
ՍԷՆԹ ՓԵԹԵՐԶՊՈՒՐԿ․- Հինգշաբթի 22 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը:
«Մենք նաեւ լաւ ծրագիրներ ունինք, արդէն քննարկած ենք ուժանիւթը, ներառեալ հիւլէական ուժանիւթը: Հիմա մանրամասնութիւններու մէջ պիտի չմտնենք, սակայն կայ քննարկելու, խօսելու կարելիութիւն: ․․․Ինչ կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, անոնք կը զարգանան: Մեր առեւտրաշրջանառութիւնը կանոնաւորուած է, երէկ մենք խօսած ենք ատոր մասին: Եթէ 2024 թուականին անիկա գերազանցած է 11 միլիառը, ապա այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն անիկա կազմած է 4,5 միլիառ: Ասիկա նոյնպէս լաւ ցուցանիշ է, եւ մեզի հիմք կու տայ կարծելու, որ մօտիկ ապագային մենք զայն կ՛աւելցնենք», ըսաւ Փութին:
Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին խօսք առնելով, ըսաւ․- «Մենք ներկայիս շատ կառուցողական երկկողմանի բանակցութիւններ կը վարենք Միացեալ Նահանգներու հետ TRIPP երկաթուղիի իրականացման եւ կառուցման վերաբերեալ, եւ անոնք իրապէս կը ներկայացնեն նշանակալի եւ իմաստալից փոփոխութիւններ մեր շրջանին մէջ: Եւ այստեղ կան բազմաթիւ նրբերանգներ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ մեր յարաբերութիւններուն առնչուող, եւ այսօր, կը կարծեմ, շատ լաւ կարելիութիւն է քննարկելու այս բոլոր հարցերը»։

