Լրահոս
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէներու Խորհրդաժողով` Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի հրաւէրով, 15-16 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէներու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան 13 երկիրներէ Հ․Յ․Դ․ աշխարհասփիւռ կառոյցներու ներկայացուցիչները։
Խորհրդաժողովը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձաւ հայութեան առջեւ ծառացած հարցերու յաղթահարման համար անհրաժեշտ քայլերուն՝ ընդգծելով համակարգուած եւ շարունակական աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Քննարկուեցաւ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած հիմնահարցերը եւ մարտահրաւէրները ու կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ եւ ճկուն դարձնելու ռազմավարութիւնը:
Խորհրդաժողովը ընդգծեց համահայկական միասնականութեան կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման։



