյս տեսած սակաւաթիւ հատորներէն, որոնցմէ «Ազատ Օր»-ը բաժիններ հրատարակեց յաջորդական թիւերով՝ քանի մը տարի առաջ։
Մեր գրական գանձարանը որքա՜ն աւելի հարուստ պիտի ըլլար եթէ ժամանակին այդ արժէքաւոր գործերը արժանացած ըլլային հրատարակութեան։ Վարժապետի համեստ ռոճիկով ապրած, համեստութեան մարմնացումը եղած մեծ հայ մարդու՝ Սօս-Վանիի գործերուն վիճակուած այսպիսի ճակատագիրը ափսոսանք մըն է…։

Սօս–Վանիի Գրական Վաստակը
(արձանագրուած Օննիկ Զաքարեանին կողմէ)
1. «Հին Յունաստանի լեգենդներն ու առասպելները», Ա. գիրք՝ էջ 255, Բ. գիրք՝ էջ 230, ձեռագիր։
2. «Սասունական» – վիպերգ — էջ 60։
3. «Հայկական պարերգներ». գրքոյկ 42 էջով, տպագրուած 1912-ին, Ատաբազար։
4. «Կանաչենց հարսը» — վէպ — իբրեւ թերթօն հրատարակուած ԱԶԱՏ ՕՐ-ի եւ ՅԱՌԱՋ-ի մէջ։
5. «Աւանդութիւններ-պատմուածքներ եւ հեքեաթներ». թերթերու մէջ հրատարակուած ըլլալով՝ ամփոփած է եւ կազմած գիրք մը. էջ 119։
6. «Կիլիկիա–հոն՝ ուր Ռուբինեանց շուքը երկարեցաւ». ձեռագիր. էջ 85։
7. «Մեր երկրի ջրային խաղերէն». ձեռագիր, էջ 94. նկարազարդ։
8. «Հայկական հարսանիքը, հայ ընտանիքը եւ տունին խորհուրդը». ձեռագիր, էջ 66, գեղջկական, տոհմիկ նկարներով։
9. «Հայ դիցաբանութիւն». թերթերու մէջ հրատարակուած ու ամփոփուած տետրակի մէջ, էջ 17։ Իւրաքանչիւր էջ՝ թերթի երկու սիւնակ։
10. «Մեր երկրի քարայրները-մեր երկրի ծակ քարայրները»։ ձեռագիր, էջ 132։
11. «Մէկ ազգ եւ մէկ Հայրենիք». երկու մասերէ բաղկացած թատերակ. Ա. մասը՝ էջ 15, Բ. մասը՝ էջ 21։
12. «Սրբազան ծառեր». ձեռագիր, էջ 76։
13. «Աւանդութիւններ». 17 հատ. ձեռագիր, էջ 63։
14. «Վասպուրականն ու վասպուրականցին». ձեռագիր, էջ 47։
15. «Մեր լեռներու խորհուրդը». ձեռագիր, էջ 83։
16. «Բնութիւն եւ Հրաշալիք-Վասպուրական եւ վասպուրականցին», էջ 57։
17. «Հայ ընտանեկան բարքերն ու նախապաշարումները». ձեռագիր, էջ 147։
18. «Քերթուածներ». ձեռագիր, էջ 69։
19. «Աւանդութիւններ եւ վիպերգներ». թերթերու մէջ հրատարակուած եւ ամփոփուած տետրակի մը մէջ. էջ 99։
20. «Հեքեաթներ պատանիներու համար». ձեռագիր, էջ 149։
21. «Պատմուածքներ՝ հպարտանքի եւ տխրութեան». ձեռագիր, էջ 160։
22. «Կանչեր՝ մեր լացի պատէն». ձեռագիր, էջ 64։
23. «Ծոցիս տետրակէն». Ա. գիրք՝ էջ 263, Բ. գիրք՝ էջ 293, Գ. գիրք՝ էջ 52, բոլորը ձեռագիր։
24. «Շատախ-պատկեր եւ նշխար». ձեռագիր, էջ 240, պատկերազարդ։
25. «Պատմուածքներ գիւղէն». ձեռագիր, էջ 205։
26. «Դարեր առաջ», տաղաչափեալ. Ա. տետրակ՝ էջ 234, Բ. տետրակ՝ էջ 278, Գ. տետրակ՝ էջ 199։
27. «Այգեստան». ձեռագիր, էջ 265։
28. «Հաւատոյ հանգանակէս». ձեռագիր, էջ 245։
29. «Վիպերգներ». Էջ 191։
30. «Հայրենի յուշեր». Ա., Բ., Գ., Դ. տետրակներ, իւրաքանիւրը 240, 260, 210, 150 էջ։
31. «Նշխար եւ պատկեր». ձեռագիր, էջ 191։
32. «Աւանդութիւններ». ձեռագիր, էջ 206։
33. «Հնամատեան». ձեռագիր, էջ 254։
34. «Հայրենի սարեր». ձեռագիր, էջ 350, պատկերազարդ։
35. «Ճանչնանք մեր հայրենիքը». ձեռագիր, էջ 1600։

