
ԵՐԵՒԱՆ․- Փետրուար 6-ին, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հրամանագիր մը ստորագրեց եւ վաւերացուց, թէ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը պիտի կատարուի 7 Յունիսին։
Անցեալ տարուան 7 Յունիսին Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Թելեկրամին մէջ գրած էր, որ Ազգային ժողովի յաջորդ ընտրութիւնները պիտի կայացուին ուղիղ մէկ տարի ետք` 7 Յունիս 2026-ին:
Հրամանագիրը հրապարակուեցաւ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ։
Ընտրական օրէնսգիրքի 103-րդ յօդուածի 2-րդ մասին համաձայն, որուն նոյնպէս յղում կը կատարուի հրամանագիրին մէջ, «Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններ նշանակելու մասին հանրապետութեան նախագահը կը հրապարակէ հրամանագիր քուէարկութեան օրէն ոչ ուշ, քան 90 օր առաջ»:

