Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւնը

 

Խստօրէն կը դատապարտենք Մերձաւան բնակավայրին մէջ կատարուած զինուած յարձակումին, որուն հետեւանքով սպաննուած են Փարաքար համայնքի ղեկավար Վալոտիա Գրիգորեանը եւ քրէական ոստիկանութեան ծառայող Կարէն Աբրահամեանը, իսկ մէկ քաղաքացի վիրաւորուած է։

Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներուն ընտանիքներուն, հարազատներուն, համայնքի բնակիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը բաժնեն այս մեծ վիշտը։

Վիրաւորուած քաղաքացիին կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում։

Տեղի ունեցածը եւս մէկ անգամ կը վկայէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տարիներէ ի վեր կը թուլացուին պետական հաստատութիւնները, կը խորանայ անպատժելիութիւնը, իսկ իրաւապահ համակարգը կը գործէ ընտրովի արդարադատութեամբ, առկայ ներուժն ալ կը գործադրուի քաղաքական հետապնդումներու նպատակով։

Արդիւնքը չ՛ուշանար․ հասարակական անվտանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է։ Այս հանցագործութիւնը հարուած է ոչ միայն առանձին քաղաքացիներուն, այլ նաեւ մեր պետութեան եւ պետականութեան հիմքերուն։

«Իրական Հայաստան» հռչակած իշխանութիւնը տարիներէ ի վեր զբաղած է մտացածին սպառնալիքներ «կանխելով»՝ երկրին մէջ ստեղծելով քրէածին միջավայր։ Աւելին, բռնութեան եւ հաշուեյարդարի կոչերով, հասարակութիւնը «սեւերու եւ սպիտակներու» բաժնելով՝ պարարտ հող ստեղծած են նման հանցագործութիւններու համար, որոնց թիւը արագ աճ կ՚արձանագրէ։

Իշխանութիւնը կը քրէականացնէ այլախոհութիւնը, կը հալածէ հոգեւորականներն ու ընդդիմախոսները, իսկ քաղաքացիները կը ձգէ անպաշտպան՝ զինուած յանցագործներու դէմ։

Սա այլեւս ոչ թէ անգործութիւն է, այլ ուղիղ յանցակցութիւն։

Կը պահանջենք իրաւապահ մարմիններէն՝ անյապաղ եւ ամբողջական բացայայտել կատարուածը եւ մեղաւորները ենթարկել պատասխանատուութեան՝ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ։

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
24 Սեպտեմբեր 2025
Երեւան

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button