ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջավայրի վատթարացումը լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ այն ժողովրդավարական պայմաններուն վերաբերեալ, որոնք անհրաժեշտ են արդար եւ ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար։ Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան» (International Observatory for Democracy in Armenia / IODA) նախաձեռնութիւնը՝ ներկայացնելով իր նախնական գնահատականը՝ այս շաբաթ Հայաստանի մէջ իրականացուցած առաջին փաստահաւաք առաքելութենէն ետք։
Կառավարութեան կողմէ դատական իշխանութեան եւ կրօնական հաստատութիւններու անկախութեան նկատմամբ միջամտութեան, ինչպէս նաեւ ենթադրեալ քաղաքական ընդդիմախօսներու նկատմամբ քաղաքականացուած քրէական հետապնդումներու վերաբերեալ առկայ փաստերը՝ ներառեալ քաղաքական առաջնորդներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, իրաւաբաններու եւ հոգեւորականներու նկատմամբ ձեռնարկուած քայլերը, խաթարած են քաղաքական մրցակցութեան հաւասար պայմաններու նկատմամբ վստահութիւնը։
«Թշնամական հարեւաններով շրջապատուած փոքր երկրի մը համար Հայաստանի ամենաթանկագին արժէքը իր ժողովրդավարութիւնն է։ Տարածաշրջանին մէջ այդ հազուագիւտ երեւոյթը կը դառնայ առանձնապէս մտահոգիչ այն պայմաններուն մէջ, երբ կառավարութեան քայլերը աստիճանաբար կը սահմանափակեն ժողովրդավարական ազատութիւնները՝ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ»․- կը տեղեկացնէ IODA-ի գործադիր խորհուրդի անդամ Քեննեթ Ռոթը։
«Միջազգային հանրութիւնը, դժբախտաբար, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ոչ թէ ամենակարեւորին՝ կենսունակ ժողովրդավարութեան պահպանման վրայ, այլ ընտրութիւններու արդիւնքով այս կամ այն կողմին նպաստաւոր ելք ապահովելու վրայ՝ ըլլայ ան “արեւմտամէտ” թէ “ռուսամէտ”»,- կը յայտնէ IODA-ի գործադիր խորհուրդի անդամ Ֆիլիփ Քալֆայեանը։
IODA-ն անկախ եւ ոչ կուսակցական նախաձեռնութիւն մըն է, որ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու վիճակը դիտարկելու նպատակով՝ 2026 թուականի յունիսին նախատեսուած ընտրութիւններէն առաջ։ Կազմակերպութիւնը կապ չունի որեւէ ազգային կառավարութեան կամ միջազգային կառոյցի հետ եւ կազմուած է բացառապէս մարդու իրաւունքներու անկախ մասնագէտներէ։
IODA-ի պատուիրակութիւնը, որ Հայաստանի մէջ գտնուած է մարտի 7-էն 12, իր նախնական գնահատականը կազմած է երկրի տարբեր դերակատարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն հիման վրայ՝ ներառեալ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ընտրութիւններու ամբողջականութիւնն ու մարդու իրաւունքները ապահովող պետական մարմիններու հետ խորհրդակցութիւնները։ Արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները, Սահմանադրական դատարանը, ինչպէս նաեւ կառավարող կուսակցութիւնը՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, հրաժարած են հանդիպիլ պատուիրակութեան հետ։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են Քեննեթ Ռոթը, Ֆիլիպ Քալֆայեանը, Սառա Լիհ Ուիթսընը եւ Մարք Ճոնզը։
IODA-ի պատուիրակութեան նախնական գնահատականին մէջ նշուած հիմնական մտահոգութիւնները կը ներառեն հետեւեալը․
• Քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալութիւններ եւ կալանքներ ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ, ներառեալ Սամուէլ Կարապետեանի՝ «Ուժող Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդին, ինչպէս նաեւ արքեպիսկոպոսներ Բագրատ Գալստանեանի, Միքայէլ Աջապահեանի, Արշակ Խաչատրեանի եւ Մկրտիչ եպս. Պռոշեանի նկատմամբ, երբեմն նաեւ՝ ոստիկանութեան կողմէ խիստ եւ անհամաչափ ուժի կիրառմամբ եւ յաճախ՝ երկարատեւ ու անհարկի նախնական կալանքով։
• Դատական համակարգի անկախութեան միջամտելու փորձեր, ներառեալ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի միջոցով, ինչի հետեւանքով որոշ դատաւորներ հեռացուած են իրենց պաշտօններէն՝ ըստ երեւոյթին քաղաքական շարժառիթներով, ինչպէս նաեւ քաղաքական կողմնակալութեան նշաններ այն դատաւորներու նշանակման գործընթացին մէջ, որոնք կը քննեն ընդդիմադիր գործիչներու գործերը։
• Քրէական օրէնսգիրքի անորոշ ձեւակերպումներով յօդուածներու չափազանց կիրառում՝ խօսքի հետ կապուած ենթադրեալ խախտումները քրէականացնելու համար (օրինակ՝ «խուլիգանութիւն» կամ «կառավարութեան տապալման կոչեր»), որոնց հիմամբ կը հետապնդուին պատգամաւորներ, ընդդիմադիր գործիչներ եւ լրատուամիջոցներ։
• Դատական համակարգի եւ անվտանգութեան կառոյցներու ակնյայտ օգտագործում՝ կառավարութեան կողմէ քաղաքական ընդդիմախօսներու դէմ։
«Հայաստանի իշխանութիւններուն համար դժուար է պնդել, թէ ընտրութիւնները պիտի ըլլան արդար եւ ազատ, երբ երկրի առաջատար ընդդիմադիր առաջնորդը՝ Սամուէլ Կարապետեանը, կը շարունակէ գտնուիլ տնային կալանքի տակ՝ ըստ երեւոյթին անհիմն մեղադրանքներով»,- կը նշէ Սառա Լիհ Ուիթսընը եւ աւելցուցած․ «Կառավարութիւնը կարծես կը փորձէ օգտագործել օտար միջամտութեան վերաբերեալ ապացոյցներ չունեցող պնդումները՝ որպէսզի եւրոպացի պաշտօնեաները աչք փակեն իր կողմէ որդեգրուող աւելի ու աւելի իշխանավար գործելաոճին վրայ։ Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ իշխանութիւնը այնքան կը ձգտի պահպանել իր դիրքը, որ պատրաստ է այդ ընթացքին վտանգի տակ դնել Հայաստանի նոր ձեւաւորուող ժողովրդավարութիւնը»։
Յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան լարուած քաղաքական միջավայրի մը մէջ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ արցախեան պատերազմէն ետք կնքուած վիճայարոյց համաձայնագիրի պայմաններուն մէջ։
IODA-ի պատուիրակութիւնը նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը, ամերիկացի, թրքական եւ ազրպէյճանական պաշտօնեաներ փորձած են ազդել Հայաստանի ընտրական գործընթացին վրայ՝ հրապարակայնօրէն արտայայտելով իրենց աջակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանին։ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին յատկացուցած է 12 միլիոն եւրօ՝ հիմնականին մէջ ընտրութիւններու ընթացքին արտաքին միջամտութիւնը վերահսկելու նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ, թէեւ կառավարութիւնը շարք մը ընդդիմադիր առաջնորդներ, հոգեւորականներ եւ քաղաքական ուժեր մեղադրած է «ռուսամէտ» ըլլալու մէջ, մինչ այժմ որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուած այդ խումբերու կողմէ ապօրինի գործողութիւններու վերաբերեալ։
«Եթէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները իսկապէս կը ցանկան աջակցիլ Հայաստանին, ապա լաւագոյն քայլը պիտի ըլլայ պնդել, որ կառավարութիւնը յարգէ Հայաստանի քաղաքացիներու իրաւունքները եւ ապահովէ իսկապէս ազատ ու արդար ընտրութիւններ»․- կը նշէ Մարք Ճոնզը եւ աւելցուցած․ «Հայաստանին վերաբերիլ որպէս պարզապէս աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան դաշտ՝ անարգանք է Հայաստանի ժողովուրդին նկատմամբ, որ երկար պայքարած է իր անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար։ Եւրոպան պէտք չէ ընդունի ժողովրդավարութեան զոհաբերումը աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան անունով»։

