Ասթանայի Մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Տեսակցեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Անձնական Ներկայացուցիչին Հետ

Հինգշաթբի, 18 Սեպտեմբերին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած միջ-կրօնական գագաթնաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անձնական ներկայացուցիչին՝ քարտինալ Ճորճ Ժաքոպ Քուվաքատին հետ, որ միաժամանակ Վատիկանի միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահն է:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ շարունակուող սերտ գործակցութիւնը։ Շեշտուեցաւ նաեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու կողքին միջ-կրօնական յարաբերութեանց ծիրը ընդլայնելու կարելիութիւնը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Վատիկանի ու Ատրպէյճանի միջեւ զարգացող յարաբերութեան եւ այդ ծիրէն ներս` Արցախի մեր ժողովուրդին եւ անոր պատկանող եկեղեցիներուն ու պատմական-մշակութային կառոյցներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի մօտեցումներուն ու քայլերուն, որոնք երբե՛ք չեն համապատասխաներ թէ՛ պատմական եւ թէ՛ այժմու իրականութեան: Վեհափառ Հայրապետը այս ուղղութեամբ յիշեցուց ամիսներ առաջ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կայացած համագումարը, որուն ընթացքին, դժբախտաբար, Արցախի մէջ հայութեան ներկայութիւնը ներկայացուած էր պատմական իրականութիւններէ հեռու տուեալներով:
Յիշեալ հարցերուն եւ մանաւանդ Վատիկան-Ատրպէյճան յարաբերութեանց գծով քարտինալ Քուվաքատ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին՝ միաժամանակ որոշ հարցերու ուղղութեամբ տալով յստակ լուսաբանութիւններ։
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. Պապը շուտով պիտի այցելէ Լիբանան եւ այդ ընթացքին, բնականաբար, առիթ կ՚ունենայ Պապին հետ արծարծելու յիշեալ հարցերը։
Յայտնենք, որ հանդիպման նաեւ ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան:

