Լրահոս

Ձեռնարկ՝ Ի Յիշատակ Պաղտատի «Կոմիտաս» Երգչախումբին

 

Փետրուար 22-ին հոծ թիւով Լոս Անճըլսահայեր հաւաքուած էին  հայ կաթողիկէ համայնքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ կից դահլիճը, մասնակցելու Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան անցեալ դարու գոհարներէն՝ «Կոմիտաս» քառաձայն երգչախումբին եւ անոր հիմնադիր ու Խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանի յիշատակին նուիրուած գրական – գեղարուեստական երեկոյին:

Ձեռնարկը, որ կը հովանաւորէր  «Համազգային»-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը,  կազմակերպուեցաւ  նախաձեռնութեամբը Քալիֆորնիոյ իրաքահայ մշակոյթի յանձախումբին: Երեկոն  սկսաւ  Հայր Իգնատիոս  վրդ. Աբբասեանի արտասանած աղօթքով եւ օրհնութեամբ:

Բացման խօսքը ընթերցեց օրուայ հանդիսավար եւ յիշեալ երգչախումբի երկար տարիներու անդամ՝ Արամ Քէթէնճեանը, որ  հակիրճ ներածականով մը ներկայացուց  իրաքահայ թեմի պատմութիւնը սկիզբէն  մինչեւ ներկայ օրերը: Ան անդրադարձաւ  համայնքի  եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ մշակութային  հաստատութիւններուն հիմնադրութեան եւ նշեց անոնց կարեւորութիւնը՝ կրօնքը, մայրենի լեզուն եւ հայ մշակոյթը պահելու վսեմ գործին մէջ, որոնցմէ մէկը եղաւ այս միութիւնն ու անոր սիւներէն  մէկը՝ 1953 թուականին կազմուած «Կոմիտաս» Երգչախումբը:

Այս առիթով, իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի ուղարկած բովանդակալից տպաւորութիւններն ու օրհնութեան խօսքը ընթերցեց Մարալ Կարապետեան- Ալուճեանը:

Ներկաներու ուշադրութեան պարբերաբար յանձնուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբի  կողմէ ձեւաւորուած երկու տեսերիզներ «Կոմիտաս» երգչախումբի պատմականին եւ Խմբավար Կարապետ Քիշմիշեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին: Երգչախումբը իր յիսուն տարիներու կեանքի տեւողութեան, շարունակաբար ելոյթներ ունեցած է ազգասիրական, ժողովրդական, գեղջգական եւ դասական երգերով Պաղտատի  Երիտասարդաց միութեան բեմէն, ինչպէս  նաեւ ամէն տարի երգած է թէ Զատիկուայ, թէ ալ  Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի պատարագները Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Երգչախումբը ելոյթներ ունեցած է նաեւ Պասրա եւ Քիրքուք քաղաքներուն մէջ:

Advertisement Subscribe Today

Յիշատակութեան արժանի է, որ 1955 եւ 1962 թուականներուն երգչախումբը խմբավարած է «Կոմիտաս» վարդապետի ուսանող՝ Բարսեղ Կանաչեանը:

Ուրախալի էր որ, այս միջոցառումին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգչախումբի նախկին անդամներէն՝ Արշամ Պապէրեանը եւ Վարդգէս Չոլաքեանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը  ելոյթ ունեցաւ  երկու երգով:

Պարուսոյց Անուշ Մարգարեանի հետեւողութեամբ, «Անուշ» պարարուեստի պարմանուհիներու խումբը  «Ուզունտարա» եւ «Տարազ» պարերով գեղեցիկ ելոյթ մը ունեցաւ:

Ծրագիրը  ընդգրկեց  նաեւ տեսերիզ մը, ուր երգչախումբի երբեմնի անդամ – անդամուհիներէն՝ Ալպեր Զաքարեան, Վիքի Քէշիշեան եւ Արա Քիշմիշեան այս առիթով կ՛արտայայտէին իրենց սրտաբուխ տպաւորութիւնները:

Օրուան  պատգամն ու գնահատանքի խօսքը ներկայացուց «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեանը:  Ան իր տպաւորիչ խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադիր ու խմբավար  Կարապետ Քիշմիշեանի յիսուն տարիներու նուիրական գործին մասին ըսելով, որ  անոր յիշատակն ու անունը վառ պիտի մնայ շատ շատերու սրտին մէջ: Ապա՝ ընթերցեց «Համազգային»-ի կողմէ Քիշմիշեանին եւ Կոմիտաս Երգչախումբի անմար  յիշատակին նուիրուած գնահատանքի գիրը ու զայն յանձնեց, այս առիթով Հայաստանէն ժամանած՝ հանգուցեալ Կարապետի զաւակներ՝ Շանթ եւ Մարալ Քիշմիշեաններուն:

Կը կարեւորենք յիշել, որ հանգուցեալ Կարապետ Քիշմիշեանը լման նուիրումով ու զոհողութեամբ, ազնիւօրէն եւ բծախնդրութեամբ  կատարած էր այս գործը եւ վայելած իրաքահայութեան  սէրն ու յարգանքը:

Աւարտին, հանդէսին ներկայ եղող Երգչախումբի նախկին անդամները,  միութեան նախկին վարչականներէն ոմանք, «Համազգային»-ի ներկայացուցիչները, հանգուցեալ Կարապետ Քիշմիշեանի զաւակներն ու կազմակերպիչ  յանձնախումբը՝ յիշատակի համար, խումբով լուսանկարուեցան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button