Լրահոս

Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում` Քոփենհակընի Մէջ 

Հ.Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քոփենհակընի մէջ մեկնարկած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին Փաշինեան յայտնած է ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ:

«Կողմերը ընդգծած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնած Ուաշինկթընի խաղաղութեան վեհաժողովի համաձայնութիւններու նշանակալիութիւնը: Անոնք վերահաստատած են պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ: Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը կարեւոր նկատած շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան օգուտները, քննարկած են Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ենթակառոյցներու զարգացման եւ Հայաստանի տարածքին մէջ ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման յառաջընթացը, միտքեր փոխանակած են Ուաշինկթընի հռչակագիրի իրագործման շուրջ: Կողմերը կարեւոր նկատած են վստահութիւն ձեւաւորող քայլերու հետագայ իրականացման անհրաժեշտութիւնը եւ համաձայնած են շարունակելու իրենց հաղորդակցութիւնները», տեղեկացուց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն հրապարակելով:

«

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button