Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր` Գեղամ Մանուկեանի Այցելութիւնը Զմմառու Մայրավանք

3 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին Զմմառու մայրավանք այցելեց Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր` Գեղամ Մանուկեան ընկերակցութեամբ` «Համազգային»-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ` Սեմ Սիմոնեանի։
Անոնք դիմաւորուեցան Զմմառու մայրավանքի փոխմեծաւոր, թանգարանապետ եւ մատենադարանապետ` Գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ մայրավանքի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիրն ու դպրեվանքի հայոց լեզու դասատու` Սօսէ Փիլաւճեանի կողմէ։
Հիւրերը շրջեցան Վանական համալիրի բոլոր բաժանմունքները, մօտեն ծանօթացան մայրավանքի մէջ անթեղուած իւրաքանչիւր գանձին։ Գեղամ Մանուկեան` մայրավանքի ոսկեմատեանին մէջ իր տպաւորութիւնները գրառումով թուղթին յանձնեց, որով արժեւորեց հաւաքածոները։
Աւարտին` հիւրերը ըմպեցին Զմմառու քաղցրահամ գինին ապա այցելեցին գինեմառանը։
Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակի միջոցառումներու շրջագիծը կ’ընդգրկէ նաեւ Գեղամ Մանուկեանի բանախօսութիւնը, որ կազմակերպած է «Համազգային»-ի հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը։

