Լրահոս

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՍԵՄԻՆԱՐ` ՆԻՒ ԻՆԿԼԸՆՏԻ ԾՈՒԽԵՐՈՒ

 

Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Նիւ Ինկլընտի տարբեր ծուխերէն հոգեւորականներ եւ աշխարհականներու ներկայութեամբ, Նիւ Պրիթընի (Քընէթիքըթ) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ծուխերուն նուիրուած սեմինար մը, կազմակերպուած՝ Ազգային Վարչութեան կողմէ ։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է գործակցութիւնը քաջալերել եւ ծուխերու ղեկավարութեան ու վարչութեան գործնական ուղեցոյց մը մատուցել։

Բացման աղօթքը կատարեց Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Սուրբ Երրորդութիւն (Ուստըր, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, բարի գալուստ մաղթեց աւելի քան 30 մասնակիցներուն։ Այնուհետեւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձրօրէն գնահատեց Ազգային Վարչութեան նախաձեռնութիւնը, որով աւելի անմիջական կապ կը հաստատուի Առաջնորդարանի եւ հոգաբարձութեանց միջեւ, մօտէն իրազեկ դառնալով փոխադարձ ծրագիրներու մշակման եւ զարգացման։

Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, սեմինարի օրակարգը ներկայացուց։ Առաւօտեան ներկայացումները անդրադարձան Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան ու ինքնութեան, ներառեալ երկու կաթողիկոսութիւններուն ծագումը, եւ Հայ Եկեղեցւոյ զարգացման Ամերիկայի մէջ։

Յետմիջօրէին տեղի ունեցան քննարկումներ, ուր անդրադարձ եղաւ անդամներու թիւի աճին, նուիրատուութեան, Առաջնորդարանի աջակցութեան ծուխերու գործունէութեան եւ վարչական լաւագոյն գործունէութեան օրինակներ։ Մասնակիցները գնահատեցին սեմինարի տեղեկատուական բովանդակութիւնը եւ փորձառութիւններ կիսելու կարելիութիւնը։

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button