Պոսթընի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» Կոմիտէութիւնը կազմակերպութեամբ, դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ, Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբերին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ։
Օրուան դասախօսն էր Էտկար Էլպաքեանը, որ համահիմնադիրն է “Armenian Project”-ին (հիմնուած՝ 2020-ին) եւ Հայաստանի Նախագահին նախկին խորհրդական՝ Արցախեան հարցերու գծով։ Անոր դասախօսութեան խորագիրն էր «Հայաստան խաչմերուկի մը վրայ․ Իշխանութիւն, Հաւատք եւ Ազգային Շարունակութիւն» (“Armenia at the Crossroads: Power, Faith, and National Continuity”)։
Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց անոր դասախօսութիւնը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի ընթացիկ իրավիճակը։ Ներկայ էին քառասունի շուրջ հայորդիներ։ Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան։
Էլպաքեան Երեւանի Պետական Համալսարանէն ունի մագիստրոսի աստիճան՝ միջազգային յարաբերութիւններ մասնագիտութեամբ։ Իր գիտական եւ մանկավարժական գործունէութեան ընթացքին դասաւանդած է Երեւանի պետական, ռուս-հայկական եւ Արցախի Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է հիւր-ուսանող (scholar-in-residence) Արիզոնայի Պետական Համալսարանին մէջ։ Ներկայիս կը պատրաստուի պաշտպանել իր դոկտորականը՝ նուիրուած առաջին արցախեան պատերազմին ընթացքին քաղաքական-զինուորական առաջնորդութեան ձեւաւորման հարցին։
Ակադեմական աշխատանքը համադրելով ազգային եւ հասարակական ծառայութեան հետ՝ ան յաճախ կը հանդիպի սփիւռքեան համայնքներու հետ։ Իսկ իր համանախագահած “Armenian Project”-ը նուիրուած է ազգային կրթութեան, երիտասարդական զօրացման եւ քաղաքացիական վերանորոգման։

