ԳլխաւորԼրահոս

Հայ Դատը Կը Զօրակցի ՔոնկրԷսականներու Հայանպաստ Առաջարկներուն

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2026-ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծին (NDAA) մէջ ներկայացուած յաւելուածներու միջոցով, կարգ մը քոնկրէսականներ կը փորձեն երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնն ու արցախահայութեան վերադարձը, նաեւ կասեցնել Պաքուի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։

«Ատրպէյճան պիտի շարունակէ հայ գերիները անօրէն կերպով պահել, Հայաստանի տարածքները բռնագրաւել եւ Արցախի քրիստոնէական ժառանգութիւնը քանդել այնքան ատեն որ զայն պատասխանատուութեան չեն ենթարկեր։ Քոնկրէսը պէտք է վճռական քայլեր առնէ՝ դադրեցնելով ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին եւ ամրապնդելով Հայաստանի ապահովութիւնը», ըսաւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, մեկնաբանելով ներկայացուած նախաձեռնութիւնները։

Ներկայացուցիչներու տան մէջ յաւելուածները ներկայացուած են քոնկրէսականներ Կաս Պիլիրաքիսի (Հանրապետական – Ֆլորիտա), Ֆրենք Փըլոնի(Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի),, Պրետ Շնայտըրի (Դեմոկրատական – Իլինոյ), Ճաշ Կոթհայմըրի (Դեմոկրատական – Նիւ Ճըրզի), Նիքոլ Մալիոթաքիսի (Հանրապետական – Նիւ Եորք), Տեն Կոլտմընի (Դեմոկրատական – Նիւ Եորք) եւ Թամ Քինի (Հանրապետական – Նիւ Ճըրզի) կողմէ։

Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած գլխաւոր յաւելուածներն են.-

– Հայաստանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան հզօրացում.

– Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանէն դուրս բերելու պահանջ.

– Հայ գերիներու ազատ արձակում.

– Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու ապահով վերադարձ.

– Հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւն.

– Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւններու դադարեցում.

– Պաքուն պատժել պահանջող թիւ 907րդ յաւելուածը շրջանցելու նախագահական իրաւասութեան սահմանափակում.

– Թուրքիոյ զէնքի մատակարարման սահմանափակումներ։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button