Յօդուածներ

Ծանօթանանք «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Վէպին Եւ Անոր Հեղինակին

 

ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Ապրող, շնչող եւ սակաւ իսկ արարող մտաւորականներու նօսրացած թիւն անգամ տակաւին գրասէրներուս եւ յատկապէս հայ գրականութեամբ տարուած «խելագար»-ներուս համար ընթերցելու «գինովութեան» ներշնչանքը կը փոխանցէ՝ մերթ ընդ մերթ:

Մօտաւորապէս տարի մը առաջ, գաղութիս հանրածանօթ հրապարակագիր, մտաւորական գրող Գէորգ Պետիկեանի ձեռամբ հարազատ «նուէր»-ը՝ հեղինակին Ա.վէպը՝ «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» ստանալով, մտադրեցի զայն շուտով թերթատել… շուտով ըսի… եւ վեց ամիսներ ետք՝ Հայաստան ճանապարհորդութեան թռիչքիս ընթացքին վերջապէս իրականացաւ ընթերցումս…:

Առաջին հերթին, գիրքին զուարթ գոյներով ու պատկերով զարդարուն կողքը հրապուրեց զիս, ուր գծագրուած մատղաշ աղջնակին լրջութիւնն ու խօսուն եւ հասուն երեւոյթը հետաքրքրեց զիս անմիջապէս թերթատելու գիրքը…:

Արդէն իսկ սկսած էի ըմբոշխնել գիրքին էջերը շրջելով մեր «երազային Հալէպ»-ի մեզի (հալէպահայերուս) հարազատ հին քաղաքի փողոցներով, տուներով շրջապատով եւ ծանօթ ապրելակերպի տուեալներով…:

Advertisement Subscribe Today

Հեղինակը՝ Գ.Պետիկեան, երկար տարիներ ետք, ո՛չ միայն չէր «հրաժարած» իր ծննդավայրէն, այլեւ միտքով եւ հոգիով կրկին կը փորձէր ապրիլ եւ ապրեցնել իր հետ ընթերցողը իր ծննդավայրի բարի դրացութեան «անգիր ոսկի օրէնքներ»-ուն եւ անոնցմէ բխած մարդկային ազնիւ յարաբերութիւններուն, ուր անկեղծ եւ հարազատ հոգիները կը կիսէին ո՛չ միայն իրենց առօրեայ հոգսերն ու ուրախութիւնները, այլեւ աւելի՛ն, տան բակը զանազան երթիքներով, բայց մէկ երկինքի տակ եւ մինչեւ իսկ բաղնիքը միացեալ… (խորհրդաւոր նշանակութիւն ունեցող…) կարդացէ՛ք եւ կ՛իմանաք:

Ի դէպ, որքա՜ն անկեղծութիւն եւ բարութիւն պէտք էր ապրելու համար միացեալ տրամադրութեամբ եւ մասամբ նորին…:

Հա՛րկ է յիշել եւ հպարտանալ, թէ յետեղեռնեան երկրորդ եւ երրորդ սերունդը իր արդար դրոշմը ձգեց սփիւռքեան կեանքի մարդկային մաքուր ինքնութեան, ազնիւ բարքերու եւ մինչեւ իսկ ազգային պատկանելութեան պահպանման վրայ:

Եւ այսպէս… հարազատ մթնոլորտի մը մէջ, հեղինակը լուսարձակի տակ առած էր զոյգ գլխաւոր տիպարները՝ Հայկն ու Շուշանը, եւ անոնց փոխ յարաբերութիւնը, որ շուտով պիտի վերածուէր մեծ սիրոյ մը առթած անմեղ հաճոյքին եւ անոր զուգահեռ պարտադրուած տուայտանքին…:

Հայկը՝ պարտաճանաչ տիպար հայ պատանին, գիտէր որ անգիր օրէնք էր իրեն համար «մարդ դառնալը» եւ «արհեստ մը սորվիլը»․ ան էր իր ընտանիքին միակ պատասխանատու տղամարդը հօրմէն ետք:

Ուսում ստանալու համար, Հայկին հայրենիք երթալը իր «մեծ երազ»ին մէկ բաժինն էր, հապա իր սէրը՞…առաջին սէրը՞:

Ի դէպ, երջանկութիւնն ու տառապանքը զուգահեռ «շնչեցին» Հայկի ուսման եւ հասունութեան ճանապարհին… սակայն սիրոյ երազի իրականացման յոյսերն ու ապրումները անքակտելի յուզականութեամբ մը անթիւ պահեր դրոշմեցին անոր սիրտին եւ հոգիին մէջ… ամէն պահի:

Վերջապէս Հայկն ու Շուշանը, իւրաքանչիւրը իր առօրեայ դաշտին մէջ ապրեցան իրենց լուռ սիրոյ անքակտելի կապը, իւրաքանչիւրը իրեն վերապահուած երազներով եւ յոյսերով տարուած, սակայն ժամանակն ու տիեզերքը իրենց «խօսք»-ը ունէին՝ վերջապէս…:

Հետեւաբար, Հայկն ու Շուշանը, իւրաքանչիւրը հլու հնազանդ ապրեցան իրենց բաժին ինկած կեանքի «անիրաւ» բաժինը, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանն էր, ուր պատանութիւնն ու երիտասարդութիւնը ամօթխածութեան «արդար պատիժ»-ի զոհերն էին…:

Սոյն սիրավէպի համայն ապրումները, իր ցաւերով եւ անսպասելի անակնկալներով, գրաւեցին հետաքրքրութեանս ընթացքը եւ հասցուցին զիս՝ ընթերցողիս, իր երազած աւարտին… վերջապէս:

Արդար է նաեւ անդրադառնալ հեղինակի պարզ լեզուին եւ յստակ արտայայտութեան ոճին, որոնք երբեմն ծաղկած բալենիի նման կը դիւթեն ընթերցողի հոգին, իսկ երբեմն հարուստ բառապաշարի շարանը, սրամիտ միտքն ու խոր վերլուծումը կայտառ գետի մը հոսքի նման՝ մերթ մեղմ եւ փափուկ, մերթ բարդ եւ խոր եւ մերթ հարազատ պարզեցուած բառապաշարով լի էր…:

Հարկ է ընդգծել Պետիկեան հեղինակին յատուկ՝ սրամիտ եւ հաճոյախօս արտայայտութիւնները, որոնք ընթերցողին առաւել հարազատութիւն կը ներշնչեն՝ տեղի, ժամանակի, դէպքերու եւ տիպարներուն հետ առնչուած:

Համեստօրէն, ինծի վստահուած այս սիրավէպի ընթերցումով եւ ներկայացումով ես վերապրեցայ իմ ծննդավայր Հալէպիս մէջ կայք հաստատած նախ-ա-սերունդներուս համեստ եւ հարազատ առօրեան եւ իրենց դրոշմը ձգած սերունդի մը անկեղծ վարքերն ու բարքերը, որոնք դաստիարակեցին յաջորդական անթիւ ու անհամար մեր սերունդները, ինչպէս նաեւ ժամանակի հանրածանօթ սիրային գաղտնի ապրումներն ու երազները, որոնք իրականանալու դոյզն իրաւունքն իսկ չունէին…:

Երախտագիտութեամբ ըմբոշխնեցի եւ ապա Համազգայինի Գրական միաւորիս հովանաւորութեամբ կազմակերպուած գիրքի շնորհահանդէսին փոխանցեցի ներկայ յարգելի գրասէր հանրութեան:

Գրիչդ եւ շունչդ անսպառ՝ դաստիարակ ուսուցիչ եւ մտաւորական գրող՝ պրն. Գէորգ Պետիկեան:

ՀԵՂԻՆԱԿԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ՝

«ՄԵԾ ԲԱԿԻՆ ՓՈՔՐԻԿ ԱՂՋԻԿԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Վէպ մը, հատոր մը, ուր էութեանս շունչը վերածած եմ գաղափարի՝ բառերով, ապա տողերու եւ էջերու շարանով, վէպի մը վերածած:

Հայ ինքնութեանս հաւատարիմ մնալով, գրիչիս ու ներքին կանչիս արձագանգի արդիւնքն է այս հատորը:

Հատոր մը, որ լոյս ընծայած եմ ծերութեանս շեմին, քիթիս տակ, սակայն անհոգ եւ անտարբեր: Եւ ահա ես ինծի հարց կու տամ․ ո՞ւր գացին, շոգիացան կեանքիս այնքան իրարայաջորդ տասնամեակները, եւ զիս հասցուցին այս իրականութեան:

Ու մանկութիւն, պատանեկութիւն, երիտասարդութիւն, ապա ընտանեկան նոր բոյն, կին, զաւակներ, թոռներ, սակայն ասոնց բոլորին հետ, գրիչս աչք ըրած, սիրտ ըրած, միտք ըրած պահեցի, ու հաստատեցի, թէ ծերանալը վերջին պահը չէ երբեք:

Ամէն առիթով ժպտեցայ հայ գիրին ու գրականութեան, ժամանակին եւ երիտասարդութեան ու կեանքին: Անոր համար արիւնս այս տարիքիս երակներուս մէջ ջերմացաւ, յաճախ եռաց ու տարբեր գոյն ստացաւ:

Իբրեւ կէս դարէ աւելի ուսուցիչ, պաշտելու աստիճան սիրած եմ կրթական մշակի պաշտօնս: Նոյնքան ալ՝ հայ մամուլի համեստ ծառայի կոչումս: Այս բոլորը կատարած եմ մաքուր յանձնառութեամբ:

Միշտ փնտռեցի հաճոյքը՝ երազներուս մէջ, գեղեցիկն ու գեղեցկութիւնը՝ իրականութեան, իսկ մխիթարանքը՝ աղուոր յոյսերու մէջ: Ու միտքս սնանեցաւ խանդավառող երեւոյթներով:

Միշտ բառերու եւ գրիչի զէնքերովս ինքզինքս պահպանեցի ու հայու երազս ինծի հետ պտտցուցի ամէն տեղ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button