Լրահոս

Ուաթըրթաունի Համայնքը Աջակցեցաւ Հայերէն Լեզուի Ծրագիրին

Մասաչուսէցի հայ համայնքէն կազմակերպութիւններ եւ անհատներ վերջին ամիսներուն համախմբուեցան՝ աջակցելու եւ ընդարձակելու հայահոծ Ուաթըրթաունի երկրորդական բարձրագոյն դպրոցի հայերէնի ծրագիրը։
Տասնեակ մը հայորդիներ մասնակցեցան եւ վկայեցին Ուաթըրթաունի դպրոցական յանձնախումբի գարնան նիստին ընթացքին՝ յաջողութեամբ ներկայացնելով իրենց կոչը, որ յաջորդ տարուան համար ընդարձակուի եւ աւելցուի երկրորդ հայերէնի դասարան մը՝ արձագանգելով աշակերտներու աճող թիւին։ Խօսք առնողներուն մէջ կային Ուաթըրթաունի դպրոցներու ծնողներ եւ շրջանաւարտներ։ Անոնք շեշտեցին որ մէկ դասարանին մէջ, շուրջ երկու տասնեակ աշակերտներ՝ սկսնակ, միջին եւ աւելի կատարելագործուած մակարդակներ ունեցող, չեն կրնար արդիւնաւէտ կերպով ուսում ստանալ միայն մէկ ուսուցիչով։

Հայերէնի ծրագրի բարեկամներուն համախմբումը՝ կազմուած կամաւոր անդամներէ, շարունակեց քննարկումը Ուաթըրթաունի դպրոցներու պատասխանատու դոկտ․ Տիան Կալտսթընի հետ։ Անոնք մատնանշեցին, որ նոր ծրագիրը պիտի ունենայ երեք տարբեր կարողութեան մակարդակներ ունեցող աշակերտներ, ուստի ուսուցիչի օգնականի մը անհրաժեշտութիւնը բացայայտ էր։ Կալտսթըն չհակադրեց առաջարկին, սակայն նշեց թէ դպրոցին տարեկան պիւտճէն արդէն հաստատուած էր եւ յաւելեալ օգնականի մը աշխատավարձը դասաւորելու միջոցներ չկային։
Առանց վհատելու համախումբը որոշեց տրամադրել նիւթական օժանդակութիւն մը Ուաթըրթաունի պետական դպրոցներուն՝ դասաւորելու համար օգնական ուսուցիչի առաջին տարուան աշխատավարձը ակնկալելով, որ յաջորդ տարուան պիւտճէին մէջ կը կատարուի պատշաճ դասաւորում մը։ Դրամահաւաքի կոչ ուղղուեցաւ տեղւոյն հայ կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, եւ արձագանգը եղաւ արդիւնաւէտ եւ ոգեւորիչ։ Մէկ շաբթուայ ընթացքին, համախումբը կարողացաւ գումարը ապահովել եւ յատկացնել դպրոցական համակարգին։
«Մեր գործը աւարտած չէ։ Նպատակը ծրագրին շարունակականութիւնն ու աճն է, որ կը պահանջէ յաւելեալ հետաքրքրութիւն եւ մասնակցութիւն։ Պէտք է ցոյց տանք որ պահանջքը առաջնահերթ է», նշեց համախումբի անդամ Յասմիկ Մարտիրոս։
«Սա ցոյց տայ, թէ մենք ինչ կրնանք ընել որպէս համայնք, երբ կը համախմբուինք եւ միասին կը գործենք։ Հանրային պաշտօնատարները ուշադրութիւն կը դարձնեն, երբ մենք պատրաստ ենք բարձրաձայնել ու մասնակցիլ հանրային հարթակներուն», աւելցուց Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւելեան Մասաչուսէցի պատասխանատու Արամ Խալիկեան։
Այս ծրագրին իրենց ներդրումը ունեցան․- Հ․Օ․Մ․-ի Ուաթըրթաունի «Լէոլա Սասունի» մասնաճիւղ, Հ․Օ․Մ․-ի Քէյմպրիճի «Շուշի» մասնաճիւղ, Հ․Յ․Դ․ Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւն, Հ․Ե․Դ․ Պոսթընի «Նժդեհ» մասնաճիւղ, Սուրբ Ստեփանոս Հայ Առաքելական եկեղեցի, Սուրբ Յակոբ Հայ Առաքելական եկեղեցի, Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի, Սուրբ Երրորդութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցի, Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու հիմնարկ (NAASR), «Ամարաս» միութիւն, Հայ միջազգային կանանց միութիւն, «Մասիս» վաճառատուն, Նինա Ֆըսթըքճեան, Նարդուհի Ապրիմեան, Օժիկ Գրիգորեան, Քէրի Խալիկեան, Թալար Ապտալեան, Նաթալի Մինասեան եւ Ալիսիա Մարկիոս։

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button