Լրահոս

Ընտրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը Ընդունուեցաւ

ԵՐԵՒԱՆ․- Ազգային ժողովի հրատապ նիստին քննարկուեցաւ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը: Նախագիծը ընդունուեցաւ երկրորդ ընթերցումով: Թեր քուէարկութեան պատկերն էր 67, դէմ` 16 պատգամաւոր:

Այս փոփոխութեամբ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի պատգամաւորները կ՛առաջարկեն սահմանել, որ կուսակցութիւններու դաշինքի անուանումը չի կրնար բովանդակել անհատի անուն, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անուններ կամ զանոնք շփոթելու աստիճան նման անուանումներ կամ անոնց հոլովաձեւեր: Դաշինքի անունը չի կրնար բովանդակել նաեւ վիրաւորական կամ զրպարտչական բնոյթի բառեր կամ այլ արտայայտութիւններ:

Միւս փոփոխութեամբ՝ քուէաթերթիկը անվաւեր կը նկատուի, եթէ անիկա կամ ծրարը ներառէ որեւէ գրառում կամ նշում, կամ ծրարին մէջ, բացի քուէաթերթիկէն, դրուած ըլլայ որեւէ այլ իր: Ընդդիմութիւնը քննադատեց այս փոփոխութիւնները` նշելով, որ՝ «ոտքի վրայ նախագիծ են բերել» ու ընտրութիւններէն երկու ամիս առաջ իշխանաւորները կ՛ուզեն ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ կատարել։

«Հայաստան» խմբակցութենէն Արծուիկ Մինասեանի համաձայն` այս փոփոխութիւնները, յատկապէս անուանումներու մասով, պիտի ազդեն ամբողջ ընտրարշաւի գործունէութեան վրայ:

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան այս գործընթացը ի սկզբանէ որակեց հակաիրաւական եւ քննարկումէն առաջ իսկ յայտարարեց, որ դէմ պիտի քուէարկեն:

Ընդդիմութենէն դիտել տուին, որ այս փոփոխութիւնը գործարար Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդած «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» դաշինքին դէմ է:

Advertisement Subscribe Today

«Ուժեղ Հայաստան»-ը, իր կարգին, հրատապ ասուլիս հրաւիրեց Ազգային ժողովին դիմաց ու շեշտեց, որ այս փոփոխութիւնը ուղղակի Սամուէլ Կարապետեանին դէմ է, հակասահմանադրական որակելով ընտրութիւններէն 2 ամիս առաջ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button