ԱզգայինՅօդուածներ

ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Վեհանոյշ Թեքեան

Հայ լեզուն՝ փառապանծ իշխանուհի, Արմենակ Եղիայեան՝ թիկնապահ, պահապան։

Ո՛վ որ հարկ եղած գիտութեամբ ու յարգանքով չմօտենար Մայրենիին , այս մշտարթուն ու բոլորանուէր լեզուագէտը անյապաղ ցոյց կու տար ճիշտ ձեւը, մանրամասն կը բացատրէր թէ ի՛նչն է անխարդախը. ինչո՛ւն, ինչպէ՛սը. ի հարկին պախարակելով անփութութեամբ շաղախուած խօսքերը։ Մարդոց պաշտօններէն աւելի կարեւոր էր Արեւմտահայերէնի ճշգրտութիւնն ու մաքրութիւնը։

Մեծ է իր դերը ժամանանակից Արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութեան մէջ։  Հսկայական՝ իր թողած ժառանգը։ Անխոնջ էր ու աննկուն։ Ինք չէր վազեր ժամանակին ետեւէն, ժամանակը իր ետեւէն կը վազէր։

Սրբագրեց բոլորիս, ինք մնաց անսրբագրելի։

Արմենակ Եղիայեանը՝ անփոխարինելին։

Լոյսերուն մէջ հանգչի իր ոսկեղնիկ հոգին։

Ուիքափիտեայէն քաղուած տեղեկութիւն Արմենակ Եղիայեանի արգասիքին վերաբերեալ.-

Լիազօրուելով Ազգային ուսումնական խորհուրդէն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութենէն՝ 1991-95-ին, Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան բոլորովին կամաւոր՝ պատրաստած է նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը՝ 5 հատոր ընթերցարան, 5 հատոր քերականութիւն, 10 հատոր ուղեցոյց: Ասոնք այնուհետեւ 20 տարի անընդմէջ կիրարկուեցան Լիբանանի գրեթէ բոլոր նախակրթարաններուն մէջ, նաեւ՝ Յունաստան, Մարսէյ, Քանատա, Նիու Ճըրսի՝ Յովնանեան վարժարան, Աւստրալիա, Քուէյթ, Իրաք, Եգիպտոս եւ այլն: Ներկայիս անոնք կ’ուսուցուին միայն Նիու Ճըրսիի եւ տեղւոյս Հայ աւետարանական կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ այլուր փոխարինուած ըլլալով նոր շարքով մը:

Հրատարակութիւններ

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան հեղինակած է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 2005-ին Կիլիկեան աթոռին կողմէ՝ Կիւլպենկեան ֆոնտի մատենաշարով, յատուկ պատուէրով արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ հրատարակուեցաւ Համազգայինի հրատարակչականին կողմէ 2500 տպաքնակով եւ վերահրատարակուեցաւ 2017-ին՝ 3500 օրինակով:

«Ուղեցոյց»

Վերջին հինգ տարիները Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան կ’աշխատի «Ուղեցոյց»-ին վրայ, որուն մէջ համատեղած է, տասնամեակներու իր պրպտումները թելադրանքով, այն բոլոր կուտակուած հարցերը, որոնք կը ծառանան արեւմտահայերէնի ճամբով արդի հայ գրողին, խմբագիրին, ուսուցիչին, քարտուղարին ու մտաւորականին եւ ընդհանրապէս ամէն արեւմտահայու առջեւ եւ որոնք իրենց լուծումը չեն գտներ դպրոցական մակարդակին կամ այլ ձեռնարկներու ճամբով, տեսակ մը համարժէքը Oxford style-guide-ի եւ Chicago style-guide-ի:

Բժ. Արմենակ Եղիայեանի ամբողջ կեանքի մը հետեւողական աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող այս Ուղեցոյցը իր բարձր որակով ու լայն տարողութեամբ եզակի գործ մըն է, որ կը պարզէ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակը՝ իր խնդիրներով եւ մարտահրաւէրներով ու կը միտի «ծառայելու արեւմտահայերէնի անսայթաք եւ միակերպ ուսուցման կիրարկումին, ինչպէս նաեւ զանազան վիճելի հարցերու լուսաբանումին ու ճշգրտումին», ինչպէս հեղինակը կը նշէ իր Յառաջաբանին մէջ։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։Ուղեցոյցը կարելի է ներբեռնել անվճար nayiri.com-էն կամ գործածել առցանց՝ https://www.nayiri.com/imagedBook.jsp?id=100000 Archived 2022-09-01 at the Wayback Machine.

Աշխատակցութիւններ Հայ Մամուլին

Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին։

ՅԱՐԳԱՆՔ ՈՒ ՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀՈԳԻԻՆ

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button