Լրահոս

Լոս Անճելըսի Մէջ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-ամեակի Նշում

Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Լոս Անճելըսի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը՝ «Հայրենիք, Ինքնութիւն, Հզօրացում» կարգախօսով։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ։ Բեմէն հնչեցին խօսքեր Դաշնակցութեան պատմական առաքելութեան, հայ ազգի գոյապայքարի եւ հայրենիքի ու ինքնութեան պաշտպանութեան մասին։

Տօնակատարութեան ներկայ էին` Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեանը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` Կայծակ Զէյթլեանը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեանն ու գործընկերները, Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուս Մելքոնեանն ու միութեան անդամներ, «Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեանն ու շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մհեր Դաւիթեանը եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` հիւրեր, որոնց կարգին դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական քաղաքական դէմքերի ներկայացուցիչներ։

Գլխաւոր բանախօսը՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Հ․Հ․ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, անդրադարձաւ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ կոչ ուղղեց ոչ թէ համակերպուելու, այլ շարունակելու պայքարը։ Ելոյթներ ունեցան նաեւ եկեղեցական, կուսակցական եւ համայնքային ներկայացուցիչներ, շեշտելով համահայկական միասնութեան եւ պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը։ «Մենք կարող ենք եւ պարտաւոր ենք թօթափել յուսահատութիւնն ու դատապարտուածութիւնը: Բացայայտ ճշմարտութիւն է. ժողովուրդների կենսունակութեան գաղտնիքը սեփական ուժերին հաւատալու եւ դրանց ետեւից գնալու կամքի մէջ է: Սակայն մեր լաւատեսութիւնը պիտի կառուցենք ոչ թէ սոսկ կարգախօսների, այլ իրատեսական յանձնառութիւնների, յամառութեան, ռազմավարական խորք ունեցող ծրագրերի վրայ», նշեց բանախօսը։

Այս ձեռնարկի ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Պատանեկանի եւ Երիտասարդականի իրականացուող աշխատանքներու մասին տեսանիւթեր:

Միջոցառումը հարուստ էր գեղարուեստական յայտագրով, երիտասարդական ելոյթներով եւ յեղափոխական երգերով, որոնք վկայեցին, որ Հ․Յ․Դաշնակցութեան 135-ամեայ ժառանգութիւնը կը շարունակուի նոր սերունդներու կողմէ։

Ելոյթ ունեցաւ «Համազգային»-ի «Անի» պարախումբը եւ Երեկոն աւարտեց Գառնիկ Սարգիսեանը` Հ․Յ․Դաշնակցութեան գործն ու առաքելութիւնն ամփոփող երգերով:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button