ԳլխաւորԼրահոս

«Համազգային»-ի Ուսանողական Հաւաքի 30-ամեակի հանդիսաւոր նշում` Սէրուժ Պաղտասարեանի եւ Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիք նուագախումբի Մասնակցութեամբ

 

Նկարները՝ Garry Fujifilm

«Համազգային»-ը արդէն 97 երկար տարիներու մեծ աւանդ ունի սփիւռքի օտար ափերուն հայ սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Այդ կարեւոր նպատակին կը ծառայեն սփիւռքի տարածքին գործող «Համազգային»ի կրթական եւ մշակութային զանազան կառոյցները։

Հայապահպանութեան ու հայրենաճանաչողութեան միտող իւրայատուկ նախաձեռնութիւններէն է տարեկան դրութեամբ կայացող «Համազգային»-ի ուսանողական հաւաքը, որ արդէն 30 տարիէ ի վեր իր շուրջ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր ծագերուն ապրող հայ ուսանողները՝ հիմնականօրէն Հայաստանի մէջ։  «Համազգային»-ի հաւաքը իւրօրինակ  կամուրջ է հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ` միաւորելով պատմութիւնն ու ազգային արժէքները, համահայկական երազանքներն ու ինքնութեան պահպանումը:

Ուսանողական հաւաքի 30-ամեակը հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ 22 Յուլիսին Երեւանի Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, ուր մէկտեղուած էին աշխարհի տարբեր կողմերէն համազգայնականներ, նախկին ու ներկայ մասնակցողներ` լիբանանահայ երիտասարդ ու տաղանդաւոր երաժիշտ եւ նախապէս հաւաքին մասնակցած Սէրուժ Պաղտասարեանի կողմէ մշակուած եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած ստեղծագործութիւնները ըմբոշխնելու։

Բեմէն հնչեցին եւ ներկաներուն մօտ մեծ տպաւորութիւն ձգեցին ազգային ու հայրենասիրական սիրուած երգեր ու աւանդական երաժշտութիւններ, որոնք Սէրուժ Պաղտասարեանի տաղանդին ու վարպետութեան շնորհիւ արդի մօտեցումներով մշակուած են՝ ստանալով նոր հնչեղութիւն ու կեանք:

«Համազգային»-ի անունով խօսք առաւ Արին Պուլուզեան-Գալուստեան, որ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ երեկոյթին նպատակը ոչ միայն երաժշտական բացառիկ երեկոյ մը վայելելն է, այլ նաեւ նշել ու արժեւորել «Համազգային»-ի ամէնէն վառ եւ հոգեղէն նախաձեռնութիւնը՝ ուսանողական հաւաքը, որուն 30-ամեակը կը նշուի։

Advertisement Subscribe Today

Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ 97-ամեայ «Համազգային»-ի առաքելութեան՝ շեշտը դնելով ֆորումին վրայ, որ՝ «երեք տասնամեակ շարունակ դարձած է խաչմերուկ մը, ուր կը միանան սփիւռքն ու Հայաստանը, հինն ու նորը, փորձառութիւնն ու երազանքը։ Հաւաք մը, որ սնունդ կու տայ հայ երիտասարդին՝ սորվելու, կապուելու եւ իր ազգային ինքնութիւնը խորացնելու հայրենի հողին վրայ»։

Արին Պուլուզեան-Գալուստեան անդրադարձաւ սերտ ու ուրախալի գործակցութեան՝ «Համազգային»-ի եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին միջեւ, որ հայ երաժշտութեան շքեղութեան եւ վարպետութեան փայլուն օրինակ մը կը հանդիսանայ։ Ան ըսաւ, որ այդ երեկոյ պիտի հնչեն երիտասարդ երաժիշտ՝ Սէրուժ Պաղտասարեանի արդիական ոճով, բայց մշակոյթի խոր արմատներուն վրայ խարսխուած ստեղծագործութիւնները։

Ան յիշեց, որ համերգը նուիրուած է մեզմէ առյաւէտ հեռացած «ֆորում»-ականներ` Արտակ Իշխանեանի (նահատակուած Արցախի 44-օրեայ պատերազմին) եւ Էտուին Իսաղուլեանի (մահացած Միացեալ Նահանգներ) անթառամ յիշատակին: «Անոնք մարմնացումն էին այն տեսակի հայ երիտասարդին, զոր կը փափաքինք տեսնել՝ նուիրեալ, ազգասէր, անձնուէր եւ ուսեալ։ Արտակը իր կեանքը նուիրեց մեր հողի ազատագրութեան համար, նուիրեց իր ամէնէն թանկագինը, որպէսզի մենք ապրինք։ Իրենց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ», ըսաւ ան, եւ իր խօսքը եզրափակելով յայտնեց. «Այս գիշեր երաժշտութեան միջոցով պիտի հաստատենք, որ հայ մշակոյթը միայն թանգարանային արժէք չէ, այլ՝ ապրող իրականութիւն։ Այստեղ՝ այս բեմին վրայ, կը հանդիպին սերունդները, եւ կը շարունակուի մեր մշակոյթի յարատեւութեան ուղին»։

Բեմավարութիւնը կատարեց Սեւակ Յակոբեան։

Մօտ երկու ժամ տեւած համերգային ծրագիրին ճամբով սրահին երկու յարկերը լեցուցած հանդիսատեսները ապրեցան ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին  իւրաքանչիւրը կարողացաւ գտնել բաժին մը իր հայրենիքէն, անդրադարձ մը հայու ազգային ոգիէն, զգաց հողին ուժն ու ազգային արմատը ամուր պահելու կարեւորութիւնը, ապրեցաւ հին, բայց նոր շունչ ստացած երաժշտութեամբ։ Արուեստասէրները ինքնաբուխ կերպով սրահին մէջ պար բռնեցին տպաւորիչ երաժշտութեան կշռոյթով՝ անմոռանալի պահեր դրոշմելով իրենց էութեան խորն ու յիշատակներուն մէջ։

Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցան նաեւ Երեւանի պետական քամերային նուագախումբը եւ «Կամերտոն» վոքալ խումբը:

Նշենք, որ այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը շարունակէ ընթանալ «Համազգային»-ի ուսանողական հաւաքը, որ իր շուրջ կը համախմբէ երեք տասնեակէ աւելի երիտասարդներ` սփիւռքի տասը երկիրներէ, Հայաստանէն ու Արցախէն։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ․- https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2025/07/FORUM2025.pdf

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button