Էջմիածին․- «Մենք Սադրանքներուն Պիտի Չենթարկուինք» Կը Յայտնէ Սաղաթէլեան

ԵՐԵՒԱՆ․- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 18-ին, տարօրինակ կացութիւն մը ստեղծուեցաւ Էջմիածինի մէջ, ուր անջատուած եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանգստեան կոչուիլը պահանջող 10 եպիսկոպոսներ հրաւիրած էին հաւաք՝ իրենց պահանջը ներկայացնելու համար: Միաժամանակ, ընդդիմութեան զանազան ուժեր, որոնց կարգին Հ․Յ․ Դաշնակցութիւնը՝ հաւատացեալներուն կոչ ուղղած էին համախմբուելու Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ պաշտպանելու համար Հայ առաքելական եկեղեցին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը յայտնեց, թէ․- «Այսօր տագնապալի օրեր կ՛ապրինք, այս պայմաններուն մէջ փոխանակ հանրութեան մէջ հաշտութեան, հանդուրժողականութեան, միասնութեան հոգին զօրացնելու, ընդհակառակը՝ կը շարունակուին յարձակումները մեր եկեղեցւոյ դէմ: Սուրբ Էջմիածինի հանդէպ հերթական ոտնձգութիւնը կատարուեցաւ այսօր, ցաւօք նաեւ մեր որոշ եկեղեցականների միջոցով։ Այստեղ ենք՝ ի աջակցութիւն հայոց հայրապետին, Սուրբ Էջմիածինին եւ Մայր աթոռին։ Մեր ներկայութեամբ զօրակցութիւն կը յայտնենք մեր եկեղեցւոյ, որ այսօր հարուածի տակ է տիրադաւներու եւ այս խամաճիկ իշխանութեան դաւաճաններու կողմէ»։
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր ելոյթին մէջ նշեց, որ առկայ խնդիրները կը լուծուին կանոնական կարգով: Ան յորդորեց սրբազան հայրերուն վերադառնալ կանոնական դաշտ:
«Այսօր տագնապալի օրեր կþապրինք, այս պայմաններուն մէջ փոխանակ հանրութեան մէջ հաշտութեան, հանդուրժողականութեան, միասնութեան հոգին զօրացնելու, ընդհակառակը՝ կը շարունակուին յարձակումները մեր եկեղեցւոյ դէմ: Սուրբ Էջմիածինի հանդէպ հերթական ոտնձգութիւնը կատարուեցաւ այսօր, ցաւօք նաեւ մեր որոշ եկեղեցականների միջոցով», յայտնեց վեհափառ հայրապետը:
700 ոստիկաններ Սուրբ Էջմիածինի մէջ շղթայ մը կազմած էին: Երեկոյեան ժամերգութենէն առաջ պարզուած էր հետեւեալ պատկերը՝ ոստիկանական շղթայէն այն կողմ հաւաքուած էին կաթողիկոսի հեռացումը պահանջողներ սակաւաթիւ անձեր, իսկ միւս կողմը՝ վեհափառ հայրապետին հազարաւոր աջակցողները:
Տասը անջատուած եպիսկոպոսները ոստիկանութեան հսկողութեան տակ դուրս եկան Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածքէն՝ ժողովրդային ընդվզումի մթնոլորտի մէջ:

