ԱրտերկիրԼրահոս

Վենետիկի «Պո Արաքս» Մշակութային Ընկերակցութիւնը Նշեց Իր Ամառնային Խտացեալ Դասընթացքին Հիմնադրութեան 40-ամեակը

 

 

Այս ծրագիրը, որ ժամանակի հոլովոյթին հետ եղած է արեւմտահայերէնին համար՝ համալսարանական մակարդակով, Եւրոպայի առաջին խտացեալ դասընթացքներէն մէկը, ծնունդ առած է հայր Լեւոն Զէքիեանի նախաձեռնութեամբ Վենետիկի «Քա Ֆոսկարի» համալսարանին մէջ 1986-ին, յետ երկամեայ փորձի շրջանի մը Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնութիւնը կը վարէր հայր Լեւոնը (1982-1985)։ 2016-էն սկսեալ, դասընթացքը տեղափոխուեցաւ Վենետիկի պատրիարքարանի «Մարչանում» հիմնարկին կից։

«Պո-Արաքս» ընկերակցութեան բարձրագոյն նպատակը եղած է եւ կը մնայ հայերէնի՝ յատկապէս արեւմտահայերէնի, հայ մշակոյթի ու պատմութեան աւանդական գանձերը սերմանել եւ փոխանցել նոր սերունդներուն, նոյն ատեն ծառայելով հայ ինքնութեան պահպանման եւ ամրապնդման։ Դասընթացքներուն մասնակցած են ոչ միայն աշխարհի զանազան վայրերէ ժամանած հայ երիտասարդներ, այլեւ օտարազգի մտաւորականներ, որոնք փափաքած են խորացնել իրենց գիտելիքը եւ ընկալումը հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի։

Օգոստոս 2025-ի յոբելենական դասընթացքին մասնակցեցան երեսուն ուսանողներ՝ ներկայացնելով տասնհինգ երկիրներ։ Քառասնամեակի տօնախմբութիւններուն յատուկ շուք եւ ջերմութիւն տուաւ ներկայութիւնը այն նախկին դասախօսներու եւ ընթացորդներու, որոնք տարիներու ընթացքին մասնակցած էին այս դասընթացքին եւ այժմ՝ վերյիշելով իրենց ապրած գեղեցիկ յուշերը, նորոգ զօրաշարժով միացան յոբելենական ծրագիրին։

Advertisement Subscribe Today

Վերջին տասնամեակին, դասընթացքը կազմակերպուեցաւ Վենետիկի պատրիարքարանի «Studium Generale Marcianum» հիմնարկին հետ սերտ գործակցութեամբ՝ Վենետիկի պատրիարքական Դպրեվանքի շքեղ պալատին պատմական կամարներուն տակ։

Տարիներու ընթացքին, դասընթացքը հիւրընկալած է հմուտ եւ քաջավարժ դասախօսներ․ վերջին տարիներուն դասախօսական հիմնական կազմը մնացած է գրեթէ անփոփոխ։ Այս վերջին շրջանի մշտական սիւներէն են՝ Րաֆֆի Սէթեան (Միացեալ Նահանգներ), Ռոզին Թաշճեան (Ֆրանսա), Արծուի Բախչինեան (Հայաստան), Տորք Դալալեան (Հայաստան), Սօսի Սուսանեան (Հունգարիա), Թամար Մանկասարեան (Թուրքիա), Ճեսի Արլէն (Միացեալ Նահանգներ), Բենեդետտա Քոնթին՝ որ այս տարի չէր կրցած մասնակցիլ։ Դուդուկի վարպետ Արամ Իփէքճեան (Իտալիա-Աւստրիա) տարիներէ ի վեր իր թանկագին նպաստը կը բերէ դուդուկի արտադասարանային ուսուցումով։ Ցաւով կը յիշենք Փետրուար 2020-ին անակնկալօրէն պսակաժահրի զոհ գացող Պարէտ Մանոքը, որ 1987-էն մինչեւ 2019 անընդմէջ դասընթացքին բերած էր իր յոյժ թանկագին ուսուցողական նպաստը։ Դասընթացքին պատմութիւնը ամփոփող «Յուշամատեան»ներու վեց հատորները մանրամասնօրէն կ՛արձանագրեն թէ՛ ուսուցչական կազմին, թէ՛ վարչկան գործակիցներուն եւ թէ մասնակցող ուսանողութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Այս տարի, կազմակերպչական հսկողութիւնը եւ գրենավարչութիւնը ապահովուած էին ընկերակցութեան նուիրեալ քարտուղարութեան կողմէ՝ Դարիա Պաուլունի հոգածու գլխաւորութեամբ։

Ծրագիրը բաղկացած է չորս մակարդակներէ։ Առաջին երեք մակարդակները լեզուի դասարաններ են, իսկ չորրորդ մակարդակը նախատեսուած է հայերէնին՝ իբրեւ մայրենի տիրապետողներու եւ հայոց լեզուի ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացումը ապահովելու համար։ Այս մակարդակը կը նպատակադրէ ո՛չ միայն լեզուական հմտութիւններու բարելաւումը, այլեւ ընդհանրապէս հայագիտական գիտելիքներու խորացումը։

Յոբելենական տարուան ձեռնարկները նուիրուած էին դասընթացքին 40-ամեայ պատմական հոլովոյթին։ Այս յատուկ առիթով հրաւիրուած էր՝ 1986-ի դասընթացքի առաջին տարուան ուսանողներէն հոլանտացի պատմաբան եւ հայագէտ, Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թէօ Մարթէն Ֆան Լինթը։ Անոր մասնակցութիւնը խորհրդանշական արժէք ունի ։ Այս դասընթացքին իր մասնակցութիւնը եղած էր այն վճռական խթանը, որ մղած էր զինք դէպի հայագիտութիւն, դէպի հայերէնի եւ հայ մշակոյթի գիտական ուսումնասիրութեան ճանապարհը։ Այսօր փրոֆ. Ֆան Լինթ ոչ միայն կատարեալ կը տիրապետէ հայերէնին, այլեւ իր բազմաբեղուն հետազօտական գործունէութեամբ արդէն միջազգային հայագիտութեան կարեւոր դէմքերէն մէկն է։

Երկրորդ հիւր դասախօսը հայրենիքէն էր՝ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սուրէն Դանիէլեան։ Դասախօսութեան ընթացքին ան մանրամասն կերպով եւ գիտական կշիռով ներկայացուց իր երեք տասնամեակներու հետազօտական եւ գործնական փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ հոլովոյթին մէջ ի յայտ եկած դժուարութիւնները եւ խոչընդոտները։ Ան կանգ առաւ յատկապէս արեւմտահայ մշակոյթին եւ լեզուին ճգնաժամային կացութեան վրայ, հաստատուած նաեւ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի տուեալներով. Ան շեշտեց այս իրադրութեան նկատմամբ անբաւարար գիտակցութիւնը մեր ղեկավար մարմիններուն կողմէ, ինչպէս եւ հակադիր ուղղութեամբ ջանքերու անբաւարարութիւնը՝ ներառեալ Հայաստանի իրավիճակը։

Երկու ձեռնարկներուն Մայէսթրօ Արամ Իփէքճեան դուդուկի հայկական մեղեդիներու կատարումներ ձօնեց։

Դասընթացքի շրջագիծին մէջ կազմակերպուեցաւ դասախօսութիւններու շարք մը, որ ուղղուած էր արեւմտահայերէնին, հայ մշակոյթին եւ հայկական ինքնութեան փոխյարաբերութիւններուն գիտական քննարկման։ Հայր Լեւոն Զէքիեան տուաւ երկու դասախօսութիւններ, մէկը՝ դասընթացքի քառասնամեայ երթուղիին հետքերով, երկրորդը՝ արեւմտահայ մշակոյթին եւ ազգային ինքնութեան յարափոփոխ համաթեքստերուն մասին դիտարկումներով։

Դասախօսեց նաեւ դասընթացքին բարձրագոյն մակարդակի մասնակցողներէն Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ճանսըն Աղաբաբայեան՝ նիւթ ունենալով «Յուզական իմացականութիւն»ը (Emotional Intelligence):

Դասընթացքին մասնակցողները հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան մայրավանքը եւ թանգարանը: Իսկ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին օրը, մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ անոնք մասնակցեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագին։ Իսկ Կիրակի, 3 եւ Կիրակի 10 Օգոստոսին, Լեւոն արք․ Զէքիեան Ս. պատարագ մատուցանեց, ընթացորդներու մասնակցութեամբ, Վենետիկի հայոց պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։

Ընթացորդներէն փափաքողները հնարաւորութիւնը ունեցան նաեւ մասնակցելու հայկական աւանդական պարերու եւ դուդուկի յատուկ դասերու Արծուի Բախչինեանի եւ Արամ Իփէքճեանի ղեկավարութեամբ: Շաբաթական երեք անգամ տեղի ունեցող այս դասերը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին ուսանողներուն մօտ, որոնք իրենց ձեռք բերած կարողութիւնները կրցան ներկայացնել շաբաթը մէկ անգամ կազմակերպուող երեկոյեան ուրախառիթ հաւաքոյթներուն։

Բոլոր այն մասնակցողները, որոնք յաջողութեամբ յանձնած են իրենց քննութիւնները Դեկտեմբեր 2025-ին պիտի ստանան իրենց վկայականները։ Մինչեւ տարեվերջ մամլոյ հաղորդագրութեամբ եւ այլ լրասփիւռներով հանրութիւնը տեղեակ պիտի պահուի յառաջիկայ տարուան դասընթացքին մասին։

40 տարիներու երկարատեւ այս աշխատանքը իր անցեալի պատմութեան մէջ նշեց հոծ բազմութիւն մը՝ 1500 մասնակցողներու։ Անոնցմէ շատեր գործօն մասնակցութիւն բերած են հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայեցի կրթութեան զանազան ճիւղերուն, գիտական լուրջ ներդրումներով։ Այսպէս, դասընթացքը թեւակոխեց իր քառասնամեայ յոբելեանը՝ նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու եւ նոր գիտական ու կրթական փուլերու դռները բանալու հեռանկարով։

Վենետիկի «Պո-Արաքս» Մշակութային ընկերակցութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէ այս քառասուն տարիներու բեղմնաւոր ուղին միասին բոլորող բոլոր մասնակցողներուն, յոյս յայտնելով՝ որ նոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու շնորհիւ, միասնաբար պիտի շարունակուի առաքելութիւնը՝ ի սպաս հայ ինքնութեան պահպանման եւ ամրապնդման ու յատկապէս արեւմտահայերէնի կենսունակութեան։

ԴԻՒԱՆ «ՊՈ-ԱՐԱՔՍ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Վենետիկ
19 Օգոստոս 2025

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button