ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարուած

ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, թէ Սեպտեմբեր 1-էն սկսեալ, փակուած են Մինսքի հոլովոյթն ու անոր առնչուած կառոյցները: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վոլթոնեն եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Հ. Սինիրլիօղլու ողջունեցին նախարարաց խորհուրդի այս որոշումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ դիմումէն ետք
ԵԱՀԿ-ի կայքը նշեց. «ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գրասենեակն ու ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատեցին իրենց աներեր յանձնառութիւնը աջակցելու ջանքերու, որոնք Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ ամբողջ շրջանին տեւական խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը բերեն»:
«Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս փոխանցել իմ ջերմագին շնորհաւորութիւններս Հայաստանին ու Ազրպէյճանին խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ իրենց պատմական համաձայնութիւններուն եւ անոնց անյապաղ գործադրութիւնը սկսելու անոնց վճռական որոշումին համար: Առանց յապաղումի ընդառաջեցի անոնց միացեալ դիմումին, եւ կ՛ուզեմ անկեղծ գնահատանքս յայտնել կողմերուն հոլովոյթին իրենց հոյակապ գործակցութեան համար: Կ՛ուզեմ նաեւ գնահատել մասնակից պետութիւնները այս համախոհութեան գոյացման գծով իրենց գործակցութեան ոգիին համար», յայտնեց Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վոլթոնենը։
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեիւնը, իր կարգին տեղեկացուց, թէ 1 Սեպտեմբերին ստացած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարի նամակը, որուն մէջ կը նշուի, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հոլովոյթի եւ առնչուող կառոյցներու լուծարման վերաբերեալ որոշման համար սահմանուած լռելեայն ընթացակարգը ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ չէ խախտուած, եւ որոշումը կը նկատուի ընդունուած:

