Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան Այցելեց Երեւան

Երկօրեայ այցելութեամբ Երեւան ժամանեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան, որ պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ։
Նախքան Իրանի նախագահի պատուիրակութեան Հայաստան ժամանելը Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի դիտել տուաւ, որ այցելութեան նպատակը Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէսի անփոփոխութեան ապահովումն է: «Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններով մենք նկատի ունինք միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութիւնը, սահմաններու տեղաշարժը կամ տարածաշրջանային պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վտանգուիլը», յայտնեց Արաղճի՝ զգուշացնելով, որ Թեհրան այդպիսի բան կը մերժէ»:
Իրանի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Գեղարդ Մանսուրեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Իրանի սահմանակից Սիւնիքով անցնող ճամբուն վերաբերող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ պայմանաւորուածութիւններուն մէջ կան հարցեր եւ երկիմաստութիւններ, զորս Իրանի նախագահը պիտի քննարկէ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ:
«Իրանը վճռականօրէն կը պաշտպանէ իր սահմաններու ապահովութիւնը եւ հաստատուած գոյավիճակը, Հայաստանի մէջ շատ լաւ գիտեն, որ Իրանն է իրենց երկրի ապահովութեան գործօններէն մէկը», յայտնեց Մանսուրեան։

