Լրահոս

Ռուսահայ Գործարար Սամուէլ Կարապետեան Բանտարկուեցաւ

 

ԵՐԵՒԱՆ․- 18 Յունիսին, Հ․Հ․ դատարանը որոշեց գործարար Սամուէլ Կարապետեանը դատապարտել երկու ամսուան բանտարկութեան։ Կարապետեան ձերբակալուած էր 17 Յունիսի երեկոյեան՝ այլ անձերու հետ։ Մեծ թիւով աջակիցներ հաւաքուած էին դատարանին մօտ: Հոն էին նաեւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ, պատգամաւորներ եւ մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր:

Կարապետեան չ՛ընդունիր իրեն դէմ եղած մեղադրանքը, անհեթեթ նկատելով` իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչ ուղղելը։

Կարապետեան յայտնեց, որ այս քայլը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ գործող իշխանութեան ողջ սնանկութիւնը։ «Անկեղծ ատելութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցու նկատմամբ, քամահրական վերաբերմունքը ազգային արժէքների հանդէպ, առողջ քննադատութեան անընդունելիութիւնը, որեւէ այլախոհութիւն կոպտօրէն ճնշելու հիւանդագին ցանկութիւնը, ցաւօք, այս իշխանութեան «որակների» ոչ-ամբողջական ցուցակն է։ Երբեք չեմ հրաժարուի իմ սկզբունքներից ու արժէքներից, որովհետեւ դրանց հիմքում` ինքը Հայաստանն է, անհուն յարգանքն ու սէրը իմ հայրենիքի, մեր աւանդոյթների, մեր պատմութեան, մեր եկեղեցու հանդէպ», յայտարարեց Կարապետեան:

Էջմիածինն ալ իր կարգին պատահարը դատապարտելի համարեց, աղորդագրութիւն մը հրատարակելով․- «Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ իրականացուող հետապնդումը վարչապետի հակաեկեղեցական գործողութիւնների հերթական դրսեւորումն է` նպատակ ունենալով վախի ու սպառնալիքի կիրառմամբ Հայոց եկեղեցուն զրկելու հաւատաւոր իր հօտի աջակցութիւնից: Խստօրէն դատապարտելով ամօթալի այս վարքագիծը` գնահատում ենք այն որպէս հարուած ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարկին ու հեղինակութեանը, այնպէս եւ Հայոց եկեղեցուն: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնն ենք յայտնում տիար Սամուէլ Կարապետեանին եւ Կարապետեան ընտանիքին` հայցելով տիրոջ օգնականութիւնն ու պահպանութիւնը նրանց»։

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը այս առիթով հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց հետեւեալը. «Հայ ազգի մեծ բարերար Սամուէլ Կարապետեանն այսօր, ի պատասխան վարչախմբի անբարոյ ոտնձգութիւնների, հանդէս եկաւ Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցու պաշտպանութեամբ: Անմիջապէս յաջորդեցին Նիկոլ Փաշինեանի հաշուեյարդարի սանձարձակ կոչերը գործարարի նկատմամբ եւ ուժային կառոյցներին ապօրինի հրահանգներ իջեցնելը»։

Advertisement Subscribe Today

Կարապետեանի ձերբակալութեան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, որ յիշեցուց, թէ ինչպէ՛ս Նիկոլ Փաշինեան 2018-ին Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էր՝ անձնատուր ըլլալ ցուցարարներուն՝ ըսելով, որ պէտք է «ճանչնալ յեղափոխութեան յաղթանակը»։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button