
ՏԻԹՐՈՅԹ (Միշիկըն)․- Հինգշաբթի, Յուլիս 31-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի 104-րդ Պարգամաւորական Ժողովը, որ տեւեց մինչեւ Շաբաթ, Օգոստոս 2։
Հիւրերու շարքին, ներկայ էին Ծովինար Համագործեան (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Կեդրոնական Կոմիտէ) եւ Իրմա Գասապեան (Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւն) եւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։
Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը։ Հրաժարեալ կազմի ներկայացուցիչ Քարոլին Շմաւոնեան կատարուած աշխատանքներու շարքին տեղեկացուց, թէ կարելի եղած է աւելի քան հինգ հարիւր հազար տոլար յատկացնել, միութեան հովանաւորած զանազան ծրագիրներու։ Իրմա Գասապեան նշեց, թէ պատշաճ կերպով պիտի նշուի միութեան 115-ամեակը, յառաջիկայ Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ։
Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգային Առաջնորդարանի Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, սիրոյ ջերմ ողջոյնով շնորհաւորեց Հ․Օ․Մ․-ի մեծ ընտանիքին 115-ամեակը, որ աշխարհածաւալ իր մասնաճիւղերով բարեբեր անձրեւի նման հայ կեանքը ոռոգած է բարեսիրական, մշակութային, ընկերային եւ այլ մարզերու մէջ։ Սրբազան Հայրը, իր կարգին գնահատեց Հ․Օ․Մ․-ի եւ Ազգային Առաջնորդարանի գործակցութիւնը, մասնաւորապէս վերջին տարիներուն յաջողցնելով ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագիրը, որ առիթ ընծայեց ուսուցիչներու ուսուցման եւ հայագիտական մեթոտներու թարմացումը։
Ապա, տեղի ունեցան առաջարկներ։ Յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան տարիներ շարունակ ծառայած՝ Շաքէ Պասմաճեանին, Անի Աթթարին, Սիրվարթ Թելպէլեանին եւ Անժէլ Մանուկեանին։
Աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութիւն մը, որուն անդամներն են․- Միւրիէլ Բարսեղեան («Լուսընթագ» մասնաճիւղ, Լօուըլ – Մասաչուսէց), Նորա Մանն («Արմենուհի» մասնաճիւղ, Պերկըն – Նիւ Ճըրզի), Անի Զարկարեան («Շուշի» մասնաճիւղ, Քէյմպրիճ – Մասաչուսէց), Թալար Ապտալեան («Լէոլա Սասունի» մասնաճիւղ, Ուաթըրթաուն – Մասաչուսէց), Անուշ Բաղրամեան («Զապէլ» մասնաճիւղ, Շիքակօ – Իլինոյ), Թամիցա Տագէսեան («Ցոլիկ» մասնաճիւղ, Տիթրոյթ – Միշիկըն) եւ Լիզա Պուրուճեան («Յոյս» մասնաճիւղ, Ռիչմընտ – Վըրճինիա)։
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։

