Յօդուածներ

Երկու Չափ, Երկու Կշիռ

 

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ – Վըրճինիա

Ազգերու պատմութեան մէջ, բնաւ վիճելի կամ առարկելի հարց չէ եղած, թէ ըստ Սուրբ Գիրքի հաստատումներուն, հրեան՝ Աստուծոյ կողմէ որդեգրուած Ընտրեալ Ժողովուրդը եղած է: Այդ մէկը կասկածէ դուրս՝ բոլորին կողմէ ընդունուած իրողութիւն է:

Սակայն, Կազայի մէջ շուրջ երկու տարիներէ ի վեր տեղացի արաբ բնակչութեան վրայ անոր կողմէ կատարուող անմարդկային խժդժութիւնները, ըստ ընկերաբաններու եւ նոյնիսկ անոր դաշնակիցներու գնահատանքին, ցեղասպանութեան տարազ ստացած է, Եբրայական պետութեան վարչապետ Նեթանիահուի կողմէ գործադրուող ամէնօրեայ նախճիրը:

Advertisement Subscribe Today

Տեղին կը գտնենք աւելցնելու, թէ պետականօրէն յառաջ տարուող ծրագրեալ ցեղասպանութիւնը տեղացի արաբ բնակչութեան այլեւս ոչինչ կը թողու «ընտրեալի» անոր կոչումէն եւ հանդերձանքէն ու պարզապէս կը ծառայէ Սուրբ Գիրքի հրեայ ցեղին շնորհած այդ կոչումը կասկածի տակ դնելու:

Կազայի ամբողջ բնակչութիւնը սովի մատնելու կողքին, բեռնատար կառքերու մուտքը սահմանագիծէն բացարձակապէս արգիլելով՝ Նեթանիահու յառաջ կը տանի ցեղասպանական իր դժխեմ ծրագիրը, արաբ զոհերուն թիւը հասցնելով վաթսուն հազարի, որոնք, ըստ միջազգային դիտորդներու, մեծ մասամբ անչափահաս մանուկներ եւ կիներ են:

Մէկ կողմէ իսրայէլեան բանակի գործադրած խժդժութիւնները, միւս կողմէ՝ անտէր, խեղճ ժողովուրդին դէմ ճիւաղային յետին նպատակներով պարտադրուած սովը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Կազան փլատակի վերածելը՝ կը կատարեն անխիղճ դահիճի գործը, որ կը հետապնդէ ծովեզերեայ գեղեցիկ այդ հողակտորը իր առաւել քան երկու միլիոն հաշուող արաբ բնակչութենէն դատարկելով՝ Իսրայէլին կցել, բան մը՝ որ Թրամփին հրեածին փեսային անթաքոյց երազն է, զոր տարի մը առաջ բարձրաձայնած էր իր աներհօր ներկայութեան։

Ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ գործադրուած նախճիրը եւ ամբողջ Կազան դատարկելու միտումը Արեւմուտքին կողմէ կը դիտուի կատարեալ անտարբերութեամբ, առանց խղճահարութեան, առանց ձայն ծպտուն հանելու, երբեմն նաեւ լուռ մեղսակցութեամբ: Չենք ուզեր հարցին խորը թափանցել՝ այդ պետութիւններուն անունները տալով:

Արդեօք ատրպէյճանցի ուժերուն կողմէ Ղարաբաղի շրջափակումը չի՞ յիշեցներ այդ մէկը, երբ շուրջ 150 հազար բնիկ տեղացի հայերուն առջեւ փակուեցաւ Հայաստանի սահմանը՝ զանոնք սովի մատնելու յետին նպատակէն առաջնորդուելով: Եւ այդ մէկը կատարուեցաւ Արեւմտեան տէրութիւններու անտարբեր աչքերուն առաջ:

Մարդուս սիրտը բզիկ բզիկ կ՛ըլլայ՝ ի տես սովահար պաղեստինցի անչափահաս հարիւրաւոր մանուկներու, որոնք պարապ ամաններ շալկած՝ իրար կը հրմշտկեն ափ մը ապուր ստանալով՝ իրենց ընտանիքին անդամները սովէ փրկելու համար: Արդարեւ, դիտաւորեալ սով մը կը ծրագրուի եւ կը գործադրուի Սուրբ Գիրքին յիշատակած Ընտրեալ Ժողովուդի քաղաքական ներկայ ղեկավարութեան կողմէ։

Եկէք այս ալ յայտնենք. մեք ալ մեր կարգին փոքր տարիքին, ճաշակած ըլլալով ծննդավայրի կորուստը, երբ Ֆրանսական պետութեան դաւադիր որոշումով, Աղեքսանտրէթի Սանճաքը Թուրքին յանձնուեցաւ, մեր այլապէս բարեկեցիկ ընտանիքը եւս հազարաւոր գաղթական հայերու պէս վրանաբնակ անտունիներ դարձնելով։

Անդին, երբ հրեայ մանուկ մը պատահաբար զոհ երթայ արաբ կռուողի մը կողմէն արձակուած կոյր գնդակի մը՝ ամբողջ Եւրոպան եւ Ամերիկան հոփ կ՛ելլէ եւ հոփ կը նստի ու պարսաւանքի արշաւի կը սկսի Կազայի արաբներուն դէմ։ Առանց մոռնալու անոնց լրատուամիջոցներուն փրցուցած վլվլուկը եւ հաւարը, 21րդ դարուն անվայել «երկու չափ, երկու կշիռ»ի ամօթալի երեւոյթ մը պարզելով ամբողջ մարդկութեան անտարբեր աչքերուն առջեւ:

Արդարութեան սիրոյն պէտք է շեշտենք, թէ մեծ թիւով արդարամիտ, կան նաեւ ազնուական հրեաներ, որոնց խօսքը լսող չկայ:

Իսկ հրեային շուքէն սարսափող Արեւմտեան տէրութիւնները, արդեօք ի՞նչ միջոցներու դիմելով՝ պիտի պատասխանեն տարաբախտ պաղեստինցի արաբին դէմ տարուող ցեղասպանութեան անյետաձգելի մարտահրաւէրին, ինքնին հարցական կը մնայ։

«Ախ զորն ասեմ, զորն խոստովանեմ» վերեւէն ընտրեալ ժողովուրդին:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button