Յօդուածներ

Նիկոլ Փաշա

 


ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Երբ կատարեալ լարումով եւ հետաքրքրութեամբ՝ պատկերասփիւռի միջազգային կայաններէն կը հետեւէի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ հայ եւ ատրպէյճանցի ղեկավարներուն հետ սարքած այնպէս կոչուած հաշտութեան բեմադրութեան, յանկարծ պահ մը երեւակայութեամբ փոխադրուեցայ Պաքու, ուր անհամբեր, ականջէ ականջ երկարող իր լայն ժպիտով ինծի կը սպասէր Ուաշինկթընէն նոր վերադարձած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որուն հետ իր նախագահական պալատի գրասենեակին մէջ, գլուխ գլխի կարճ սակայն դիպուկ զրոյց մը ունեցանք, բաժակ մը առաջնակարգ վոտքայի եւ ձկնկիթի՝ «խաւեարի», ընկերակցութեամբ:

Անգլերէն «հi, Mr. president»՝ «բարեւ պարոն նախագահ», ըսի , թրքերէնի ծանօթ ըլլալս պահելով զրուցակիցէս եւ անմիջապէս հարցումներու տարափին անցայ:

– Ի՞նչպէս անցաւ ձեր պատմական հանդիպումը նախագահ Թրամփի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ:

Advertisement Subscribe Today

– Ակնկալուածէն շատ աւելի յաջող…, – պատասխանեց ան՝ դէմքը զարդարող ինքնագոհ ժպիտը աւելի եւս շեշտելով եւ դիմացինին երեսին քսելով:

– Կասկած չկայ, միջազգային քաղաքական դիտորդները այդ մէկը նախատեսած էին, սակայն ի՞նչ բանը հանդիսացաւ ձեզ այնքան խանդավառող յաջողութեան բուն էատառը…

– Շիտակը ողջ մնան, երկու մասնակցողներն ալ մարդամօտ, առատաձեռն անփորձ քաղաքական մարդու խանդավառութեամբ եւ շուտիկութեամբ ընդառաջեցին գրեթէ բոլոր պահանջներուս… Նախագահ Թրամփ՝ Նոպելեան մրցանակը ամէն գնով ձեռք բերելու փափաքին հետամուտ, իսկ Նիկոլ փաշան՝ յաջողակ, ճարպիկ դիւանագէտի հռչակին արժանանալու տարիներով փայփայած երազանքէն գինովցած…

– Այո սիրելի Ալիեւ, երեկուան թշնամիիդ, 34 մղոն միջանցք շնորհելը, իբր թէ Միացեալ Նահանգներու անուանական հսկողութեան տակ, արեան երակդ բանալ կը նշանակէ, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար… Իսկ բուն այդ միջանցքէն օգտուողը, անտարակոյս, Պաքուի իշխանութիւնները պիտի ըլլան… փոխարէնը՝ ձախաւեր այդ քայլին դիմաց ոչ մէկ զիջում կատարելու գնով։

– Հո՛ս նայէ, պարոն ամենագէտ,- սաստեց ան, վարչապետիդ ձեռքէն բռնող եւ զօռով այսպէս կոչուած խաղաղութեան հռչակագիր ստորագրել տուող մը կա՞ր…

– Այո, մեր վարչապետը ստորագրեց հաշտութեան վաւերագիրը, առանց փոխարէնը Ղարաբաղի հայ աքսորեալներուն տունդարձը եւ քաղաքական բանտարկեալներուն ազատ արձակումը նախապայման դնելու, քու եւ Թրամփին կեղծ ժպիտէն եւ շռայլած ուշադրութենէն գլուխը կորսնցնելով․․․Գինովցածը աւելի ճիշդ պիտի հնչէր այս պարագային։

Ալիեւ լրջանալով՝ յօնքերը կիտեց․․․

– Էհ ազատ կամքով դուք ընտրեցիք ձեր երկրին ըստ ձեր բնորոշումին՝ խոստմնադրուժ ղեկավարը։ Ձեր գլխուն զէնք բռնելով ալ մէկը չստիպեց այդպիսի մէկը վարչապետ ընտրել…

Տակաւին բարեկամդ՝ Նիկոլ փաշան, երբ իմ նախապայմանիս ընդառաջելով՝ երկրին սահմանադրութիւնը եւ Հայ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը փոխէ, հայերդ ի՞նչ ղարմաղալ պիտի փրցնէք…,- եւ ըրած ակնարկութեան վրայ ինքնագոհ, բարձրաձայն քրքջաց, մատը մատը գրեթէ աչքս խոթելով։

– Ատոր նայիս նէ, ատրպէյճանցի ամբողջ ղեկավարութիւնը պէտք է բանտարկել…

– Էհ բանտարկեցէք, ձեռքերնէդ բռնո՞ղ կայ…

– Մեր միամիտները այդ ներուժը եւ վճռականութիւնը չեն գործադրեր, դժբախտաբար… Սակայն Ռուսիա այդ ուղղութեամբ կարծես ակռաները կը սրէ…

Ալիեւ, յանկարծակիի գալով՝ այլայլած, օտարոտի աչքերը վրաս սեւեռեց «դուն այդ մէկը ո՞ւրկէ իմացար» ըսելու պէս․․․ Եւ երբ մտերմիկ զրոյցի աւարտին կը պատրաստուէի հեռանալ խաւեար բուրող նախագահական պալատէն, Իլհամին աչքերուն շեշտակի նայելով՝

– Գիտե՞ս մը ֆրանսերէնով «ալիեւ« ինչ կը նշանակէ…

– Չէ․․․ շիտակը, օտար լեզուներէն միայն անգլերէնին ու ռուսերէնին կը տիրապետեմ…

Իմ կողմէս առանց վարանելու՝

Նապաստակի… Lievre – ի կը համապատասխանէ մականունդ, սակայն՝ քու պարագային՝ մեր ճանչցած անմեղ ընդանին չէ, այլ խորամանկ նապաստակի…

Զրուցակիցս՝ ինքնիր վրայ փուլ եկաւ…

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button