Լրահոս

Արթուր Խաչատրեան Կոչը Ի Նպաստ Զուիցերիոյ Նախաձեռնութեան

 

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Ազգային ժողովի 9 Սեպտեմբերի նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յիշեցուց, որ 17 Դեկտեմբեր 2024-ին Զուիցերիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու` Արցախի հայերու անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի հարցը քննարկելու համար: Ըստ Խաչատրեանի` երկխօսութեան նպատակը պէտք է ըլլայ հայ բնակչութեան ապահով եւ հաւաքական վերադարձը Արցախ` Արցախի միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ:

Նոյն բանաձեւը այս տարուան Մարտ 18-ին ընդունեց նաեւ խորհրդարանի վերին պալատը: Ընդունուած բանաձեւով զուիցերիական խորհրդարանը յանձնառու կը դառնայ կառավարութեան հետ հիմնել առանձնացուած հարթակ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան համար:

«Կոչ կ՛ուղղեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն` չփորձել խոչընդոտել այս նախաձեռնութիւնը: Եթէ դուք չէք կրնար կամ չէք ուզեր օգնել, մի՛ խանգարէք, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի զրկելու Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքէն, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան», շեշտեց Խաչատրեան:

«Հայաստան» խմբակցութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Զուիցերիոյ խորհրդարանականներուն` այս նախաձեռնութեան համար, Խաչատրեան կոչ ուղղեց Զուիցերիոյ կառավարութեան` կարելի եղածին չափ արագ ձեռնամուխ ըլլալու խորհրդարանի որոշման իրականացման:

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button