Արթուր Խաչատրեանի «Արցախեան Բանակցութիւնները» Երկհատորեակի Շնորհահանդէս
ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 25-ին կայացաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ. անդամ Արթուր Խաչատրեանի հեղինակած «Արցախեան բանակցութիւնները» երկհատորեակին շնորհահանդէսը:
Շնորհահանդէսին ընթացքին Արթուր Խաչատրեան ըսաւ, որ հիմնականօրէն ներկայացուցած է փաստացի տուեալներ, որոնք արդէն խօսուն են, եւ որոնք կը վերաբերին արցախեան տագնապին: Խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ այս աշխատութիւնը կարեւոր է յատկապէս այն առումով, որ հանրութեան կը ներկայացնէ չըսուած իրականութիւններ:
Երկհատորեակին մէջ վերլուծութեան ենթարկուած են Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ ընթացած քաղաքական բանակցութիւնները` անոնց պատմութիւնը, ընդունուած որոշումները, ինչպէս նաեւ` ներկայացուած կարգաւորման տարբեր առաջարկները: Աշխատութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ համեմատական ակնարկներ այլ միջազգային հակամարտութիւններու կարգաւորման փորձերէն, ինչպէս նաեւ` դէպքեր ու իրադարձութիւններ, որոնք թէեւ անմիջականօրէն բանակցային գործընթացին մաս չեն կազմած, սակայն էական ազդեցութիւն ունեցած են անոր ընթացքին վրայ:
Աշխատութեան առաջին հատորին մէջ ներկայացուած են` արցախեան շարժման ձեւաւորման ու Արցախի Հանրապետութեան կայացման հանգրուանը, արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման նախնական տարբերակները, Ե.Ա.Հ.Կ.-ի` իբրեւ բանակցային հիմնական հարթակի ձեւաւորումը, ՄԱԿ ԱԽ բանաձեւերը եւ հակամարտութեան կարգաւորման Քի Ուեսթի մէջ քննարկուած տարբերակը:
Երկրորդ հատորը կ՛ընդգրկէ 2002-2020 թուականներուն բանակցային գործընթացը: Մանրամասն անդրադարձ կատարուած է` Հիմնարար (Մատրիտեան) սկզբունքներուն, նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներուն, Քազանի փաստաթուղթի, «Լաւրովի փլան»-ի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ` բանակցութիւններու տապալման: Գիրքը նախատեսուած է դիւանագէտներու, միջազգայնագէտներու, քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու, ինչպէս նաեւ Արցախի բանակցային գործընթացով հետաքրքրուած բոլոր անձերուն համար:

