Իջեւանի Անտառին Մէջ Ծառահատումները Կը Շարունակուին

ԵՐԵՒԱՆ («Ազատութիւն»).- Շաբաթներէ ի վեր, Իջեւանի անտառին մէջ ծառահատումներու մասին կ՛ահազանգեն «Բնապահպանի Տուն» նախաձեռնութեան անդամները:
«Աստեղ աւերակ է, ժողովուրդ, կտրուած ծառեր: էստեղ ալ անտառ չի մնացած: Մէկ քանի օր հետեւեցանք, շարժումը շատ էր, մեքենաներով բարձցած բարձրանում էին, փայտերով բարձուած իջնում են։ Նպատակը բոլոր կտրուած ծառերը գտնելն ու հաշուելը չէր, այլ թէ ինչո՞ւ այս աստիճանի անտերութիւն կը կատարուի», յայտնեց «Բնապահպանի Տուն» նախաձեռնութեան ղեկավար Գոռ Յովհաննիսեան։
Բնապահպանական հարցերով հանրային դիտարկում իրականացնող նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները կտրուած ծառերու հետքերով շարժած են եւ արձանագրած, որ երկու տասնեակ ծառ տապալուած են միայն Իջեւանի անտառի փոքր բաժինին մէջ։ Տարիներ շարունակ ծառահատումներու մասին բողոքող Գոռ Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, թէ բազմիցս տեղացիները կը հաղորդեն իրենց որոշակի դէպքերու մասին։ «Ի՞նչով կը զբաղին պատասխանատուները, երբ անտառահատումները կը շարունակուին:Կան նաեւ վերահսկող մարմիններ, որոնք պէտք է վերահսկեն, ի յայտ բերեն ու պատժեն։ Արդէն ցանկութիւն կը ծագի այդ մարմիններուն հարցեր տալու։ Սա ո՛չ հարց էր, ո՛չ մեղադրանք, այլ ընդամենը փաստի արձանագրում, որ հոն մեծ շարժ կայ եւ գտած ենք շատ խախտումներ», շեշտեց Յովհաննիսեան։

