Լրահոս
Հանդիպում՝ Հայ Ազգային Քոնկրէս – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջանակներուն մէջ երէկ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայ Ազգային Քոնկրէսի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:
Կարծիքներ փոխանակուած են Հայաստանի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիներուն մասին:
Զրոյցի ընթացքին, մասնաւորապէս, քննարկուած են Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու հակասահմանադրական յարձակումներուն հակազդելու, քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ընտրութիւններու ընթացքին օրինականութեան ապահովման հետ կապուած հարցեր:

