Լրահոս

Հ․Օ․Մ․-ի Ջաւախքի Ճամբարի Եզրափակում

Հայ Օգնութեան միութեան հովանաւորութեամբ իրականացող Ջաւախքի ճամբարը, Օգոստոսի նախավերջին շաբաթը, յաջողութեամբ եզրափակեց այս տարուան իր ամառնային ծրագիրը` Ջաւախքի հայաբնակ գիւղերուն մէջ:

Արեւելեան Ամերիկայէն նուիրեալ խումբ մը երիտասարդներու կողմէ գործադրուած ճամբարները ապահովեցին անվճար ծրագիրներ` նախաճաշով, սնունդով եւ դպրոցական պիտոյքներով` տեղւոյն մանուկներուն համար: Սփիւռքէն կամաւորներ մեկնեցան Հայաստան եւ Ջաւախք` Հայոց պատմութիւն, լեզու, երաժշտութիւն, պար եւ առաջնորդութեան հմտութիւններ ուսուցանելու համար: Այս բոլորին զուգահեռ` մասնակիցներուն հետ հաստատուեցան անխզելի կապեր եւ սերտ բարեկամութիւններ: Այս կապերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ ջաւախեցի մեր քոյր-եղբայրները երբեք պէտք չէ մոռացութեան մատնուին:

Կարելի է աջակցիլ Ջաւախք ճամբարին` այցելելով․- https://ars1910.org/give/

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button