Էփսթէյնի Հաւանական Լրտեսական Ցանցը
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վըրճինիա
Ամիսներէ ի վեր, միջազգային դիտորդներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած ըլլալ կը թուի, 10 Օգոստոս 2019-ին իր բանտախուցին մէջ անձնասպան եղած հրէածին միլիոնատէր գործարար ու տասնեակ դեռատի աղջիկներ պղծած ու անոնցմէ իր ազդեցիկ բարեկամներուն ալ բաժին հանած Ճեֆրի Էփսթէյնի ետին թողած փաստաթուղթերու վրայ։
Երկու միլիոնէն աւելի հաշուող այդ փաստաթուղթերու հրապարակումը, Ամերիկայի զոյգ կուսակցութիւններուն միջեւ ամիսներ տեւող բանակռիւներու ու վէճերու առիթ տուաւ, քանի որ անոնց մէջ տեղ գտած էին ամէն ազգի, հոսանքի ու բարձրագույն պաշտօնի պատկանող անձնաւորութիւններու եւ դերակատարներու անուններն ու «կերած անխոստովանելի ապուրը»․․․ Անգլիոյ թագաւորի եղբօրմէն՝ Անտրուէն սկսեալ, մինչեւ Ամերիկայի նախագահը, վարչապետներ ու քաղաքական ղեկավարներ, որոնք դեռատի կոյսերու կողքին՝ օգտուած էին անոր սեփական օդանաւով ճամբորդելու կարելիութենէն, ինչպէս նաեւ անոր սեփական կղզեակը ուտել-խմելներէն ու սեռային աշխուժ սիրարկածներու լծուելէ․․․
Այդ բոլորին մէջ առիւծի իր բաժինը բերած էր նաեւ այժմ քսան տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Ճէֆրիին հոմանուհին, որ իր սիրուն արտաքինով բան չէր զիջեր իր երիտասարդ մրցակիցներուն․․․
Սակայն տեղին է հարց տալը, թէ միլիոնատէր յայտնի գործարարը, որո՞ւ հաշւոյն եւ ի՞նչ նպատակներէ թելադրուած ու մղուած, ի՞նչ հաշիւներ հետապնդելով, յանձն առած էր ու կը կատարէր անվճառ կաւատի պժգալի գործոնէութիւնը․․․
Այդ հարցով, միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ եղան զանազան բացայայտումներ, որոնք աւելի քան համոզիչ ըլլալ կը թուին։ Անոնց շարքին՝ Էփսթէյնին Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ին պատկանելիութիւնը։ Անշուշտ հրէական կողմը, մէջն ըլլալով վարչապետ Նեթանիահուն, պիտի ուրանայ նման բնութագրում։
Սակայն անոնք որոնք ծանօթ են ու անձամբ վկայած՝ «Մոսատ»ի աշխարհով մէկ տարածուն գործունէութիւնը, պիտի ծիծաղին իսրայէլեան կողմին ուրացումները լսելով։
Լաւ է փաստերով խօսիլ․․․
Ընթերցող հասարակութենէն կը խնդրեմ, յետագայ բացայայտումները առնել, ծեծուող նիւթի լուսարձակին տակ․․․ Հեռու այս գրողէն ինքնագովութեան որեւէ փորձ ու միտում։
Ներկայ դէպքը կը պատահէր Կլենտէյլի մերձակայքը գտնուող լեռնային Մոնթրոզ քաղաքը, մօտ քսան յարկաբաժինէ բաղկացած երեք յարկանի շէնքի մը երրորդ յարկի ու գետնայարկի բնակիչներուն դերակատարութեամբ։
Չմոռնամ աւելցնելու, թէ զանազան ազգութիւններու պատկանող սեփականատէրերը, իրարու հետ կը գոյակցէին չտեսնուած համերաշխութեամբ։
Մենք շէնքին ծայրամասը, երրորդ յարկը, արբեցուցիչ տեսարանով յարկաբաժինը կը բնակէինք, որ դուռ դրացիներուն ու հարեւաներուն նախանձը կը շարժէր․․․ Իսկ պատումիս հերոսուհին՝ մենակեաց հրեայ թիցուհին, մեր կողքի սանդուխներու կից՝ գետնայարկը։ Ան, հակառակ իր գեղեցիկ ու ազնուական արտաքին տեսքին, կարծէք սիրային յուսախաբութիւն ապրած անձի մը հոգեկան տագնապը կ՛ապրէր ու չէր շաղուեր դուռ դրացիին հետ։ «Ափսոս իգական այդ գեղեցկութեան», պիտի գոչէին այդ երանելիները։
Մեր կապը հրեայ դիցուհիին հետ «բարեւ, Աստուծոյ բարին»ը չէր անցներ։ Սակայն օր, մը երբ վերելակին մէջ միայնակ էինք, յանկարծ ան անյագ, սիրոյ ծարաւի դեռատի կոյսի յատուկ մղումով, վիզս փաթթուեցաւ ու սկսաւ շրթներս համբուրել, զիս յանկարծակիի բերելով։ Ու իմ կողմէս՝ քաղաքավար անտարբերութիւն մը, որ կրնար նաեւ արուեստական թուալ․․․ Սակայն սիրտս գրաւելու մեր դիցուհիին փորձերը հոն կանգ պիտի չառնէին․․․
Առաւօտ մը ալ, վաղ ժամուն, երբ շնիկիս հետ, ինչպէս մեր սովորութիւնն էր, սանդուխներով երրորդ յարկէն վար իջանք ու երբ թաղին գեղեցկուհիին դրան առջեւէն կանցնէինք, ան մեզ յանկարծակիի բերելով, մեր դիմաց կիսամերկ կանգնեցաւ ու այս տխմարին առջեւ կոտրտուելով իր յարկաբաժինը փորձեց ուղղել տատամսոտ քայլերս։
Թէեւ չեմ յաւակնիր սրբութիւն սրբոց մը ըլլալ, այլ այդպիսի անդիմադրելի փորձութեան առջեւ ընկրկող տկար էակ մը, սակայն այդ պահուն մէջս յայտնուող անբացատրելի ուժ մը, մի գուցէ նախախնամութիւնը զիս հեռու պահեց այդ փորձութենէն, ու հրեայ դիցուհիին դէմքը գգուելով գոհացայ ու շարունակեցի ճամբաս։ Ետեւէս դռան ջղային շխկոցը լսուեցաւ, առ ի պատասխան իմ մեծամիտ սիրահարի վերաբերմունքիս։
Յայտնապէս, քանի մը օր քէն պահելէ ետք, առաւօտ մը նոյն ժամուն զիս դարձեալ կանգնեցուց իր դրան առաջ, այս անգամ պատմելու համար իր ոդիսականը, կամ ալ երեսիս տալու՝ ինչ ապուշ ըլլալս։ «Տես ես ի՞նչ կտաւէ կտրուած ու ինչպիսի՞ անձնաւորութիւններու սիրուհին եղած աղջիկ մըն եմ․․․» ըսելու պէս․․․
Լիբանանահայ ըլլալս իմանալով, հետեւեալ ցնցիչ գաղտնիքը քօղազերծեց․ «Շատ կանուխ տարիքէս մաս կազմեցի հրէական գաղտնի այն կազմակերպութեան, որ երիտասարդ աղջիկները կը գործածէ, օտար պետական մարդիկն ու ազդեցիկ ղեկավարները սեռային «աքթ»երով ներգրաւելու, թակարդելու ու ի պահանջեալ հարկին, «երգել տալու համար»։ Եւ ինծի բախտը վիճակուեցաւ Ուաշինկթըն այցելող Լիբանանի գեղադէմ, երիտասարդ նախագահ Ճեմայելին սիրուհին դառնալ․․․ Յետոյ արդէն շատ չանցած, խեղճ սիրականս սպաննուեցաւ․․․», ըսաւ ու անոր գեղեցիկ սեւ աչքերուն մէջ արտասուքի կաթիլներ երեւցան։
Յետոյ աչքերը ինծի սեւեռելով այնպիսի նայուածք մը նետեց վրաս, կարծես երեսիս տալու համար ինչ տխմար ըլլալս եւ ըսելու․ «Դուն ո՞վ ես որ մերժեցիր նախագահներու հոմանուհին դարձած այս գեղեցկուհիին սիրոյ ու արբեցումի հրաւէրը․․․»
Յետոյ արդէն շատ չանցած, որպէս հոգեկան հիւանդ, ինքն ալ անձնասպան պիտի ըլլար, ինքզինք սուրացող մեքենայի մը տակ գցելով։
Արդ, իմ այդ փորձառութենէս ելլելով, կը հաւատամ թէ Էփսթէյնը, «Մոսատ»ի հաշւոյն առաջ կը տանէր հանրայայտ մարդոց անչափահաս աղջիկներ հայթայթողի իր պժգալի գործունէութիւնը։

