«Թեհրան Դէմ Է Տարածաշրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութեան», Կը Յայտնէ Իրանի Նախագահ Փեզեշքեանը
ԵՐԵՒԱՆ․- Օգոստոս 19-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէն ետք, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանը, յայտնեց, թէ այդ փոփոխութիւնը աշխարահաքաղական մրցակցութեան պատճառ կրնայ դառնալ:
«Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը Իրանի քաղաքականութիւնն է, եւ տարածաշրջանին մէջ որեւէ ուժի կիրարկումին դէմ ենք», յայտնեց Փեզեշքեան եւ ողջունեց խաղաղութեան շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւնները:
Փեզեշքեան աւելցուց, թէ իրենք դէմ են, որ տարածաշրջանի հարցերը արտապատուիրակեն տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներուն: «Կը հաւատանք, որ տարածաշրջանին մէջ ղեկավարումը պէտք է ըլլայ կովկասեան, եւ հարցերու արտայանձնումը տարածաշրջանէն դուրս գտնուող տէրութիւններուն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը պիտի բարդացնէ», եզրակացուց ան։
Փաշինեան յայտնեց, որ ինք Փեզեշքեանի հետ քննարկած է Ուաշինթընի 8 Օգոստոսի համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները՝ դիտել տալով, որ անիկա տարածաշրջանի զարգացման համար հեռանկարներ պիտի բանայ, որ նաեւ քննարկուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ ճամբաներու ապաշրջափակման հարցերը: Փաշինեան հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի համար միջազգային սահմաններու անխախտ ըլլալը կենսական նշանակութիւն ունի:
«Ատրպէյճանի հետ մեր առանցքային համաձայնագրերից մէկը տարածաշրջանում հաղորդակցութեան ուղիների վերաբացման մասին է` երկրների ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ լիակատար, փոխադարձ յարգանքով: Գործնականում, սա նոր դռներ կը բացի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկաթուղային համագործակցութեան համար, այդ թւում` Նախիջեւան-Ճուլֆա երկաթուղային գծի միջոցով, ինչը կը նշանակի Իրանի երկաթուղային հասանելիութիւն դէպի Հայաստան եւ ի վերջոյ, դէպի Սեւ ծով», ըսաւ Փաշինեան։
Փեզեշքեանի գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ զանազան փաստաթուղթեր ստորագրուեցան զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու վերաբերեալ: Փոխադրութիւններու աճող ծաւալը նկատի ունենալով` կողմերը համաձայնեցաւ Իրան-Հայաստան սահմանին երկրորդ կամուրջ մը կառուցել: Երկու ղեկավարները նաեւ ստորագրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Երեւանի ու Թեհրանի գործընկերութիւնը ռազմավարական դարձնելու մտադրութենէն բացի անդրադարձ կը կատարուի տնտեսական եւ առեւտրական կապերու զարգացման:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցան հանդիպումներ նաեւ տարբեր նախարարութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Նշենք, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ Իրանի իր պաշտօնակիցին՝ սէյիտ Ապպաս Արագճիի հետ: Անոնք կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման պարունակին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ քննարկեցին այդ ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքները:

