Լրահոս
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 24 Յունիսին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, այցելութիւն մը տուաւ հիւրաբար Նիւ Եորք գտնուող Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք՝ Նորին Ամենապատուութիւն Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանին։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ էջմիածնական Թեմի Առաջնորդարանին մէջ, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանի ներկայութեան։ Հանդիպումին ընթացքին քննուեցան Հայ Եկեղեցին յուզող ընդհանրական հարցեր։

