Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Լուծարումը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը եւ կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան, որ պատասխանատուութեան ենթարկէ Ատրպէյճանը` Արցախի մէջ ցեղային զտում իրականացնելուն համար:
Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ զգուշացուց, որ Մինսքի խմբակի լուծարումը կրնայ վնաս հասցնել Հարաւային Կովկասի մէջ արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերուն:
Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուի ԵԱՀԿ-ին եւ միջազգային համայնքին, որ շարունակեն Մինսքի խմբակին ստանձնած գործընթացը, պաշտպանել մարդկային տարրական իրաւունքները եւ տեղահանուած հայերու իրաւունքները, գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանութիւնը ապահովելուն զուգահեռ:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լուծարումը ոչ թէ խաղաղութեան առաջնորդող քայլ է, այլ Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պայման` միակողմանի համաձայնութեան հասնելու համար, որ ձեռք բերուեցաւ պարտադրանքի եւ ուժի կիրարկման միջոցով: Այս վտանգաւոր նախադէպը իրականութեան մէջ կը վարձատրէ Ազրպէյճանը` Արցախի մէջ իրականացուցած ցեղային զտումին, հայ բանտարկեալները անօրէն կերպով բանտարկուած պահելուն եւ խոշտանգելուն, ինչպէս նաեւ հայկական գերիշխան տարածքները բռնագրաւելուն համար, քայլեր, որոնք հարուածներ կը հասցնեն միջազգային իրաւունքին եւ դիւանագիտութեան հիմնական սկզբունքներուն, զորս ժամանակին կը մարմնաւորէր Մինսքի գործընթացը», յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը կը շեշտէ, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական եւ կայուն խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ միայն պատասխանատուութեան եւ արդարութեան վրայ, որոնց համար պէտք է պարտադրուին պատժամիջոցներ Պաքուի դէմ եւ պէտք է ապահովուի Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան վերադարձը, Ատրպէյճանի կողմէ հայ բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը:

